Լուրեր – Armenian Prelacy of Lebanon

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը երգեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ պէտք չէ մոռնանք, թէ 108 տարիներ առաջ, 600 տարիներու ստրկութեան պայմաններէն ետք, մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ իր սեփական հողին վրայ, իր բազուկին ուժով ազատութեան պայմաններուն մէջ ապրելու եւ իր կամքը պարտադրելու աշխարհին: Պէտք չէ մոռնանք, թէ այս անկախութիւնը ձեռք բերուեցաւ բիւրաւոր նահատակներու արեան հեղումով, նաեւ պէտք չէ մոռնանք, թէ հայոց պատմութեան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստան լեցուած էր գաղթականութեամբ ու որբերով եւ սովի մատնուած, հայ ժողովուրդը այս պայմաններուն մէջ շրջադարձ մը կատարեց հայոց պատմութեան մէջ: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մենք պէտք չէ մոռնանք, այլ` մեզի համար պարտականութիւն պէտք է նկատենք պարբերաբար հայոց պատմութեան նայիլ, որպէսզի յիշենք, թէ մեր ժողովուրդը շատ անգամներ դժուարութիւններուն դիմաց ոտքի կանգնած է եւ ապահոված իր գոյութիւնը: Մենք պէտք է յիշենք, որպէսզի մեր զաւակներուն մօտ յարատեւէ պատմութեան յիշողութիւնը եւ ա՛յն ուղին, որ մենք ժառանգած ենք մեր նախնիներէն, որպէսզի մեր զաւակները հաւատարիմ ըլլան հայոց պատմութեան, հայրենիքին, լեզուին, բարքերուն, նուիրական ու սրբազան աւանդներուն, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի գոյութիւնը:

Շարունակելով իր քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ իրենք մօտէն կը հետեւին հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն` աւելցնելով, որ Արցախի անփառունակ անկումէն ետք այսօր վտանգուած է նաեւ Հայաստանի անկախութիւնը: Հետեւաբար, առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի յիշեցնէ բոլորիս, թէ կեանքին մէջ պատահականութիւն չկայ` շեշտելով, որ պէտք է յարգը գիտնանք անկախութեան ժառանգութեան, Հայաստանի անվտանգութեան, այլապէս մեր թշնամիները պատրաստ են մեզմէ խլելու մեր հայրենիքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց հայ ժողովուրդի գիտակցութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենանք ապահովել նորանոր յաղթանակներ եւ հայրենիքին մէջ համախմբուելով կերտել փառաւոր նոր յաղթանակ:

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն
Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս հաստատուած սովորութեան համաձայն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան դիմաց տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն․-

Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Աղօթքի շաբթուան բացում, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Քրիստոնեայ Հաւատացեալը»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տ. Յակոբ Ա․ Քհնյ. Պզտիկեան

Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Աստուծոյ խօսքը մեր ամենօրեայ հացը պէտք է ըլլայ»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Ղեւոնդ Քհն․ Լօշխաճեան

Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Միշտ աղօթել առանց վհատելու»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Միքայէլ Քհն․ Տէմիրճեան

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնը առիթ վերանորոգման»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Սուրէն Քհն. Արսլանեան

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին

ՍՈՒՐԲ եւ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԳ եւ Հռիփսիմեանց Մասունքով ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց։

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները
Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Արին Գալուստեանէ եւ Ժաք Յակոբեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.

Երկրորդական

Առաջին.- Յովիկ Խաչիկեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):

Երկրորդ.- Նարօտ Թազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Երրորդ.- Քրիսթել Գազանճեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Յովհաննէս Սաղիրեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), Լոռի Ճապրայեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Լոռի Զէյթլեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):

Միջնակարգ

Առաջին.- Կալի Գարամանուկեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):

Երկրորդ.- Նարեկ Շիրէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):

Երրորդ.- Ճոնի Շահպազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Գայիանէ Տեմիրճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Բալենի Աւագեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան) եւ Սեւան Ճապրայեան (Ազգային Միացեալ վարժարան):

Նախակրթարան

Առաջին.- Շարպել Պաշիր (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան):

Երկրորդ.- Բիւզանդ Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Երրորդ.- Խաչիկ Էթոյեան (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Արմոն Տագէսեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Սառա Սերոբեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Տեսիլա Հայկեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու եւ յատուկ հաստատագիրներու, որոնց տուչութիւնը կը կատարուի համապատասխան հանդիսութեամբ:

Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ` Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքի դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք նահատակ ազատամարտիկի կտակին հաւատարիմ` հայ գիրով ու գրականութեամբ կը նպաստեն ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին:

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաք:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Տեսիլ Աբրահամեան: Ան հաստատեց, որ 24 Ապրիլը մեզի համար սոսկ թուական մը չէ, այլ` յիշեցում է, որ հայ ժողովուրդը անցաւ մահուան հովիտէն, բայց չկորսուեցաւ, նաեւ վկայութիւն է, որ մեր ժողովուրդը փորձեցին բնաջնջել, բայց անոր հոգին անպարտ մնաց: «Մենք այսօր կա՛նք, որովհետեւ մեր նախնիները չյուսահատեցան եւ չհրաժարեցան ապրելու ու գոյատեւելու կամքէն, սակայն մեր գոյութիւնը բաւարար չէ, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ վերականգնած, եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքները կը մնան ոտնակոխուած` մեր պայքարը չէ՛ աւարտած: 24 ապրիլը միայն սուգի օր չէ, անիկա կոչ է` արթնութեան, գիտակցութեան եւ պայքարի: Հետեւաբար, մեր գլխաւոր պարտաւորութիւնն է ճանչնալ մեր պատմութիւնը, պահել մեր ինքնութիւնը, ծառայել մեր ազգին մեր գիտելիքներով, մեր կարողութիւններով եւ մեր միասնականութեամբ», շեշտեց ան:

Այնուհետեւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներէն Անտրիա Տէմիրճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»-ը, իսկ Գէորգ եւ Հրակ Պալեաններ թաւջութակով նուագեցին «Վոքալիզ»:

Հաւաքին հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ  Ալիք Ղազար: Ան դիտել տուաւ, որ 111 տարի առաջ, երիտասարդ թուրքերու ծրագրած եւ գործադրած ահաւոր ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, մէկուկէս միլիոն հայեր բռնութեամբ տեղահանուեցան իր դարաւոր հայրենիքէն ու ջարդուեցան, իրենց ետին ձգելով իրենց կալուածներն ու հարստութիւնը, եւ այսպէս գոյացաւ հայկական սփիւռքը, նախ` Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ,  ապա` տարածուելով ու հասնելով մինչեւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը: Ան շեշտեց, որ իբրեւ նահատակ սերունդի արժանապատիւ ժառանգորդ, մեր սերունդը իրաւունք չունի մոռնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ մենք բոլորս անխտիր պարտաւո՛ր ենք մեր ամբողջ ուժով սատարելու Հայ դատի արդար լուծման աշխատանքներուն, իւրաքանչիւրս ի՛ր նախընտրած ձեւով` մշակոյթով, արուեստով` երգով ու պարով, երաժշտութեամբ, եւ կարելի բոլոր այլ միջոցներով, ըլլան անոնք քաղաքական, կամ նոյնիսկ ի հարկին` մարտական, Ան նշեց, որ մենք իրաւունք չունինք տարուելու 21-րդ դարու շլացնող, բայց իսկութեան մէջ անհեթեթ եւ անօգտակար զբաղումներով, այնքան ատեն որ մեր պատմական հայրենիքն ու մշակութային ժառանգութիւնը բռնագրաւուած կը մնան թուրքին կողմէ` դիտել տալով սակայն, որ այս բոլորը կ՛ենթադրեն մեծ ճիգ եւ անսակարկ նուիրում հայ երիտասարդութեան կողմէ: Ան կոչ ուղղեց` յոյսով, հաւատքով, պահանջատիրութեամբ ու վճռականութեամբ նուիրուիլ մեր հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման եւ ամբողջական հայրենիքի ազատագրութեան սրբազան գործին:

ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտ Սեւան Թերզեան երգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտ Օլիվըր Տէմիրճեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոչ միայն նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը, այլ նաեւ` հարց տալու, թէ ի՞նչ կը նշանակէ զայն նշել, մինչ հայութեան տառապանքը տարբեր ձեւերով կը կրկնուի մինչեւ օրս: Տէմիրճեան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութիւնը մարդոց համար անցեալի դէպք մըն է, բայց մեզի` հայերուս համար, պատմութենէն քաղուած էջ մը չէ, այլ` զգուշացում է: Նոյն ցաւը տեսանք Արցախի մէջ, երբ ժողովուրդը տեղահան եղաւ իր տունէն, հողէն, որուն վրայ մեր նախնիները ապրած էին երկար ատեն:

Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը միայն մարդ չի սպաններ, այլ կը փորձէ յիշողութիւնը մեռցնել, նաեւ կը փորձէ ջնջել լեզուն, հաւատքը եւ մշակոյթը: Պէտք չէ այսօրուան յիշատակումը ըլլայ միայն ոգեկոչում անցեալի, այլ` պէտք է կառչի  իրականութեան, արթնութիւն ըլլայ անարդարութեան դէմ եւ քաջաբար խօսուի ոչ թէ միայն 1915-ի ցեղասպանութեան մասին, այլ նաեւ հայ կեանքի, մշակոյթի, ինքնութեան հետեւողական բնաջնջումին մասին: Յիշատակել կը նշանակէ մերժել լռութիւնը, պահել եւ պահպանել ինչ որ մնացած է, նաեւ ըսել, որ Հայոց պատմութիւնը չի ջնջուիր, հայութեան ցաւը չ՛անտեսուիր եւ հայուն ինքնութիւնը չի խամրիր:

Եզրափակելով իր խօսքը, իբրեւ հայ աշակերտ Տէմիրճեան շեշտեց, որ յիշելը տակաւին կարեւոր է, իրականութիւնը տակաւին կարեւոր է, նաեւ հայ ժողովուրդը տակաւին կրնայ կանգուն ոտքի կանգնիլ, աղօթել, ստեղծագործել եւ տոկալ:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Մէրի Էքմէքճեան ասմունքեց «Ղօղանջ աքսորի»` տուտուկի ընկերակցութեամբ Նայիրի Առնէլեանի:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայ աւետարանական քոլեճի պատուակալ տնօրէն, դոկտ, Զաւէն Մսըրլեան: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 1876-էն մինչեւ 1915 երկարող ժամանակաշրջանին եւ Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն, նաեւ` արեւելեան Սարդարապատի եւ այլ ճակատներու հերոսամարտներուն, որոնց ընթացքին հայերը յաղթեցին եւ փրկեցին արեւելեան Հայաստանը ու դարերով անկախութիւն չունենալէ ետք 1918-ին հիմնեցին անկախ պետականութիւն:

Պատգամաբերը ըսաւ, որ թուրքերը մեր ազգին ամբողջական ցեղասպանութեան մէջ ձախողեցան, փաստ` մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը` աշխարհի տարածքին 10 միլիոն հայերու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն կտակը մեզի յստակ է` հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան, մեր մէջ ամուր պահել հայկական ոգին, միշտ զգալ, որ պահանջատէր ենք մինչեւ արդար հատուցում:

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հարց տուաւ աշակերտներուն, թէ կ՛ուզե՞ն որ թուրքը յաղթէ` աւելցնելով, որ բնականաբար ոչ պիտի ըսեն: Սակայն, ան նկատել տուաւ, որ թուրքը կը յաղթէ ամէն անգամ որ հայ մը արտագաղթէ, հայ ընտանիք մը քանդուի կամ չկազմուի, հայ աշակերտ մը օտար վարժարան յաճախէ եւ ազգին պատմութիւնը չսորվի, երբ հայկական եկեղեցի չերթայ, հայ գիրք կամ մամուլ չկարդայ, ինքզինք պահանջատէր չզգայ Հայոց պատմութեան եւ հայոց իրաւունքներուն: «Հետեւաբար, հաւատարիմ մնանք մեր նախնեաց հաւատքին, լաւ սորվինք մեր ոսկեղինիկ լեզուն, հետամուտ ըլլանք արդար հատուցման, որպէսզի թուրքը պարտուի, եւ մեր նահատակներուն զոհողութիւնը ի զուր եղած չըլլայ» եզրափակեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան:

Ապա Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին «Կանք ու կը մնանք» խորագիրը կրող խմբային ասմունք մը, իսկ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Նաթալի Պասամաքեան ասմունքեց «Զարկէ՛, լաօ, մըռնիմ քըզի», երգերու համադրումը:

Հաւաքի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի ապրիլ 24-ի առիթով մեծ ցաւ մը կ՛արթննայ իր հայրենի ժառանգութիւնը կորսնցուցած սփիւռքահայ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ, եւ տխուր յիշատակներ ու մահուան տեսարաններ կը պարուրուին այդ ցաւին մէջ` աւելցնելով, որ այդ բոլորը կը պատկանին մեր անցեալի կեանքին` հակառակ այն իրողութեան որ Ցեղասպանութիւնը շարունակուող իրականութիւն է նաեւ ներկայի մեր կեանքին մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի իրարմով զօրանանք եւ իրարու յիշեցնենք, թէ հայ ժողովուրդին համար ապրիլը արդէն իսկ յաղթանակ է, իսկ մեր արդար դատը հատուցման առաջնորդելը արդէն իսկ մահուան սահմաններէն անդին անցնելով` անմահութեան դարպասները թակել է մեզի համար: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի միասին ուխտենք, թէ մեր կամքը, մեր սիրտը եւ մեր բազուկը պատրաստ ենք նուիրելու հայութեան եւ Հայաստանի: Սրբազանը կոչ ուղղեց աղօթելու, որպէսզի Աստուծմով միշտ զօրեղ մնայ մեր բոլորին ապահովութեան գրաւականը հանդիսացող Հայաստան աշխարհը, նաեւ անսասան մնան մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները, որպէսզի մեզմով հայութեան իրաւունքները ամէն օր եւ ամէն տեղ շարունակուին` վասն արդարութեան հատուցման եւ հայ ազգի պայծառութեան:

Այնուհետեւ բոլոր ներկաները աղօթեցին «Տէրունական աղօթք»-ը:

Աշակերտական հաւաքը վերջ գտաւ ներկայ աւելի քան 1200 աշակերտներու «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ 14 վարժարանները.- Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Թէքէեան վարժարան, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Թրիփոլիի ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան:

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան` Թալին Գանլըճեանի կողմէ: Յայտնենք, որ ան նաեւ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի չորս արուեստի գործեր նուիրեց եկեղեցւոյ սրահին համար:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այս կիրակի մեր եկեղեցւոյ կողմէ կոչուած է Աշխարհամատրան նաեւ Կանաչ կիրակի, եւ բացատրեց, թէ Աշխարհամատրան կիրակին մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ Երուսաղէմի առաջին եկեղեցւոյ` աւելցնելով, որ այն վերնատան մէջ, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը ունեցաւ, իր յարութենէն ետք, առաքեալները եւ իր հետեւորդները մնայուն կերպով հաւաքուեցան յիշելու համար Քրիստոսի յարութեան յիշատակը: Այդ վերնատունը հանդիսացաւ Քրիստոսի առաջին եկեղեցին, ուրկէ Աւետարանին լոյսը ճառագայթեց աշխարհի չորս ծագերուն: Սրբազանը ըսաւ, որ Աշխարհամատրան կիրակիին առիթով մեր եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անդրադառնալու, թէ տօնական առիթները պատգամներ ունին մեզի համար եւ անոնց նպատակն է վերափոխել մեզ եւ դարձնել արժանի ու պիտանի Աստուծոյ կամքին համար: «Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեկան կառոյցն է», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ դարաւոր պատմութիւն ունեցող այս հաստատութիւնը վստահաբար իր ներշնչումը ստացած է Երուսաղէմի մէջ գտնուած առաջին եկեղեցիէն:

Անդրադառնալով Կանաչ կիրակի բացատրութեան` Սրբազանը ըսաւ, որ այդ անուանումը կ՛ակնարկէ ձմրան եղանակէն ետք բնութեան վերազարթօնքին` աւելցնելով սակայն, որ Ս. Յարութեան տօնին մթնոլորտին մէջ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կանաչ բացատրութիւնը կ՛ակնարկէ եկեղեցւոյ վերակենդանացման, նաեւ հաւատացեալներու ոգեւորութեան, որուն կարիքը ունինք ամէն տեղ:

Սրբազանը ըսաւ, որ Աշխարհամատրան կիրակիին առիթով մեր եկեղեցին կոչ կ՛ուղղէ իւրաքանչիւրիս, որպէսզի այս սրբազան կամարներուն տակ յիշենք, թէ այս կառոյցը հաստատուած է ապահովելու համար մեր կեանքի ամրութիւնը:

«Քրիստոնէութիւնը պատահականութիւն չի ճանչնար», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ յայտնեց, թէ ամէնօրեայ դրութեամբ պէտք է Աւետարանէն ստացած մեր ծանօթութիւնը լուսաւորէ մեր ներաշխարհը եւ դիւրութիւն տայ մեր կեանքին` աւելցնելով, որ հայութիւն պահելու գործը պատահականութեան պէտք չէ ձգել, որովհետեւ աշխարհակուլ պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, տարբեր վարկեր եւ սովորութիւններ արդէն իսկ մեր կեանքէն տարած են շատ բան եւ կը սպառնան նաեւ տանիլ այն չնչին մասնիկը, որուն վրայ կը յենի մեր կեանքը: Ան շեշտեց, որ պէտք է սթափինք եւ անդրադառնանք, թէ քրիստոնէական կեանքին համար մեծագոյն հրաշքը հոգեփոխութիւնն է` աւելցնելով, որ Աստուած մեզի կարողութիւն տուած է վերափոխելու մեր հոգեկան վիճակը զինք ընդունելով լուսաւորուելու, այսինքն` դարձի գալու եւ մեր կեանքը զետեղելու այն ուղիին վրայ, որ աշխարհէն ներս մեզ անսայթաք կ՛առաջնորդէ տանելու համար յաւիտենական իրականութեանց:

Եզրափակելով իր խօսքը`Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան յիշատակեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները, որոնք հաւատքով կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն կեանքէն ներս նուիրականը եւ սրբազանը պահելու եւ պաշտպանելու յանձնառութեամբ, նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք մեր եկեղեցիներէն ներս գնահատական այդ ճիգը կը տանին գիտակցօրէն, համեստ աշխատանքով, նուիրումով ու հաւատքով:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ «Կարօ Գօնիալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան կարեւորութեան մանաւանդ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան համանուն եկեղեցին է, որուն ընդմէջէն անգամ մը եւս կը համախմբուինք եւ յարութեան ոգիով կը վերանորոգենք մեր հաւատքը եւ ուխտը Աստուծոյ հետ: Ան անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան`  շեշտելով որ իբրեւ ուխտաւորներ այս առիթներուն մենք մեր հոգիներով առաւել եւս կը կապուինք Աստուծոյ եւ անոր օրհնութեամբ շարունակենք մեր երթը` մեր հաւատքին եւ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութեամբ:

Սրբազան Հայրը իր կարգին մեծ գնահատանքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան կարեւորութեան` նշելով, թէ եկեղեցին որքան մեծ դեր ունեցած է ժողովուրդը պահպանելու եւ հաւատքով գօտեպնդելու: Ան իր գնահատանքը փոխանցեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, յատկապէս դպրաց դասին, որուն անդամները երիտասարդներ են, եւ մաղթեց, որ բոլոր եկեղեցիները երիտասարդ ուժերով օժտուին եւ զօրանան: Ան նաեւ գնահատեց ժողովուրդը իրենց ներկայութեան համար, արժեւորեց, որ կապուած են եկեղեցւոյ եւ մաղթեց, որ ոչ միայն անուանակոչութեան տօնին, այլ նաեւ մնայուն ներկայութիւն ըլլան եկեղեցիէն ներս բոլոր առիթներուն եւ մասնակցին եկեղեցւոյ առաքելութեան:

Ամենահաստատունն Ու Տեւողը Աստուծոյ Հաւատքով Կառուցուածն Է
«Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ‚ որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան‚ որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի: Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ‚ նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա‚ ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար»:

Ա. Պետրոսի 1:5-6

Զատկական տօնի բարեբաստիկ առիթով, Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. Նամակէն վերցուած այս մտածումներով կ՛ողջունեմ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք, հակառակ մեզ շրջապատող տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, մեր  նախնիներու երկիւղածութեան շունչով զօրացած, հաւատքը ամուր կը պահեն: Այս առիթով, սրտովին կ՛ողջունեմ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու ճամբով գործը կը շարունակեն եւ իրենց նուիրումով մեր համայնական կեանքը կ՛ամրացնեն: Փա՛ռք Ամենակալին: Հակառակ յաջորդական պատերազմներուն ու աւերածութեանց, ոչ միայն կանգուն ու հաստատ կը մնայ լիբանանահայ մեր կեանքը,  այլեւ վերակենդանութեան հրամայականն ալ կը զգանք ամէն տեղ:

Այսօր, Զատիկ է դարձեալ մեր աշխարհին մէջ: Թող սթափին աշխարհի հարցերով ծանրաբեռնուած մեր սրտերը, որպէսզի Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը արձագանգէ մեր սրտերուն մէջ ու մենք զգանք, թէ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի գերագոյն զոհողութեան շնորհիւ, մեր կեանքը վերստին լեցուեցաւ աստուածային շնորհքով, եւ մեր դիմաց լայնօրէն բացուեցան դէպի Աստուած տանող ուղիները:

Յայտնապէս, տօնական առիթները եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած են մեզ մխիթարելու, մեզ ոգեւորելու ու մեր կեանքը վայրէջքներէն վեր բարձրացնելու սպասումով:

Արդարեւ, քրիստոնեան իր ունեցած հաւատքով պէտք է դիմագրաւէ իր կեանքը տագնապեցնող հարցերն ու վտանգները: Այլապէս, աշխարհը զինք կրնայ բարոյապէս սպառել:

Անկասկած, բոլորս ալ գիտենք, թէ կեանքին մէջ դժուարութիւններն ու խնդիրները չեն պակսիր, այլ սակայն, պէտք է նաեւ յիշենք, թէ պատնէշի վրայ անխախտ կը մնան անոնք, որոնք Աստուծոյ հաւատքով կը պայծառանան ու բարոյական հիմունքներով իրենց կեանքը կը շինեն ու կ՛ամրացնեն:

Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ քրիստոնեային կեանքը հաւատքով իրագործելի աշխատանք է: Հաւատքով իրագործելի աշխատանք է նաեւ  տեսակաւոր դժուարութեանց ու մարտահրաւէրներու բովէն անցնող հայութեան կեանքը: Մեզ ինքնագիտակցութեան հրաւիրող ներկայ բացառիկ դժուարութեանց դիմաց, այս ճշմարտութիւնը պէտք է սթափեցնէ մեզ եւ լծէ սուրբ գործի:

Անկասկած, Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքին մէջ ու բնական է, որ տօնական մեր արտայայտութիւնները ըլլան տեսակաւոր ու տարբեր, այլ սակայն, այդ բոլորին մէջ պէտք չէ մոռնանք, թէ աշխարհին մէջ ամենահաստատունն ու տեւող իրականութիւնը, Աստուծոյ հաւատքով կառուցուածն է:

Հետեւաբար, զգուշ պէտք է ըլլանք, որպէսզի կեանքի անցուդարձերուն կամ մեր անտարբերութեան հետեւանքով, մեր հաւատքն ու հոգեւոր եռանդը չնուազին, եւ մեր նկարագիրը չխաթարուի: Պէտք է Աստուծոյ հաւատքով ապրինք ու մեծնանք ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու եւ բարոյական սկզբունքներու հիմամբ մեր կեանքը շինենք ու շէնցնենք, վստահ ըլլալով, թէ Աստուծոյ հաւատքով մեր դիմաց կրնան բացուիլ նաեւ յաւերժին դռները:

Անկասկած, լիբանանահայութիւնը վարժ է անվերջ տագնապներու ու ցնցումներու: Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր, տեսակաւոր տագնապներ ու դժուարութիւններ  անպակաս եղան մեր կեանքէն, եւ բոլորս ալ կը զգանք, թէ ի՜նչ մեծ զօրութիւններ կան մեզի դէմ գործող եւ ի՜նչ հսկայ հոսանքներ շարունակաբար կը բախին մեր հաւատքին ու կը սպառնան մեր ինքնութեան:

Սուրբ յարութեան աւետիսը մեզի փոխանցելով, այսօր մեր եկեղեցին մեզի կը թելադրէ, Աւետարանի ապրումներով լուսաւորել մեր միտքն ու հաւատքով եւ իմաստութեամբ քալել կեանքի ճամբաներէն, որպէսզի ամուր ու անկործան մնայ մեր կեանքը: Այլապէս` առանց հաւատքի ու առանց գիտակից ճիգի, տարուէ-տարի մեր ապրած տագնապները չեն կրնար յաղթահարուիլ,  ու մենք անպայմանօրէն կը փոքրանանք ու կը սպառինք:

Զատկական տօնի նուիրական առիթով, սրտովին փառք տանք Աստուծոյ, որ իր զօրութեամբ կը շարունակէ պահել ու պահպանել մեր կեանքը եւ առիթ ընծայել, որ մենք կարենանք մեր հաւատքովն ու մեր նախնիներու երկիւղածութեան շունչով, մեր ընտանեկան պայմաններուն ու համայնական կեանքին մէջ մնալ շէն ու կանգուն:

Աղօթենք, որ մեզ զգաստութեան հրաւիրող ներկայ ծանր պայմաններուն դիմաց, Յարուցեալէն ճառագայթող աննիւթական շնորհքը խաղաղութիւն պատգամէ մեր աշխարհին, հաւատքով կազդուրէ բոլորս, որպէսզի ի խնդիր քրիստոնէական արժէքներու պահպանութեան ու ազգային մեր կեանքի յարատեւութեան, մեզի վստահուած պարտականութիւնները կամքով շարունակենք ու  աստուածային փրկութեան հրաւէրը ուրիշներուն տանելով, մեր շրջապատին մէջ յոյս ցոլացնենք եւ սուրբն ու լուսեղէնը հաստատենք:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ կը գործեն պահպանելու համար համայնական մեր կեանքի ամրութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ բոլորս գիտենք, թէ ի՛նչ տեսակ հզօր հոսանքներ կը բախին մեր հաւատալիքներուն ու մեր կեանքին եւ վստահաբար կ՛անդրադառնանք, թէ տեսակաւոր տագնապներու քովէն անցնող մեր կեանքը կարիքը ունի հաստատ յենարանի մը, որպէսզի մենք մեզի բախող հոսանքներուն դիմաց չընկճուինք, չընկրկինք, այլ մնանք կանգուն` աւելցնելով, որ եկեղեցին մեր առօրեային մէջ տօնական առիթներ հաստատած է, որպէսզի մենք կարենանք գօտեպնդուիլ եւ խրախուսուիլ գալիք օրերու կեանքին համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, թէ ի՛նչ տեսակ արժէքներով կը կերտենք ու կը պահենք մեր կեանքը` հաստատելով, որ առանց հաւատքի ամրութեան մեր կեանքը մեզ հալածող տեսակաւոր փոթորիկներուն դիմաց կը քայքայուի եւ կը կործանի: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, թէ քրիստոնեային կեանքը պատահականութիւն չէ, նաեւ պատահականութիւն չէ հայութեան կեանքը, եւ երկուքն ալ կ՛ենթադրեն հաւատք, նուիրում եւ յարատեւութիւն` աւելցնելով, որ մեր Տէրը իր յարուցեալ կեանքի օրինակով մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աւետարանը միայն խօսքի պատգամ չի փոխանցեր մեզի, այլ` կը փոխանցէ Աստուածորդիի կեանքի օրինակը եւ մեզի կը թելադրէ, որ մեր տունը ժայռի վրայ ամրացնենք, այսինքն` մեր կեանքի հիմերը պէտք է ըլլան տոկուն, անխախտ, որ ժամանակներու փոթորիկներուն դիմակայելով, որոնք անպակաս պիտի ըլլան մեր առօրեային մէջ, անոնք մնան կանգուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ համաշխարհային բարքերու մթնոլորտին մէջ օր ըստ օրէ կը վտանգուի մեր ինքնութիւնը, նաեւ կը վտանգուին բոլոր այն արժէքներն ու աւանդները, որոնք երկիւղածութեամբ կառուցուեցան եւ կերտուեցան մեր արդի կեանքին մէջ եւ մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուեցան, որպէսզի անոնցմով մենք զմեզ պաշտպանենք, նաեւ մնանք կանգուն գալիք ժամանակներուն համար:

Զատկական սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք, Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական ընդունելութեան մասնակցեցան  ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տաքէսեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ ու նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու անդամներ եւ ազգայիններ:

Թաղման Կարգը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբազան Հայրը Աւագ շաբթուան առիթով իր գնահատանքը յայտնեց ժողովուրդին, որ ջերմեռանդութեամբ մասնակից է եկեղեցւոյ արարողական կեանքին, աւելցնելով, որ իր ներկայութեամբ այս օրերուն քիչ մը աւելի կը լեցուին մեր եկեղեցիները, նաեւ կը պայծառանայ մեր կեանքը մեր հաւատաւոր զաւակներուն ներկայութեան պատճառով:

Անդրադառնալով Քրիստոսի խաչելութեան` ան նկատել տուաւ, որ հակառակ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող սարսափին եւ հալածանքներուն` Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդեմոս յանձն առին տիրոջ թաղման կարգը  պատուով կազմակերպել, որպէսզի անարգանքով չմեկնի ան այս աշխարհէն, աւելցնելով, որ Յիսուսի գերեզմանը ոչ միայն յայտնի դարձաւ բոլորին, այլեւ սերունդներու բարեպաշտութեան շնորհիւ վերածուեցաւ ուխտատեղիի:

Առաջնորդը հաստատեց, որ այս առիթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող պահ է, աւելցնելով, որ քրիստոնէական մեր կեանքը շարունակաբար հաւատքի ճիգով կերտուող իրականութիւն է: Ան ըսաւ, որ մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր կառոյցները, մեր հաստատութիւնները, մեր ակումբները մեր ժողովուրդին հաւատքով կերտուած ուխտատեղիներ են, շեշտելով, որ այդ բոլորէն հեռու` բոլորս ալ կը սպառինք ու կը վերջանանք, իսկ այդ բոլորով զօրեղ ենք ու հաստատ, որովհետեւ մեզի հետ ունեցած կ՛ըլլանք զԱստուած եւ այդ բոլորով շարունակաբար մենք կը յիշենք, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, եւ ո՛րն է մեր ժողովուրդին կամքն ու իտէալը: «Այս ճշմարտութիւններուն կը հրաւիրէ մեզ նուիրական այս առիթը, որովհետեւ բոլորս ալ կը զգանք եւ գիտենք, թէ մեր կեանքէն ներս շեղումներ շատ կան, հետեւաբար աւելի մեծ ճիգ պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի սրբագրենք մեր կեանքի ընթացքը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը` կոչ ուղղելով ներկաներուն շարունակաբար մեր եկեղեցիներուն եւ մեր կառոյցներուն մէջ ներկայ գտնուելու, որպէսզի մեր հաւատքով նոր աւանդ աւելցնենք, մեր կեանքը ուղղենք, որպէսզի մնանք կանգուն եւ հաստատ ու պատրաստ` գալիք բոլոր փոթորիկները դիմակայելու արժանաւոր պայմաններով:

Յետեկեղեցական արարողութեան` կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ  պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն
Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով տեղահանուած գաղթականներուն զօրակցելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի Նապաայի շրջանին մէջ գտնուող Ֆարհաթ մզկիթ, ուր ապաստանած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ մզկիթի ներկայացուցիչ շէյխ Զայտ Ֆարհաթի եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ:

Առաջնորդարանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր` Յակոբ ա. քհնյ. Պզտիկեան եւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ազգային առաջնորդարանի պատուիրակութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն միջեւ: Հաւաքին քննարկուեցան գաղթականներուն ընկերային-առողջապահական դժուարութիւնները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Յայտնենք, որ առաջնորդարանի պատուիրակութիւնը գաղթականներուն փոխանցեց ուտեստեղէն եւ անկողինի սպունգներ:

Ոտնլուայի Արարողութիւնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Ջուրի եւ իւղի օրհնութիւնը կատարելէ ետք եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին` առաջնորդ սրբազանը ղենջակ կապած ու ծունկի գալով`  լուաց 12 պատանիներու ոտքերը:

Ապա Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ կը գտնուինք Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր պայմաններուն մէջ, շեշտելով, որ այս առիթը մեզ բարեպաշտութեան եւ երկիւղածութեան հրաւիրող առիթ է, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ Իր երկրաւոր կեանքի մէջ Քրիստոս ոչ միայն Իր գեղեցկագոյն պատգամները զինք շրջապատող հարազատներուն փոխանցեց, այլեւ Իր սեփական կեանքին օրինակը փոխանցելով անոնց` թելադրեց, որ Իր յիշատակով իրենք եւս շարունակեն նոյնպէս ապրիլ: Անդրադառնալով ոտնլուայի արարողութեան` սրբազանը յիշեցուց, թէ Քրիստոս ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց իրեն համար ամէնէն սիրելի եւ հարազատ անձերուն` իր սեփական աշակերտներուն հետ եւ միայն անոնց համար եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն` Ան իր աշակերտներուն առջեւ ծունկի գալով` խոնարհեցաւ եւ անոնց ոտքերը լուալով թելադրեց, որ իրենք միեւնոյն օրինակով վարուին իրարու հետ, աւելցնելով, որ մենք ալ կը կատարենք ոտնլուայի արարողութիւնը յիշելու համար մեր Տէրը, նաեւ` Իր կեանքի օրինակէն օրինակ քաղելու մեր կեանքին համար, որպէսզի աշխարհի պայմաններու մէջ շեղումներ ապրող մեր կեանքի ընթացքը փոխակերպուի աստուածային սիրոյ հասկացողութեան մէջ, անցեալի տրամաբանութեամբ եւ ապրումներով, որպէսզի այդ ձեւով մենք մեր անհատական, բայց մասնաւորապէս մեր համայնական ու եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպենք եւ մեր հասկացողութեամբ ու մեր արժէքներով զայն աշխուժացնենք:

Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ոտնլուայի արարողութիւնը սովորութիւն է, բայց անկէ անդին` նուիրական տարբեր խորհուրդ պարունակող իրողութիւն է մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի սերունդէ սերունդ մեզ կանխող բոլոր ժամանակներուն ապրած մեր նախնիներուն յիշատակով մեր զաւակներուն սորվեցնենք, թէ մեր ժողովուրդը անցնող ժամանակներուն, իր հաւատքին, իր նուիրաբերութեան օրինակով եւ արարքներով ապրեցաւ ու գոյատեւեց:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ կ’ապրինք ծանր օրերու մէջ, եւ երկար ժամանակներէ ի վեր մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, եւ աշխարհը օր ըստ օրէ աւելի ինքզինք կը պարտադրէ բոլորիս մեր նկարագիրը, մեր բարոյական սկզբունքները` մեր ազգային հասկացողութիւնները կասկածի տակ դնելով, եւ այս բոլորին դիմաց մենք կարիքը ունինք առաւելաբար մեր հաւատքին, նաեւ` աստուածային այն իմաստութեան, որ Քրիստոս փոխանցեց Իր աշակերտներուն, որպէսզի խաղաղութեամբ իրենց կեանքը ապրին եւ յարատեւեն իրենց վստահութիւնը կապելով իրենց տիրոջ` Աստուծոյն:

«Աւագ շաբաթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող, բարեպաշտութեան հրաւիրող առիթ է եւ առիթ է մեզի, որ Աստուծմով օրհնութիւն վերադարձնենք մեր կեանքին եւ զայն մեր գուրգուրանքով, մեր սիրով, մեր երկիւղածութեան շունչով, մեր նուիրումով ու խոնարհութեան օրինակով մեր զաւակներուն փոխանցենք, որպէսզի իրենց քով իսկապէս մեր կեանքը յարատեւէ ու ամրանայ», հաստատեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` յորդորեց ներկաները իրարու զօրավիգ ըլլալ եւ կանգուն պահել` մեր Եկեղեցին, մեր դպրոցները, մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, մեր տունը, մեր ընկերութիւնը, մեր համայնական կեանքը, նաեւ` նուիրական այն սրբութիւնները, որոնք անցնող ժամանակներուն մեր ժողովուրդի կամքով արմատացան մեր ինքնութեան մէջ: