Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկու հանգրուաններով:
Ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ բեմ բարձրացան մանկամսուրի եւ Բողբոջ դասարաններու փոքրիկները: Ծիածանի վառ գոյներով զարդարուած բեմէն «Ահա եւ մենք» խորագիրին տակ անոնք ներկայացուցին մանկապարտէզի առօրեան` երգերու եւ պարերու ընդմէջէն, ուրախ ժպիտներով, երբեմն ալ արցունքոտ աչքերով: Անոնք միասնաբար հանդէս եկան «Փոքրերու աշխարհ» բացման պարով, ապա իրար յաջորդեցին պարերն ու երգերը:
Տնօրէն խորհուրդի անունով խօսք առաւ Գօգօ Էքմէքճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ ներկայ են միասնաբար վայելելու վարժարանի ամենափոքր դասարաններուն հրամցուցած երգերու եւ պարերու փունջը` արթնցնելով մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ խոր քնացած մանկութիւնը:
Ապա բեմ հրաւիրեց Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Առաջնորդ Սրբազանը` խօսքը ուղղելով ծնողներուն, յայտնեց, թէ իրեն համար վայելք էր ներկայ գտնուիլ փոքրիկներուն այս գեղեցիկ հանդիսութեան: Ան ըսաւ. «Ազգային Միացեալ վարժարանը հանգրուան առ հանգրուան, իր տեղը եւ դերակատարութիւնը պիտի հաստատէ մեր համայնական կեանքին մէջ»:
Ան շարունակեց խօսքը ըսելով, թէ խաղաղ կրթական տարի մը բոլորեցինք շնորհիւ ուսուցիչներուն եռանդուն աշխատանքին եւ ծնողներուն հասկացողութեան ու գործակցութեան: Իր խօսքի աւարտին ան խնդրեց ծնողներէն, որ զգուշ ըլլան օտար բարքերէն, որոնք խճողած են մեր կեանքը. «Ծնողներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է պաշտպանել զանոնք, պէտք չէ պատահականութեան յանձնել անոնց կեանքը, այլ` անորոշ քայլերը պէտք է ճիշդ հունաւորել եւ նոր հորիզոններ ցոյց տալ, որպէսզի բոլորիս ճիգով եւ, սպասումին համաձայն, աւելի եւս ամրապնդուին մեր հայ վարժարաններուն հիմերը եւ առողջ ազգային դաստիարակութեամբ աշակերտը իր պապերուն հաւատքով եւ անոնց օրինակով իր կեանքը շարունակէ»:
Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու հանդէսը` «Մանկապարտէզ, իմ աշխարհ» թեմայով, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումը:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ:
Ծաղիկ դասարանի երեք բաժինները միասնաբար բացման պարը կատարեցին` սրահէն բեմ բարձրանալով «Ղափամա» երգին երաժշտութեան ուրախ հնչիւններով:
Իրար յաջորդեցին «Արեւ եւ անձրեւ», «Ուրախ պար» պարերը եւ «Հայերէն կ՛երգենք», «Հեփփի» խմբերգները` Կոկոն դասարաններու կատարողութեամբ: Ապա Ծաղիկ դասարանները պարեցին «Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք», «Հայաստանի երգը», «Զինուորի երդում»:
Երգերն ու պարերը ընդելուզուած էին երկխօսութիւններով: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները պատմեցին մանկապարտէզէն ներս իրենց ապրած ուրախ ու անհոգ օրերուն, սորված երգերուն եւ պարերուն, նոր գիտելիքներուն եւ սիրոյ մասին: Սէր` բնութեան, ընտանիքին, ընկերներուն ու հայրենիքին հանդէպ:
«Հայաստանը իմն է» փակման պարը կատարեցին Կոկոն դասարաններու աշակերտները:
Այնուհետեւ, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի կատարուեցաւ 56 շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումը:
Սրբազանը, շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, իր խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ազգային Միացեալ վարժարանի յարկին տակ առաջին վկայականն է, որ կը տրուի: Ան յիշեց, թէ ամիսներ առաջ վարժարանի բացումը կատարուեցաւ այն սպասումով եւ ակնկալութեամբ, որ իսկապէս հայ դպրոցին ունեցած կարելիութիւններն ու պայմանները նորոգելով աւելի լաւատեսութեամբ եւ վստահութեամբ ապագային նայելու պատճառներ պիտի ունենանք: Ան հաստատեց. «Լաւատես ենք մանաւանդ ի տես այս առատ եւ գեղեցիկ հունձքին, մեր մատղաշ սերունդին համար, որ իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ դպրոց, իբրեւ կառոյցներ եւ հաստատութիւններ կը գործենք, որպէսզի մեր զաւակներուն միջոցաւ կարողանանք ապահովել մեր ժողովուրդի գնացքին յարատեւութիւնը: Աղօթենք եւ խնդրենք Աստուծմէ, որ ամէն տեսակի դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները մեր կեանքէն հեռու պահէ եւ մեր զաւակներուն պարգեւէ Իր օրհնութիւնը»: