Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր դռները բացաւ ընդունելու համար իր աշակերտները, որոնք ամառուան արձակուրդէն ետք կը վերադառնային իրենց սիրելի վարժարանը:

Առաւօտ կանուխ վարժարանին շրջափակի ամիսներու լռութիւնը կը խախտէին փոքր աշակերտներուն ուրախ կանչերն ու խաղերը: Առաջին զանգը հնչեց, աշակերտները կարգապահ շարքեր կազմած` հաւաքուեցան լսելու տնօրէն խորհուրդին խօսքը, զոր արտասանեց Սրբուկ Ճէնանեան: Ան ողջունեց աշակերտները` յիշեցնելով, որ անոնք կը վերադառնան իրենց հարազատ տունը` ազգային վարժարանը, ուր, գիտութեան կողքին, կը ստանան ազգային դաստիարակութիւն, եւ ուր կը կերտուի իրենց նկարագիրը: Ճէնանեան շեշտը դնելով գիտութեան կարեւորութեան վրայ` մէջբերեց Եղիշէ պատմիչի գիտութեան եւ անոր անհրաժեշտութեան մասին խօսքերէն: Ճէնանեան մաղթեց, որ 2018-2019 տարեշրջանը բեղուն եւ արդիւնաւէտ ըլլայ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ անոր աշակերտներուն համար:

Իր խօսքի աւարտին Ճէնանեան բեմ հրաւիրեց Ա. դասարանի փոքրիկները, որոնք մանկապարտէզը աւարտած ըլլալով` կ՛անցնէին նախակրթարանի Ա. դասարան: Փոքրիկները դիմաւորուեցան իրենց դաստիարակին կողմէ` մնացեալ աշակերտներուն ծափողջոյններով:

Ապա իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան իրենց դասարանները:

Ընդհանուր Ժողով

Վերամուտէն քանի մը օր առաջ, 19 սեպտեմբերին քոլեճի տնօրէն խորհուրդը ընդհանուր ժողովի մը հրաւիրեց ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը` զանոնք տեղեակ պահել 2018-2019 կրթական տարեշրջանին համար նախատեսուած բարեփոխումներու ծրագիրներուն մասին: Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցան տեսակէտներու փոխանակումներ եւ շինիչ առաջարկներ:

Ս. Հաղորդութիւն

Ամէն տարուան աւանդութեան համաձայն, վարժարանի աշակերտները վերամուտի առիթով Ս. հաղորդութիւն ստացան «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի փոքրիկները եւ իրենց ծնողները հաղորդութիւն ստացան երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին: Հաղորդութիւն ստանալէ ետք աշակերտները նախաճաշեցին, ապա ուրախ ժամանակ անցուցին` մասնակցելով իրենց ուսուցիչներուն կազմակերպած հաճելի ու խանդավառ խաղերուն:

Վարժարանի մնացեալ բաժիններու աշակերտները հաղորդութիւն առին երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին, ձեռամբ Սարգիս քհն. Սարգիսեանի: Քահանայ հայրը բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` կոչ ուղղեց անոնց ըլլալու ջանասէր ու աշխատասէր: Ան մաղթեց նաեւ, որ իմաստութիւն ունենան, որովհետեւ իմաստութեամբ կրնան հարթել իրենց դժուարութիւնները: Քահանայ հայրը իր խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ նորանոր վերելք` վարժարանին: Ապա, աշակերտները կարգապահ շարքերով մօտեցան եւ ստացան հաղորդութիւնը, որմէ ետք անոնք հիւրասիրուեցան նախաճաշով:

2018-2019 կրթական տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած էր. աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները, պատրաստ` ընկալելու իրենց ջամբուելիք ամէն գիտելիք եւ գիտութիւն: