Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկն է Մկրտութիւնը, որով երեխան ադամական մեղէ կ’ազատի եւ անդամ կը դառնայ Եկեղեցւոյ, Քրիստոսի հետ ժառանգակից եւ Ս․ Հոգիին տաճար կը դառնայ։
Մկրտութեան արտօնագիր ստանալու համար ազգայինէն կը խնդրուի գրաւոր ժամադրութիւն առնել ծխատէր քահանայ հօրմէն եւ ապա Ազգային Առաջնորդարան ներկայանալ հետեւեալ փաստաթուղթերով․
- Երեխային անձնաթուղթը, «իխրաժ քայտ»-ը կամ համապատասխան հիւանդանոցի վկայագիրը։
- Հօրը եւ մօրը անձնագրերը կամ համապատասխան փաստաթուղթերը՝ ընտանեկան «իխրաժ քայտ»-ը կամ ամուսնութեան հաստատագիրը։ Ենթական եթէ օտարահպատակ է, ապա պէտք է ներկայացնէ անցագիրը։
- Կնքահօր անհատական «իխրաժ քայտ»-ը կամ որեւէ այլ փաստաթուղթ, ուր յստակ է իր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ աւանդութեան համաձայն, մկրտութեան կնքահայրը պէտք է ըլլայ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ։