Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«ՕԳՆԱԿԱՆ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ» ԾՐԱԳԻՐ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Սէն Ժոզէֆ» Համալսարանի Մասնագէտներու Վերապատրաստութեան կեդրոնին, գործակցութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութիւն Բաժանմունքին, նոյեմբեր 2021-ին ընթացք առաւ օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան յատուկ ծրագիր մը:
Առաջնորդարանի եւ այլ կառոյցներու կողմէ մասնակից տիկինները վեց շաբաթներու ընթացքին (երեքշաբթի օրերը), Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք ներկայացան, հետեւելու համար ծրագրի ուսուցման դասընթացքներուն: Զուգահեռաբար, հինգշաբթի օրերուն, անոնք մեկնեցան «Սէն Ժոզէֆ» համալսարան, ուր այլ աշխատանքներով, փորձառութիւններ քաղեցին:
Պ. Համուտէն դէպի համալսարան մեկնելու դասաւորումները եւ փոխադրամիջոցի ծախսերը հոգաց Ազգ. Առաջնորդարանը:
Յառաջիկայ օրերուն, մասնակից տիկինները պիտի լծուին գործադաշտ՝ Hotel Dieu հիւանդանոցէն ներս եւ Պ. Համուտի տարբեր տարրալուծարաններու եւ բժշկական կեդրոններու մէջ:
Վարձքը կատար այս նախաձեռնութեամբ զբաղող բոլոր անհատներուն եւ անձնակազմերուն: