Ազգ. Առաջնորդարանիս Ընկերային Ծառայութիւն Բաժանմունքը կու գայ կարեւորութեամբ տեղեկացնելու, որ Բաժանմունքիս գործակցութեամբ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը կը նախաձեռնէ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Մասնագէտներու Վերապատրաստութեան Կեդրոնին հետ կազմակերպել օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան մասնաւոր դասընթացք մը, որուն նպատակն է առողջապահական ոլորտէ ներս պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք Լիբանանի ներկայ իրավիճակի պայմաններուն մէջ, կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ մեր կեանքէն ներս:
Դասընթացքները, որոնք պիտի տեւեն երեք ամիսներ, պիտի իրականանան Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս՝ Արաբերէն լեզուով: Ծրագրի առաջին մասը պիտի ընդգրկէ ուսուցում, իսկ երկրորդ մասը՝ աշխատանքային մարզէ ներս փորձառկումներ, որոնք պիտի իրականացուին Hotel Dieu De France-ի մէջ եւ Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս գտնուող բուժարանէ մը ներս:
Դասընթացքի աւարտին, ծրագրին մասնակցողները պիտի ստանան Սէն Ժոզէֆ համալսարանին կողմէ համապատասխան վկայական-հաստատագիր: Նաեւ, աշխատանքին առնչակից կառոյցները պիտի օգնեն, որ վկայեալները իրենց մասնագիտութեան համապատասխանող աշխատանք գտնեն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար, հաճեցէ՛ք դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք (նախկին Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարանի շէնքի 3-րդ յարկ) առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:30 եւ ընկերային ծառայողէն ստանալ անհրաժեշտ ցուցմունքներ:
Բաժանմունքին հետ նաեւ կարելի կապուիլ հեռաձայնի 01- 261-117 թիւով: