Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. ՅարութԵան տօնին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցԵց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ երբ նայինք մարդկային կեանքին, պիտի անդրադառնանք, թէ մեր կեանքը հեզասահ չէ, այլ` հոն առկայ ամէն տեսակի դժուարութիւններ կրնան մեզ տկարացնել, յուսահատեցնել, եւ կրնանք խորհիլ, որ այս բոլորէն ելք չունինք: Սակայն Քրիստոսով, երբ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Քրիստոսի մարդեղութեան եւ մահուան վրայ, այն ատեն իրապէս պիտի գիտակցինք, թէ Աստուած մեզի հետ է, եւ մեր կեանքը Աստուծոյ ընծայուած ընդունելի պատարագ մըն է: «Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մահը այսօր իրարու ագուցուեցան, որովհետեւ Քրիստոս իր ծնունդով եւ յարութեամբ եկաւ մեզ ներշնչելու այն վստահութիւնը, թէ մենք մահուան դատապարտուած չենք, այլ` յարութեան զաւակներն ենք», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոս եկաւ մեզի ըսելու, թէ մեր ապրած կեանքը ցուցանիշ է այն յաւիտենական կեանքին, որուն արժանի պիտի դառնանք եւ կամ յաւիտենական այն տանջանքին, որուն պիտի դատապարտուինք: Առաջնորդը հաստատեց, թէ Քրիստոսի յարութիւնը եկեղեցւոյ յաղթանակ է, որովհետեւ Քրիստոսի յարութենէն ետք առաքեալներուն հոգեւոր աչքերը բացուեցան, միտքերը պայծառացան, յիշատակները վերարթնցան, եւ այն ատեն հասկցան Քրիստոսի այն կանխասացութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ ինք Երուսաղէմ պիտի երթար, պիտի մատնուէր, խաչուէր, թաղուէր եւ յարութիւն առնէր: Այնպէս, ինչպէս առաքեալները ապրեցան այդ հոգեդարձը, նաեւ եկեղեցին, այսինքն` մենք հաւատացեալներս, այսօր հրաւիրուած ենք այդ հոգեդարձը ապրելու` լեցուելով հաւատքով, յոյսով, վստահութեամբ եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ, յայտնեց ան: «Աստուծոյ հետ հաշտուիլ ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ յաղթել մեղքին, մաքուր ըլլալ եւ այդ ձեւով ներկայանալ Աստուծոյ: Քրիստոսի յարութիւնը կու գայ անգամ մը եւս մեզի յիշեցնելու, թէ Քրիստոս որպէս հաշտութեան փրկիչ մեզ մեղքէն կ՛ազատագրէ եւ կը տանի անմեղութեան, մեզ մահէն կ՛ազատագրէ եւ կը տանի անմահութեան եւ այդ ճշմարտութիւնը մենք մեր կեանքին մէջ կ՛ապրինք» հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ ըսաւ, որ Քրիստոսի յարութիւնը այս տարի կու գայ մեզի փոխանցելու հետեւեալ պատգամը. Հաշտուիլ Աստուծոյ հետ մեղքերը թօթափելով, նոր մարդ դառնալ վերանորոգուած եւ վերամաքրուած: Այս մաքրութիւնը, անբծութիւնը եւ անարատութիւնը միայն Աստուած է, որ կրնայ փոխանցել մեզի, երբ մենք գիտակցութեամբ եւ ապաշխարհութեամբ կ՛երթանք Աստուծոյ, կը խոստովանինք մեր տկարութիւններն ու մեղքերը եւ արժանի կը դառնանք աստուածահաճոյ հաշտութեան:
«Քրիստոսի յարութիւնը այս աւետիսով մեզ կը կապէ իրարու եւ մեզ պարզ անհատներէ վեր կը բարձրացնէ յիշեցնելու համար մեզի, որ մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն, իսկ Աստուծոյ պատկերը ցոլացնել կը նշանակէ մեր նմաններու մէջ տեսնել Աստուծոյ շունչը, ներկայութիւնը, հաշտութիւնը: Եւ այն ատեն, երբ մենք իրարու կ՛աւետենք Քրիստոսի յարութիւնը, մեր ամբողջ կեանքը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի լեցուի եւ յարուցեալ Քրիստոս պիտի դառնայ մեր կեանքին մէջ հաշտութեան ու սիրոյ անզուգական ներկայութիւնը եւ դեսպանը», ըսաւ Սրբազան Հայրը: Եզրափակելով իր պատգամը` ան աղօթեց, որ այս գիտակցութեամբ նորոգենք մեր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, նորոգենք մեր կապը իրարու հանդէպ, որպէսզի իբրեւ յաղթական հայ եկեղեցի եւ հայ հաւատացեալներու ընտրեալ խումբ` Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց օգտակար, մենք շարունակենք մեր ընթացքը յարութեան տեսիլքով, յաղթութեան դրօշակով եւ վստահաբար, որ անհատաբար թէ հաւաքաբար Աստուած իր յարութեան աւետիսով եւ օրհնութեամբ պիտի օրհնէ մեր կեանքերը, որպէսզի մենք միշտ կարենանք Աստուծոյ եւ իրարու հետ ըլլալ եւ փառաւորել Ս. երրորդութիւնը:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ս. պատարագէն ետք մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, իսկ Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: