Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երրորդը` «Միզամանի քաղցկեղ» խորագիրով դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ դասախօսական այս շարքը նախաձեռնած են Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը: Ապա Գէորգ Փոնթիկեան անդրադարձաւ դասախօսական շարքի նպատակին, որ խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրել է:
Այնուհետեւ հրաւիրեց քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն ներկայացնելու «Միզամանի քաղցկեղ» նիւթը: Ան նշեց, որ «Եու.Էս.Ժի.» համալսարանին մէջ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, մարդիկ չեն գիտեր տարբերութիւնը փրոսթաթին եւ միզամանի քաղցկեղին: Ան յայտնեց, որ միզամանի քաղցկեղը փրոսթաթ չէ: Անիկա կիներու եւ տղամարդոց քով կրնայ պատահիլ: Քննութիւններ կան, որոնք պէտք է կատարուին` քաղցկեղը յայտնաբերելու եւ ախտաճանաչումը կատարելու համար: Միզամանի քաղցկեղը հազուագիւտ տեսակ մըն է եւ կարելի չէ բոլոր լիբանանցիները եուրոսքան կամ նատուր ընել` նկատի ունենալով քննութեան սուղ ըլլալը: Ներկայիս մէզին մէջ քննութիւն մը կը կատարուի` գիտնալու համար, թէ մէզին մէջ քաղցկեղի բջիջներ կա՞ն, թէ՞ չկան, որ շատ վաւերական չէ: Կան որոշ ախտանշաններ, ինչպէս` մէզին մէջ արիւն երեւելու, մէզին գոյնը մութ ըլլալու, շատ բաղնիք մտնելու, տարին քանի մը անգամ մէզի բորբոքումի եւ միզամանի ցաւերու պարագաներուն պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի եւ կատարել քննութիւններ:
Ապա տոքթ. Համբիկ Քուրիէ խօսեցաւ երիկամունքներու դերին մասին եւ ըսաւ, թէ անոնք կը մաքրեն մեր արիւնը, ապա մնացեալ բաժինը կ՛ուղղուի միզաման: Հոն յայտնաբերուած պզտիկ ուռը արիւնահոսութիւն կը պատճառէ: Եթէ հիւանդութիւնը իր նախնական աստիճանին մէջ յայտնաբերուի, կը բուժուի: Սակայն եթէ այս հիւանդութիւնը միզամանի մկանին մէջ հասնի, այն ատեն մասնագէտ բժիշկը կը դիմէ ճառագայթով բուժումի (chemiotherapy), կը ստիպուի նաեւ միզամանը հանել եւ երբեմն դէպի դուրս կամ ներս միզելու տոպրակ դնել: Պէտք չէ հիւանդութիւնը զարգացած աստիճանի հասցնել` չդժուարացնելու համար բուժումը: Դասախօսը նշեց նաեւ, որ Պելճիքայէն ետք Լիբանան աշխարհի երկրորդ երկիրը կը դասուի միզամանի քաղցկեղի քանակով: Աշխարհի վրայ կէս միլիոն մարդիկ միզամանի քաղցկեղէ կը տառապին: Երբ մաքրուի այս քաղցկեղը, կրկին պիտի յայտնուի: Պէտք է միշտ քննութիւններ կատարել: Տարիքը շատ մեծ դեր ունի:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ թուեց այն պատճառները, որոնք այս հիւանդութիւնը կը յառաջացնեն, ինչպէս` ծխախոտը, բորբոքումները, ջուրի ապականումը (արսենիքի բարձր քանակը ջուրին մէջ), ժառանգական տուեալները, ճառագայթով կարգ մը բուժումներ, եթէ անհատը ներկարար է եւ ներկին հետ ուղղակի առնչութիւն ունի: Ամէն քաղցկեղ իր բուժման ձեւը ունի: Քննութիւններու ընթացքին պայոփսի եւ յետոյ սքեն պէտք է ըլլայ անհատը` ճշդորոշելու համար, թէ հիւանդութիւնը տարածուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եթէ կանուխ գիտցուի հիւանդութիւնը, մասնագէտ բժիշկը կը մաքրէ մէջէն նատուրով, իսկ եթէ հիւանդութիւնը յառաջացած վիճակի մէջ է, վեց անգամ ճառագայթով բուժում պէտք է ըլլայ: Իմիունոթերափին դարձեալ մեծ դեր ունի այս հիւանդութիւնը բուժելու մէջ եւ յոյս կու տայ հիւանդին երկար տարիներ ապրելու:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին, որ սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: