Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը` «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսութիւնը ներկայացուցին քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ եւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» դասախօսական այս նիւթով դասախօսները պիտի ներկայացնեն սպառիչ գիտելիքներ` կանխարգիլելու համար քաղցկեղի հիւանդութիւնը:
Ապա հրաւիրեց առաջին դասախօսը` քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն, ներկայացնելու «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը: Ան նշեց, որ նախորդ դասախօսութիւններուն ընթացքին ինք ներկայացուց քաղցկեղին պատճառները եւ կանխարգիլման միջոցները: Ան ըսաւ, որ քաղցկեղի հիւանդներ շատ հարցումներ կ՛ուղղեն, թէ ի՞նչ է այս հիւանդութեան առնչութիւնը սննդականոնին հետ: Ի՞նչ բաներ պէտք է ուտել եւ ի՞նչ բաներ պէտք չէ ուտել: Ան ընդգծեց, որ վստահաբար լաւ սննդականոնով կարելի պիտի ըլլայ առաջքը առնել քաղցկեղին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեան: Ան յայտնեց, որ սննդականոնը 30-35 առ հարիւր ազդեցութիւն ունի քաղցկեղի հիւանդութեան կանխարգիլման վրայ, եւ առողջ սննդականոնը կրնայ օգտակար դառնալ նոյնիսկ բուժումի ժամանակ: Առողջ անձ մը քաղցկեղի բջիջներ ունի իր մարմնին մէջ: Իր ստացած սնունդը, ապրելակերպը, շարժումը պատճառ կ՛ըլլան, որ այս բջիջները մեծնան, շատնան եւ ուռի վերածուին:
Ան թուեց քաղցկեղի պատճառները, ինչպէս` ծխելը (ծխախոտը, կլկլակը), օդի ապականումը, ոգելից ըմպելիները, մարմնի յաւելեալ կշիռքը եւ իւղը, նստակեաց կեանքը, աղքատ սննդականոնը, քիչ համեմատութեամբ ժառանգականութիւնը, կերպընկալի գործածութիւնը, ճառագայթային գործօնը: Նարէ Պուրսալեան նշեց, որ ընդհանրապէս տղամարդոց մօտ միզամանի եւ շագանակագեղձի քաղցկեղը տարածուած է: Այս անհատը կաթնեղէնէն հեռու պէտք է մնայ, որովհետեւ անոնց մէջ գտնուող իւղը լաւ տեսակ չէ: Այս հիւանդները կրնան մեծ քանակութեամբ սոխ եւ սխտոր գործածել, որոնք անթիպայոթիք են եւ կրնան նուազեցնել շագանակագեղձի քաղցկեղը: Կիներու պարագային տարածուած են կուրծքի եւ արգանդի քաղցկեղները: Ասոր գլխաւոր պատճառը կարմիր միսին մէջ գտնուած իւղն է: Պէտք է կարմիր միս, հաւ եւ ձուկ ուտել: Աղիքներու քաղցկեղին պարագային պատճառը պնդութիւնն է, երբ պէտք եղած չափով բանջարեղէն չենք ուտեր եւ ջուր չենք խմեր: Ստամոքսի քաղցկեղին պատճառը շատ կծու եւ աղի կերակուրներն են, ինչպէս նաեւ պահածոյ տուփեղէններն ու տապկոցները: Լեարդի քաղցկեղին պատճառը այն է, երբ անհատը իր հասակին համեմատ շատ աւելի կշիռք ունի եւ երբ պէտք եղած չափով ինսիւլինը իր պարտականութիւնը չի կատարեր:
Ապա ան խօսեցաւ քաղցկեղի յառաջացման փուլերուն մասին եւ ըսաւ, որ քաղցկեղի բջիջները կը դանդաղին եւ արագօրէն չեն աճիր, երբ հիւանդը լաւ սննդականոնի կը հետեւի: Սակայն տարածուելու պարագային սննդականոնը ոչ մէկ ձեւով օգտակար կը դառնայ: Նոյնիսկ լաւ ուտելիքները քաղցկեղի բջիջները իրենք կը սկսին ուտել:
Նարէ Պուրսալեան ըսաւ, թէ տայեթ օշարակները եւ զովացուցիչները թելադրելի չեն, որովհետեւ, ըստ կարգ մը ուսումնասիրութեանց, անոնց մէջ գտնուող շաքարը քաղցկեղ կը պատճառէ:
Քաղցկեղի հիւանդութիւն չպատճառելու եւ բջիջները չաճելու համար պէտք է անթիօգսիտընծ ուտելիքներ ուտել, վիթամին տի եւ հատիկեղէններ սպառել:
Մենք պէտք է աշխուժ կեանք մը ապրինք, մեր կշիռքը մեր հասակին համեմատ պէտք է ըլլայ, ամէն խումբերէ ուտելիքներ եւ լաւ տեսակ իւղերով պատրաստուած ճաշեր պէտք է ուտել, մէկ գաւաթ կարմիր գինի խմել, աղ չաւելցնել ճաշերուն մէջ: Ան ներկայացուց փաուըր փոյնթով իւրաքանչիւր անհատի իտէալ ճաշի պնակը:
Հիւանդութեան յայտնաբերման պարագային ըստ տարիքի եւ կշիռքի կը ճշդուի սննդականոնը:
Ժխտական անդրադարձներու մասին ան յայտնեց, որ ենթակային մազերը կը թափին, ան սիրտ խառնուք, փսխուք, ախորժակի կորուստ, փորի պնդութիւն կ՛ունենայ: Ան նշեց նաեւ այն ուտելիքները, որոնք պէտք է ուտէ եւ խմէ հիւանդը այս փուլին:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին եւ սննդագէտ Նարէ Պուրսալեանին, որոնք սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուին այս նիւթին շուրջ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: