Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, որուն առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:
Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ հաւաքուած ենք անդրադառնալու մեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդութեան մը, որ բոլորին սարսափ կը պատճառէ` աւելցնելով, որ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ իր բժշկական խրատներով պիտի լուսաբանէ եւ ցուցմունքներ տայ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք կանխարգիլել քաղցկեղը, որովհետեւ մեր ընտանիքներուն մէջ ուրախութիւնը մեր առողջութենէն կախեալ է: Քրիստին Սարգիսեան փափաք յայտնեց, որ դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած գիտելիքները ներկաները իրենց կարգին փոխանցեն իրենց ընտանիքին եւ շրջապատին:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր դասախօսութեան սկզբնաւորութեան բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քաղցկեղ` խօսելով այն երեւոյթներուն մասին, որոնք պատճառ կը հանդիսանան քաղցկեղի ծնունդին, ինչպէս` ծխախոտի եւ ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը, ոչ սննդարար ճաշեր ուտելը, կենսոլորտի ապականումը, անբնական գիրութիւնը, ժառանգականութիւնը, նաեւ տարիքի աճը:
Անդրադառնալով աղիքներու քաղցկեղին` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ նկատել տուաւ, որ մարտ ամիսը աղիքներու քաղցկեղի ամիս է, եւ ժողովուրդը կարեւորութիւն չի տար այս տեսակի քաղցկեղին` շեշտելով, որ մեծ է թիւը հիւանդներուն, որոնք կը տառապին աղիքներու քաղցկեղէ, որ բաւական տարածուած է: Ան թուեց պատճառները աղիքներու քաղցկեղին, ինչպէս` տարիքը, մարզանքի պակասը, ծխախոտը, ոգելից ըմպելիները, պտուղ եւ բանջարեղէն չուտելը, ժառանգականութիւնը: Ան խօսեցաւ այս տեսակի քաղցկեղի կանխարգիլման միջոցներուն մասին եւ շեշտեց, որ այս տեսակի քաղցկեղին վերաբերեալ գոյութիւն ունին երկու տեսակի քննութիւններ, որոնց պէտք է ենթարկուինք, որպէսզի կանխենք քաղցկեղը: Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ յորդորեց ներկաները, որ 50 տարեկանէն վեր անպայման քննութիւնները կատարեն, որպէսզի կանխեն աղիքներու քաղցկեղը եւ պայքարին անոր դէմ:
Դասախօսը լուսաբանութիւններ տուաւ ներկաներու հարցումներուն:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նկատել տուաւ, թէ նման ձեռնարկներու կազմակերպումով կ՛անդրադառնանք, որ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք իրարու նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ թերեւս ոմանք հարց կու տան, թէ ի՞նչ է կապը սրբազան հօր ու քաղցկեղին միջեւ եւ ինչո՞ւ հովանաւորել սոյն նախաձեռնութիւնը` բացատրելով, որ Լիբանանի հայոց թեմի կանոնագրութեան 20-րդ յօդուածին 13-րդ կէտին մէջ նշուած է, որ առաջնորդը մղում կու տայ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական կեանքին` աւելցնելով, որ այս սկզբունքէն մեկնած նախաձեռնած են դասախօսական այս շարքին:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ յարմար տեսած են գործակցիլ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հետ, որպէսզի ժողովուրդին զաւակները անդրադառնան, որ Ազգային առաջնորդարանը մեկուսացած հաստատութիւն մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ, մեր կեանքին մէջ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը ունի: Սրբազան Հայրը ակնարկելով սոյն դասախօսական շարքին շեշտեց, որ անոր ընդմէջէն գիտութիւն չէ, որ կը տրուի, այլ` կը շեշտուի հիւանդութեան կանխարգիլումը: «Մեր յաջողութեան բանալին մեր մասնակցութիւնն է: Ամէն մարդ իր ունեցածը կու տայ իրարու եւ իր ազգին: Ինչ որ կրնանք տալ, աւելի հարստացած եւ առատացած կը վերադառնայ մեզի», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: