Armenian Prelacy of Lebanon

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 հոկտեմբերին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս շաբաթ կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին` գիրերու գիւտի յիշատակին: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս աստուածային աջը Մեսրոպ Մաշտոցի դիմաց պատկերեց հայոց այբուբենը, որուն միջոցով թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը, որպէսզի մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն ճանչնայ իր լեզուն, այլեւ իր կեանքի ճամբան կերտէ:

Սրբազանը յայտնեց, որ դարերու ընթացքին, տեսակաւոր վերիվայրումներու քովէն անցնելով հանդերձ, մեր ժողովուրդը իր հաւատքով, իր պատմութեան հաւատարմութեամբ ինքզինք կանգուն պահեց, աւելցնելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մենք կը գտնուինք մեր հայրենիքէն հեռու, տակաւին կը խօսինք, կը գրենք եւ կ՛աղօթենք հայերէնով:

Անդրադառնալով կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին` Սրբազանը դիտել տուաւ, որ կիրակնօրեայ վարժարանը հայ ընտանիքին լաւագոյն եւ ամէնէն ապահով յենարանն է, եւ այս մէկը պէտք է մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս մեր ծնողները լաւ ըմբռնեն, աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ սրբազան հաւատքը անարատօրէն կը պահպանուի եւ խնամքով նոր սերունդին կ՛աւանդուի, որպէսզի նոր սերունդը, իր կարգին, իր մասնակցութեամբ նոր կեանք տայ հայոց մշակոյթին եւ ապահովէ Հայոց պատմութեան շարունակականութիւնը:

Սրբազան Հայրը օրհնեց կիրակնօրեայ վարժարանները եւ մասնաւորաբար թեմի ա՛յն բոլոր նուիրեալները, որոնք հոգեւոր եւ ազգային մտայղութեամբ գուրգուրանքով կ՛առնչուին կիրակնօրեայ վարժարանին, որպէսզի անոր ընդմէջէն ընտիրը եւ արժէքաւորը փոխանցեն մեր սերունդներուն, որպէսզի այդպիսով ամրութիւն տան մեր համայնական կեանքին: Սրբազան Հայրը օրհնեց նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կիրակնօրեայ վարժարանին կողքին կը մնան եւ իրենց մասնակցութեամբ կը զօրակցին Հայ եկեղեցւոյ աւանդը սերունդներուն փոխանցելու նուիրական աշխատանքին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած մշակներու հոգիներուն համար:

Վերամուտի Սեմին. Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Երկօրեայ Համագումար
Շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր  2026-ին Տուհրուշուէրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու երկօրեայ համագումարը, որուն նպատակներն էին` համախմբել կիրակնօրեայ վարժարաններու ծառայողները, վերանորոգել անոնց հոգեւոր ու ուսուցչական տեսլականը, անդրադառնալ վարժարաններու առաքելութեան կարեւորութեան եւ միասին պատրաստուիլ 2026-2027 տարեշրջանի նոր աշխատանքներուն:

Համագումարի բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ համագումարի աշխատանքներուն եւ անոր կարեւորութեան` շեշտելով, որ նման համախմբումները առիթ են ոչ միայն գիտելիքներու փոխանակման, այլեւ` հոգեւոր վերանորոգման, փորձառութիւններու բաժնեկցութեան եւ նոյն առաքելութեան շուրջ նորոգուած միասնականութեան: Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան յատկապէս վերյիշեցուց բոլորին իրենց նուիրական պարտականութիւնը այս սրբազան առաքելութեան մէջ` ընդգծելով, որ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչը կոչուած է նոր սերունդին փոխանցելու ոչ միայն քրիստոնէական գիտելիքներ, այլեւ` հաւատքի կենդանի վկայութիւնը, եկեղեցասիրութեան ոգին եւ Քրիստոսի հանդէպ սէրը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան մասնակիցներուն մաղթեց բարի, արդիւնաւէտ եւ օրհնաբեր աշխատանք:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շարականներու ուսուցում, ապա` Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն:

Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան ուսուցիչներու ծառայութեան եւ կիրակնօրեայ վարժարանի առաքելութեան վերաբերող զանազան նիւթեր:

«Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչին ինքնաճանաչումն ու ծառայութիւնը» նիւթը ներկայացուց Կարինէ Չոլաքեան: Ան շեշտեց ուսուցիչին ինքնաճանաչման, իր կոչումին գիտակցութեան եւ ծառայութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ ուսուցիչը նախ ինք ապրելով այն արժէքները` կը փոխանցէ աշակերտներուն` դառնալով կենդանի օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր:

«Ազդու եւ ներշնչող ուսուցիչները» նիւթը ներկայացուց Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան: Դասախօսութեան ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ ա՛յն յատկութիւններուն եւ մօտեցումներուն, որոնք ուսուցիչը կը դարձնեն ազդեցիկ, ներշնչող եւ աշակերտին հոգեւոր ու մարդկային աճին նպաստող առաջնորդ:

Համագումարի կարեւոր բաժիններէն մէկը հանդիսացաւ ընդհանուր զարգացման մրցումը, որ գիտելիքներու ստուգման կողքին, գեղեցիկ առիթ մը եղաւ առողջ մրցակցութեան, համագործակցութեան եւ ընկերային ոգիի ամրապնդման:

Երկօրեայ համագումարին ընթացքին նաեւ տեղի ունեցան ընկերային եւ հաղորդակցութեան պահեր, որոնց շնորհիւ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան աւելի մօտէն ճանչնալու զիրար, բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնները, մտահոգութիւններն ու յաջողութիւնները եւ աւելի ամուր կապեր հաստատելու` որպէս նոյն առաքելութեան ծառայակիցներ:

Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան 2026-2027 տարեշրջանի կիրակնօրեայ վարժարաններու ծրագիրները, քննարկուեցան յառաջիկայ աշխատանքներն ու առաջնահերթութիւնները, եւ կատարուեցաւ անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնը` նոր տարեշրջանի աշխատանքները աւելի կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ կերպով շարունակելու համար:

Երկօրեայ այս համախմբումը դարձաւ գեղեցիկ առիթ մը գիտելիքը` հաւատքին, փորձառութիւնը` ծառայութեան, իսկ ընկերակցութիւնը` միասնական առաքելութեան միացնելու: Մասնակիցները համագումարէն հեռացան նորոգուած ոգիով, նոր գաղափարներով եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ` շարունակելու իրենց նուիրական ծառայութիւնը կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն յիշատակին, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Խաչվերացը յիշատակն է 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտի ազատագրութեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 614 թուականին տեղի ունեցած դէպքերուն, թէ ինչպէ՛ս պարսկական բանակները կը յաջողին պարտութեան մատնել բիւզանդացիները ու գրաւել Երուսաղէմը եւ զայն կողոպտելէ ետք «որպէս աւար»  իրենց հետ Տիզպոն կը տանին Քրիստոսի խաչը: Պարսիկներուն եւ յոյներուն միջեւ մղուած երկարամեայ պատերազմներէ ետք` 627-ին, Բիւզանդիոն կը յաջողի պարտութեան մատնել Պարսկաստանը եւ, Քրիստոսի խաչափայտը ազատագրելով, զայն կը վերադարձնէ Երուսաղէմ, եւ Հերակլ կայսրը անձամբ կը գլխաւորէ դէպի Երուսաղէմ Խաչի վերադարձի յաղթական թափօրը: Խաչը կը տարուի Երուսաղէմ եւ կը հաստատուի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Սրբազանը կարեւոր նկատեց պատմութիւնը գիտնալը, սակայն աւելի անհրաժեշտ սեպեց պատմութեան փոխանցած պատգամով մեր կեանքը նորոգելն ու պայծառացնելը: Ան շեշտեց, որ պէտք է անդրադառնանք, թէ խաչը հոգեւոր զօրութիւն ու հաւատքի նեցուկ է բոլոր անոնց համար, որոնք դժուարութիւններու ու տագնապներու քովէն անցնելով հանդերձ, չեն քանդուիր, այլ խաչին պարգեւած զօրութեամբ կը մնան կանգուն ու յաղթական:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան բացատրեց, որ խաչ բարձրացնել կը նշանակէ Աստուծոյ միանալով  չարին դէմ կռուիլ եւ այդպիսով յաղթել, նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պարտականութիւններուն նուիրուիլ, մարտնչիլ, զոհել ու զոհաբերել, որպէսզի մեր դաւանած սրբութեան արժէքներով  պահպանուի մեր կեանքն ու ընկերութեան վիճակը:

Անդրադառնալով Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-րդ տարեդարձին` Սրբազանը շեշտեց, որ այս առիթը միշտ յիշատակած ենք զայն առնչելով Խաչվերացի տօնին, որպէսզի մեր ժողովուրդը չմոռնայ, թէ խաչը դրօշը եղած է նաեւ Մուսա Լերան լանջերուն իր հողն ու տունը  պաշտպանող հայ կտրիճին, որ իր ժողովուրդին մահը խափանելու համար ինքզինք ընծայած է վասն լինելութեան մղուող մեր ազգի դարաւոր պայքարին: Ան ըսաւ, որ ամէն տարի Խաչվերացի տօնախմբութեանց շրջագիծէն ներս ու մեր կրօնական ու ազգային արտայայտութիւններուն ընդմէջէն կը ձգտինք մեր յիշողութեան մէջ պայծառացնել անոնց յիշատակը, որպէսզի 87 տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդին նուիրումովն ու քրտինքովը շաղախուած Այնճարի այս հողին վրայ մեր կեանքը ըլլայ հայադրոշմ ու քրիստոնէավայել:

Շարունակելով իր խօսքը`  Առաջնորդ Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր մեր եկեղեցիներէն ներս նաեւ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-րդ տարեդարձը եւ նուիրական այս առիթով բարեպաշտ մեր ժողովուրդին հետ միասին կը կատարենք Հանրապետական մաղթանք, որպէսզի զգանք, թէ հայրենիքը կը մնայ մեր ազգի յոյսերուն ու հեռանկարներուն յենարանը:

Առաջնորդը ըսաւ, որ նուիրական այս պահուն, մեր յիշողութեան մէջ պէտք է արթննայ մեր ամբողջ անցեալը, որուն դիմաց պարբերաբար պէտք է ինքնաքննութիւն կատարենք, որպէսզի մեր թերացումներուն ու անկումներուն մէջ սթափինք, զգաստանանք ու հայ մնալու, միասին ըլլալու, հզօր պատմութիւն կերտելու առաջադրանքով նորոգուինք: Ըստ անոր` նախորդ բազում դարերուն ազգովին շատ բան կորսնցուցինք, բայց հաւատարիմ մնացինք մեր ներքին արժէքներուն եւ եղանք հայրենասէր ու հաւատքով գրկեցինք անմահութեան գաղափարը: Սրբազանը ըսաւ, որ պէտք է շարունակենք հաւատալ, թէ անմահ են անոնք, որոնք ոգեկան ուժով կը պայքարին մահուան դէմ, եւ պէտք է շարունակենք հաւատալ, թէ մեր ժողովուրդին դիմաց դարձեալ պիտի բացուին մեծագործութեան ժամանակներ: Ու պէտք է շարունակենք մեր ունեցածը սիրած ըլլալու ու պաշտպանելու փաստը արտայայտել, որպէսզի ի սփիւռս աշխարհի տարտղնուած մեր ժողովուրդը յաղթական ընթացքի մէջ պահէ իր կեանքը ու մրրիկներով շրջապատուած մեր հայրենիքին նաւը տանի մեր դարաւոր տենչերուն ու երազներուն, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 16 օգոստոսին  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ Աստուծոյ հետ կարենալ խօսելու համար մենք կարիքը ունինք մեր սուրբերու բարեխօսութեան, մասնաւորաբար` Աստուածամօր, որպէսզի մեր աղօթքները հասնին Աստուծոյ եւ խաղաղի մեր հոգեկան վիճակը, եւ մենք առօրեայ կեանքի մէջ գտնենք մենք զմեզ:

Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը կատարեց Քրիստոսի համբարձման ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս Աստուածամայրը անկէ վերջ 12 տարիներ եւս ապրեցաւ, իսկ երբ  հոգին աւանդեց, առաքելական ժամանակներէն մեզի հասած աւանդութեան համաձայն, երկնային զօրքերը եկան եւ Աստուածամայրը վերափոխեցին, այլ խօսքով` երկինք բարձրացուցին: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս հաւատքը կը վերաբերի դարաւոր անցեալին, սակայն մինչեւ այսօր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ օր ըստ օրէ խաչին խրախոյսը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ կը մեծնայ եւ կը տարածուի:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վերափոխման տօնը մեզի կը փոխանցէ պատգամ մը` յիշեցնելով, որ հաւատքով եւ սրբութեամբ ապրուած կեանք մը անպայմանօրէն կ՛արժանանայ Աստուծոյ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի` աւելցնելով, որ Աստուածամայրը արժանացաւ իր որդւոյն եւ հայր Աստուծոյ հոգատար արժեւորման: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուածամայրը իր ժամանակներուն ամէնէն համեստ, ամէնէն պարկեշտ եւ ամէնէն խոնարհ արարածն էր, բայց իր կեանքով իր շրջապատէն ներս Աստուծոյ կամքը կը յայտնէր, նաեւ իբրեւ մայր օրինակ կը հանդիսանար` շրջապատին ցոյց տալով, թէ երկրաւոր պայմաններու մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զաւակ դաստիարակել: Սրբազանը շեշտեց, որ այս արարքը պատգամ կը փոխանցէ մեր մայրերուն` յիշեցնելով, թէ իրենց աշխատանքին արդիւնքը, իրենց հաւատքին փաստը, իրենց բարեպաշտութեան օրինակը նախ պէտք է երեւի իրենց զաւակներուն կեանքէն ներս:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք բոլորովին նոր աշխարհի պայմաններու մէջ, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլանք, որ մեր նկարագիրը եւ բարոյական հասկացողութիւնները չվտանգուին, որովհետեւ եթէ մեր բարոյական հասկացողութիւններուն արժէքները կորսուին` մենք բարոյապէս կը սնանկանանք եւ կը քայքայուինք:

«Այս գիտակցութեան է, որ մեզ այսօր հաւաքաբար կը հրաւիրէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը` յիշեցնելով, որ նախորդ սերունդներուն կողմէ մեզի փոխանցուած աւանդը, այն բոլոր արժէքները, որոնց վրայ  հիմնուած էին մեր տունը, մեր կեանքը, մեր պատմութիւնը պէտք է պահենք ի խնդիր այս նոր կեանքին եւ մեր հաւաքական գոյութեան», հաստատեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները, որ հաւատքով պէտք է վարուինք այն բոլոր նուիրական սրբութեանց վերածուած աւանդութիւններուն հետ, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի ընթացքը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը` «Երազանքներու Քաղաքը»
Հինգշաբթի 11 յունիս 2026-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` «Երազանքներու քաղաքը» խորագիրով:

Հանդէսը ներկաները փոխադրեց երազանքներու եւ մանկական անմեղութեան աշխարհ մը. արդարեւ, բեմը վերածուած էր իսկական քաղաքի` գեղեցիկ ձեւաւորումով: «Գիշերուան թագուհի»-ին առաջնորդութեամբ, աշակերտները հանդիսատեսը առաջնորդեցին երազանքներու քաղաք:

Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, հերթաբար բեմ բարձրանալով, ներկայացուցին տարբեր երգեր ու պարեր` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Յատկանշական էին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արտասանած խօսքերը, որուն ընդմէջէն անոնք ներկայացուցին իրենց նախասիրած ասպարէզները, ըսին, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութիւններով պիտի նպաստէ երազանքներու քաղաքին ու զարգացնէ զայն` ճարտարապետէն հասնելով մինչեւ ուսուցիչ, բժիշկ, գիտնական եւ այլ կոչումներ: Անոնց խօսքերը կ՛արտացոլացնէին ոչ միայն իրենց ապագայի երազանքները, այլ նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը` ծառայելու ընկերութեան եւ իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելու համայնքի զարգացման: Յատկանշական էին նաեւ այն պատգամները, որոնք կը շեշտէին խաղաղութիւն, մաքրութիւն, գիտութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մարդկային արժէքները` իբրեւ այն հիմնասիւները, որոնց վրայ պիտի կառուցուի աւելի գեղեցիկ, արդար եւ լուսաւոր ապագան:

Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները ` ընդգծելով այս օրուան առանձնայատուկ նշանակութիւնը:

Ան նշեց, որ այսօր սրահը լեցուած է ոչ միայն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ, այլ նաեւ` հրաշքի մը զգացումով, որ կը պատկանի միայն մանուկներու աշխարհին: Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները իրենց ներկայութեամբ ապացուցեցին, որ երազանքները թեւեր ունին, եւ իւրաքանչիւր մանուկ իր մէջ կը կրէ լոյս, գոյն եւ ապագայի տեսիլք:

Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան շեշտեց, որ այսօր բեմին վրայ կանգնած են ոչ միայն իրենց առաջին փուլը աւարտող մանուկներ, այլեւ` ապագան. արդարեւ, անոնց փոքրիկ քայլերուն մէջ թաքնուած են մեծ ճամբաներ, իսկ այս մեղմ ձայներուն մէջ պիտի ծնին վաղուան հզօր ձայները: Երազանքները պարզ խօսքեր չեն, այլ սերմեր են, որոնք ժամանակի ընթացքին պիտի աճին եւ դառնան իրականութիւն:

Մանկապարտիզպանուհին ընդգծեց նաեւ, որ տարիներ ետք այս փոքրիկները կրնան դառնալ բժիշկներ, ուսուցիչներ, հայրենիքի պաշտպաններ եւ աշխարհ փոխող մարդիկ, սակայն ամէնէն կարեւորը` անոնք երբեք չկորսնցնեն իրենց երազելու ուժը: Քաղաքները կը կառուցուին քարերով, սակայն ապագան կը կառուցուի երազանքներով:

Խօսքին մէջ ան բարձր գնահատեց ծնողները` որպէս առաջին հիմնասիւները իրենց զաւակներուն երազներուն, ուսուցիչներն ու դաստիարակները` որպէս երազանքներու դարբիններ, տնօրէնութիւնը` իր մնայուն աջակցութեան համար, եւ բարերարները` իրենց նիւթաբարոյական նեցուկին, որուն շնորհիւ կը պահպանուի հայ դպրոցի ու ամբողջ սերունդի մը երազելու իրաւունքը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները` մաղթելով անոնց բարի, լուսաւոր եւ կանաչ երթ դէպի նախակրթարան:

Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երեք լեզուներով արտասանեցին իրենց ուղերձները ու երգի կատարումներ ունեցան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը` ձեռամբ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի:

Վկայականներ ստացան` Էլսա Ֆըսթըքճեան, Ժան Մալիքեան, Լիլիթ Պիլեզիքճեան, Ծիլա Պիլեզիքճեան, Նաթալի Նորընծայեան, Վերոնիքա Ճապանեան, Քրիստ Շիրինեան, Հատի Մըտլեժ, Մաթէա Մանսուր, Մաթէօ Մանսուր, Լէոնարտօ Ալ Հաշեմ:

Աւարտին  Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն` շնորհաւորելով աշակերտները, ծնողներն ու ուսուցչական կազմը այս հանդէսին առիթով: Ապա ան անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերին` իբրեւ ազգային ինքնութեան կազմաւորման, լեզուի, մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանման անփոխարինելի միաւորի, ընդգծելով անոր նշանակութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան մէջ:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2025-2026 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յունիսի երեկոյեան Ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին:

Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք շրջանաւարտ դասարանի աշակերտուհիները հայկական գեղեցիկ նազպարով մը ազգային շունչ հաղորդեցին հանդիսութեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր շրջանաւարտներուն դպրոցական ճամբորդութիւնը` մանկապարտէզի առաջին քայլերէն մինչեւ ԺԲ. դասարանի վերջին զանգը, վերակենդանացնելով յուշերով եւ անմեղ զգացումներով լեցուն տարիները:

Ապա շրջանաւարտները արտասանեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Խրախուսանք» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք  ներկայացուցին խմբերգ մը, որ աւելի խանդավառեց հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին  աւարտէն ետք, ներկաներու ծափողջոյններուն տակ, հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին շրջանաւարտները եւ իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ:

Շրջանաւարտներուն ողջերթի խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Թազեան, որ ջերմ ու անկեղծ բառերով անդրադարձաւ շրջանաւարտներուն հետ իր եւ իր դասընկերներուն կազմած բարեկամական կապերուն, միասին ապրած յիշարժան պահերուն եւ դպրոցական տարիներուն կերտուած գեղեցիկ յիշատակներուն` մաղթելով անոնց յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով լի ապագայ մը:

Ապա շրջանաւարտներուն կողմէ արտասանուեցան արաբերէն (Էտի Ճէրէճեան), անգլերէն (Սելին Գայսէլ) եւ հայերէն (Նաթալի Այանեան) ուղերձները: Անոնք իրենց սրտաբուխ խօսքերուն մէջ յիշեցին դպրոցական կեանքի ամէնէն գեղեցիկ էջերը` խօսելով ապրած ուրախութիւններուն եւ յուզիչ պահերուն, կիսուած յիշատակներուն, անմեղ չարաճճիութիւններուն, տարիներու ընթացքին կերտուած ամուր բարեկամութիւններուն եւ դպրոցական առօրեան լուսաւորած բազմաթիւ հաճելի վայրկեաններուն մասին: Անոնք ընդգծեցին, որ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլէճը իրենց համար, կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէ աւելի, եղաւ երկրորդ տուն մը, ուր հասակ առին, կազմաւորուեցան եւ պատրաստուեցան կեանքի նոր փուլին:

Շրջանաւարտները խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք մեծ նուիրումով եւ հոգատարութեամբ առաջնորդեցին զիրենք ուսման ճամբուն վրայ` ջամբելով գիտելիք, կրթութիւն, ազգային, բարոյական եւ մարդկային արժէքներ, որոնք պիտի շարունակեն լուսաւորել իրենց կեանքի ընթացքը:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ ծնողներուն, որոնք տարիներ շարունակ անսակարկ սիրով, զոհողութեամբ եւ անվերապահ աջակցութեամբ կանգնեցան իրենց կողքին: Անոնք շեշտեցին, որ այսօրուան ձեռքբերումը միայն իրենցը չէ, այլ նաեւ` իրենց ծնողներուն նուիրումին, համբերութեան եւ անխոնջ ջանքերուն արդիւնքը, եւ որ` այս օրը բոլորին համար հպարտութեան օր մըն է:

Քոլեճի տնօրէն Թալին Օրտողլեան խօսք առնելով` ամփոփ զեկուցում մը տուաւ անցնող տարեշրջանին մասին, որ համեմատաբար բնականոն ընթացաւ եւ հասաւ իր բարւոք աւարտին: Ան զեկուցեց վարժարանին մէջ գոյութիւն ունեցող կրթական-ակադեմական բաժանումներուն, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի մէջ  նորութիւններուն հետ քայլ պահելու ծրագիրներու մասին:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Օրտողլեան ըսաւ. «Այսօր ձեզի համար վճռական պահ մըն է, որովհետեւ ձեր դպրոցական կեանքի էջը կը փակուի` նոր մը բացուելու համար: Նոր մը, որ պիտի ըլլայ միայն ու միայն ձեր ընտրութիւնը: Ձեր երազներն ու նպատակակէտերը պէտք է հիմնուին անխախտ սկզբունքներու վրայ: Ձեր երազները պէտք է ձեզ ուղղեն դէպի փայլուն ապագայ: Ապագայ մը, ուր ձեզ շրջապատողները ձեզ մատնացոյց ընեն ձեր նուաճումներուն համար: Ապագայ մը, ուր հայու գիտակցութիւնը եւ հայ զգալու հպարտութեան կրակը ձեր մէջ մարած չըլլայ: Ապագայ մը, ուր շարունակէք հպարտ զգալ, որ դուք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ եղած էք ու պարտական էք անոր»: Ան խօսքը աւարտեց` շնորհաւորելով աշակերտները, որոնք շուտով պիտի կոչուին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ:

Հանդէսի վերջին բաժինով աշակերտները ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աւարտին իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն` ըսաւ. «Այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր ծոցին մէջ կերտել ու պատրաստել մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնցմով կանգուն մնայ եւ ծաղկի մեր համայնական կեանքը»: Ան նաեւ բարձր գնահատեց ծնողները, որոնք գիտակցաբար ընտրած են հայ դպրոցը իրենց զաւակներուն կրթութեան համար:

Սրբազան Հայրը շարունակեց` ըսելով. «Չենք կրնար միայն արհեստական բանականութեան կամ արհեստագիտութեան յառաջդիմութեան ապաւինիլ. մեզի համար առաջնահերթը մարդն է` իր արժէքներով, նկարագիրով եւ առաքելութեան գիտակցութեամբ, որպէսզի կարենայ բարիք սփռել իր շրջապատին մէջ»:

Ան կոչ ուղղեց, որ ձեռք ձեռքի տուած` մեր բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները ի գործ դնենք ի շահ հայ դպրոցին, աջակցինք անոր սրբազան առաքելութեան, պահպանենք զայն իր կոչումին մէջ եւ դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, կենսունակ ու լուսաւոր ապագայ կերտող կրթօճախ մը:

Այս առիթով Տիկնանց խորհուրդի անդամուհիներուն կողմէ շրջանաւարտներուն նուիրուեցան իւրայատուկ թռչնագիր յուշանուէրներ` իւրաքանչիւրին անունին սկզբնատառով, իբրեւ այս յիշարժան օրուան գեղեցիկ յիշատակ:

2025-2026 տարեշրջանի շրջանաւարտներ են`

Ընդհանուր գիտութիւններ` Էտի Ճէրէճեան, Մանուէլ Յակոբեան եւ Սելին  Գայսէլ:

Կենսաբանագիտութիւն` Ճէովաննի Մկրտիչեան եւ Նաթալի Այանեան:

Ընկերա-տնտեսագիտութիւն`  Կարէն Ճէհիզեան, Կերի Տիրացուեան, Շանթ Տեմիրճեան եւ Քեւըն Մանաշեան:

Օտար ծրագիր`  Նաթալիա Աճեմեան եւ Սարին Կիւլեան:

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը երգեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ պէտք չէ մոռնանք, թէ 108 տարիներ առաջ, 600 տարիներու ստրկութեան պայմաններէն ետք, մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ իր սեփական հողին վրայ, իր բազուկին ուժով ազատութեան պայմաններուն մէջ ապրելու եւ իր կամքը պարտադրելու աշխարհին: Պէտք չէ մոռնանք, թէ այս անկախութիւնը ձեռք բերուեցաւ բիւրաւոր նահատակներու արեան հեղումով, նաեւ պէտք չէ մոռնանք, թէ հայոց պատմութեան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստան լեցուած էր գաղթականութեամբ ու որբերով եւ սովի մատնուած, հայ ժողովուրդը այս պայմաններուն մէջ շրջադարձ մը կատարեց հայոց պատմութեան մէջ: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մենք պէտք չէ մոռնանք, այլ` մեզի համար պարտականութիւն պէտք է նկատենք պարբերաբար հայոց պատմութեան նայիլ, որպէսզի յիշենք, թէ մեր ժողովուրդը շատ անգամներ դժուարութիւններուն դիմաց ոտքի կանգնած է եւ ապահոված իր գոյութիւնը: Մենք պէտք է յիշենք, որպէսզի մեր զաւակներուն մօտ յարատեւէ պատմութեան յիշողութիւնը եւ ա՛յն ուղին, որ մենք ժառանգած ենք մեր նախնիներէն, որպէսզի մեր զաւակները հաւատարիմ ըլլան հայոց պատմութեան, հայրենիքին, լեզուին, բարքերուն, նուիրական ու սրբազան աւանդներուն, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի գոյութիւնը:

Շարունակելով իր քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ իրենք մօտէն կը հետեւին հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն` աւելցնելով, որ Արցախի անփառունակ անկումէն ետք այսօր վտանգուած է նաեւ Հայաստանի անկախութիւնը: Հետեւաբար, առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի յիշեցնէ բոլորիս, թէ կեանքին մէջ պատահականութիւն չկայ` շեշտելով, որ պէտք է յարգը գիտնանք անկախութեան ժառանգութեան, Հայաստանի անվտանգութեան, այլապէս մեր թշնամիները պատրաստ են մեզմէ խլելու մեր հայրենիքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց հայ ժողովուրդի գիտակցութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենանք ապահովել նորանոր յաղթանակներ եւ հայրենիքին մէջ համախմբուելով կերտել փառաւոր նոր յաղթանակ:

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Արարատի Հաւատարիմ Սերունդ»-ի Իր Իններորդ Հունձքը
Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 12 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները: Քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի դաստիարակ եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ Մատլէն Էզաճեան-Վարդանը, որ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ըլլալ բա՛րձր ինչպէս Մասիսը` իրենց նկարագիրին ու երազանքներուն մէջ, ըլլալ հաստատուն ինչպէս Մասիսի հիմերը` իրենց ինքնութեան եւ արմատներուն մէջ եւ ըլլալ մաքո՛ւր ինչպէս Մասիսի ձիւնափառ գագաթը` իրենց միտքերուն ու գործերուն մէջ:

«Մի՛ վախնաք բարձրութենէն, դուք ծնած էք գագաթներ նուաճելու համար… Ձեր մէջ կայ այն նոյն կայծը, որով մեր սուրբերը մագաղաթներ գրեցին ու մեր ֆետայիները լեռները սասանեցին…»:

Բացման խօսքէն ետք աշակերտները հանդէս եկան «Արարատը` մեր ուխտը, մեր ապագան» թեմայով` անհատական խօսքերով, նուագով, ասմունքներով ու խմբերգներով:

Բեմական պատկերը կը ներկայացնէր Արարատը տարբեր իրավիճակներու մէջ:

Նախ` Արարատը ներկայացուեցաւ իբրեւ սուրբ լեռ, որուն վրայ իր խաղաղութիւնը գտաւ Նոյեան տապանը, եւ անոր լանջերուն բացուեցաւ մարդկութեան նոր լուսաբացը: Այս բաժինին մէջ աշակերտները հանդէս եկան անհատական ու խմբային խօսքերով, ապա` նազպարով մը: Նազպարէն ետք ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներու սեփական գրիչով գրուած, երաժշտութիւն դարձած ու իրենց ձայներով երգուած` «Արարատի կարօտով» երգը: Ջրհեղեղի պատկերէն ետք Արարատը ներկայացուեցաւ իբրեւ դիմադրութեան ոգի ու պայքարի ներշնչարան. հոս` Արարատի կողքին, աշակերտները Լիբանանի ու անոր դափնեպսակ Սաննինի գովքը հիւսեցին` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, շեշտելով Լիբանանի իւրայատուկ դերը` գաղթական հայ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու եւ անոր համար երկրորդ հայրենիք դառնալու իրողութիւնը: Այսպէս, եթէ Արարատը մեզի տուաւ արմատ ու հպարտութիւն, ապա Սաննինը` թեւեր ու նոր երազանքներ:

Այս ոգեշունչ պատկերէն ետք, աշակերտները չորս տարբեր նուագարաններով նուագեցին «Ախպերս ու ես»-ը, որմէ ետք բեմէն իջնելով` ողջագուրուեցան իրենց ծնողներուն հետ եւ անոնց յանձնեցին մէկական յուշանուէրներ` իբրեւ երախտագիտութիւն:

Յայտագիրին երրորդ մասին մէջ աշակերտները բեմականացուցին շղթայուած Արարատի  պատկերը, երբ երկու աշակերտներ բեմէն իջնելով` բանտարկեցին զայն փշաթելերու ետին: Աշակերտները իրենց խօսքերով ու ասմունքի կտորներով եկան ըսելու, որ եթէ քարտէսով թուրքին է Արարատը, ապա խորքով մերն է, եթէ մարմինը թշնամիին աչքին տակն է, ապա հոգին մեզի կը պատկանի: Խօսքերու այս հակասութիւնները յանգեցան «Արարա՛տ, քո անունով» երգին, երբ  աշակերտները մեծ յուզումով նուագեցին ու երգեցին զայն: Յայտագիրին չորրորդ բաժինը կապ ունէր Հայաստանի մէջ նոր որոշում կայացուած` Արարատի պատկերին հետ, որուն նկարը ջնջուեցաւ մեր անցագիրներէն: Հոս մեծ բողոքով ու պոռթկումով հանդէս եկան կարգ մը աշակերտներ` ըսելու համար, որ ո՛չ մէկ թուղթ կրնայ սահման գծել հոգիին համար ու ո՛չ մէկ գրիչ կրնայ ջնջել այն, ինչ Աստուած գրած է մեր ճակատին. «Արարատը չի ջնջուիր մեր արիւնէն…»:

Բեմականացման հինգերորդ բաժինը Արարատի վերադարձի ուխտն էր, անոր կատարին հասնելու պատրաստակամութիւնը:  Վերջապէս, աւարտը արդէն ամբողջ բեմականացման գագաթնակէտն էր, երբ շրջանաւարտները ուխտեցին ըլլալ Արարատին հաւատարիմ ժառանգորդները` տէր կանգնելով մեր լեզուին, մեր պատմութեան, մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն եւ, այսպէս, բեմէն իջնելով` քանդեցին Արարատը բանտարկող այդ փշաթելերը ու անոր գագաթին կոթողեցին եռագոյն դրօշը: Պահը զգայացունց էր, միաժամանակ` գօտեպնդիչ, երբ պատկերը ցոյց տուաւ, որ գալիք սերունդներն են, որ օր մը  ետ պիտի առնեն Արարատը թուրքին ձեռքէն ու կոթողեն եռագոյնը անոր գագաթին: Բեմական պատկերը փակուեցաւ «Պիտի գնանք  վաղ թէ ուշ» խմբերգով:

Բեմական պատկերէն ետք տեղի ունեցաւ վահանի յանձնում: Կրեկորի Հալլաճեան եւ Մեղեդի Խաչատուրեան վարժարանի վահանը յանձնեցին  տասնմէկերորդ դասարանի  աշակերտներուն` Յովիկ Չերչեանին ու Աննա Մարիա Սինանեանին, որոնք, իրենց կարգին, խոստացան դպրոցական «կտակ»-ին տէրը դառնալ ու իրենց աշխատունակ ոգիով ու  տիպար կեցուածքով վարժարանին անունը միշտ բարձր պահել:

Յաջորդեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները` շրջանաւարտներ Նազօ Պետիկեանի, Մեղեդի Խաչատուրեանի եւ Քրիսթել Շէնզեանի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ շրջանաւարտները արժեւորեցին հայ դպրոցը, անոր սրբազան առաքելութիւնն ու հայակերտ դերը` «Հայ աշակերտ ըլլալը պատի՛ւ է, միաժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն», ըսաւ Նազօ Պետիկեան:  Ապա, իրենց շնորհակալական խօսքերը արտասանելէ ետք իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, անոնք խոստացան Արարատի հաւատարիմ ժառանգորդները ըլլալ ու իրենց ազգային արժէքներուն տէր կանգնիլ: «Սիրելի՛ դասընկերներ, այսօր մենք կանգնած ենք Արարատի բարձունքին. մեր ետին` դպրոցական տարիները ու մեր դիմաց` անհունն ու անյայտը: Բայց ո՞վ ըսաւ,  որ Արարատի ժառանգորդներս չենք կրնար բարձունքներ նուաճել, երբ հայ դպրոցի շունչով մեծցանք այստեղ»:

Ուղերձներուն յաջորդեց տնօրէնութեան խօսքը, զոր արտասանեց վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը. «Այս օրերուն, երբ մեր շուրջը դիւրինը, երեւութականն ու անցողիկը սկսած են արժէքի վերածուիլ, որքա՜ն յուսադրիչ է բնականը, դժուարը, մնայունը եւ, հետեւաբար, հայկականը ընտրելու ու հայ դպրոցով ապրելու որոշումը»: Ապա ան իր երախտագիտական   խօսքը յղեց բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոցի սնուցման ու ամրապնդման մէջ իրենց բաժինը բերին կամ կը բերեն` սրբազան հօր, Ազգային իշխանութիւններուն, դպրոցի պատասխանատու մարմիններուն, խնամակալութեան, բարերարներուն, միութիւններուն ու հաստատութիւններուն, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն ու աշակերտութեան: «Շնորհակալ ենք, որ հայ դպրոցով ապրելու հպարտութիւնը կը պարգեւէք մեզի եւ ձեր հովանին միշտ անպակաս կը պահէք Ազգային Միացեալ վարժարանին վրայ», ըսաւ ան:

Ապա տնօրէնը իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` ըսելով. «Այս յարկէն ներս դուք սորվեցաք ըլլալ իրաւ հայ ու քրիստոնեայ մարդ, որ գիտէ արժեւորել բարին ու գեղեցիկը, յարգել արժանաւորը ու մերժել վատը: Մնացէ՛ք քաջ, բայց` ազնիւ: Երբեք մի՛ վհատիք եւ հաստատակամութեամբ դիմագրաւեցէ՛ք կեանքի դժուարութիւնները»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներուն, որոնք ստացան գնահատագիրներ ու նիւթական պարգեւներ: Այսպէս, այս տարի վարժարանը ունեցաւ  տասնչորս տարբեր մրցանակներ, որոնք յատուկ չափանիշներով բաժնուեցան աշակերտներուն: Նախապէս հաստատուած հայագիտական նիւթերու «Գեղանի Էթիէմեզեան յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակին արժանացան շրջանաւարտներէն` Վանայ Աւետիսեան (Հայոց պատմութիւն)  եւ ԺԱ. կարգէն` Յովիկ Չերչեան (հայերէն): «Պօղոս Էզաճեան յիշատակի ֆոնտ»-ի նիւթական պարգեւը տրամադրուեցաւ երկու աշակերտներու` վարժարանի բարձրագոյն միջինը ապահոված Նուշիկ Էլէյճեանին (Ը. կարգ) եւ վարժարանի տիպար աշակերտի տիտղոսին արժանացած Աննա Մարիա Սինանեանին (ԺԱ.):

Նոր հաստատուած մրցանակներէն` «Մհեր Ջուլհաճեան» բնագիտութեան եւ «Մհեր Ջուլհաճեան» թուաբանութեան երկու մրցանակները ստացաւ գիտական այս նիւթերուն մէջ  բարձրագոյն միջինը ապահոված շրջանաւարտ Նազօ Պետիկեանը:

«Ժաք Վէքիլեան» կենսաբանութեան մրցանակին արժանացաւ Նուշիկ Էլէյճեանը:

«Յովսէփ Խաչերեան» արաբերէն լեզուի մրցանակին արժանացաւ դարձեալ Նուշիկ Էլէյճեանը:

«Մարօ Գանտահարեան» անգլերէն լեզուի մրցանակին` Սառա Գարավարդանեանը (ԺԱ. գրական): «Սեպուհ Խտրլարեան» երեք լեզուներու բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտը, որ մրցանակի արժանացաւ, դարձեալ Յովիկ Չերչեանն էր:

Վարժարանի «Եղիկ Գայայեան» ընկերասիրութեան մրցանակը ստացաւ Սագօ Ղուկասեանը (BT1), իսկ «Սեպուհ Խտրլարեան» ծառայասիրութեան մրցանակը` Լոռի Այնէճեանը (ԺԱ.), իսկ կրօնի «Սագօ Ղազարեան» մրցանակին արժանացաւ Ը. կարգէն Միքայէլլա Թոսունեան: Վերջապէս, աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Նազօ Պետիկեանը:

Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որ կատարուեցաւ ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն` Աւետիսեան Վանայ, Խաչատուրեան Մեղեդի, Հալլաճեան Կրեկորի, Պետիկեան Նազօ, Սէրայտարեան Աննա: ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն` Թոփուսքանեան Գէորգ, Թամթամի Մակի, Իսա Աննա Մարիա, Մանաքեան Լիւսի, Մկրտիչեան Փաթիլ, Շէնզեան Քրիսթել եւ Սալպաշեան Մեղրի:

Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը յղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տագնապալից պայմաններուն մէջ անգամ կրցանք հաւաքաբար նշել տարեփակի այս ուրախ առիթը` հայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը: Ապա ան իր գնահատանքը յայտնեց հայ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահելով` առիթ եւ պատճառ կը հանդիսանան, որ հայութիւնն ալ ուրախանայ ու հպարտանայ իր երիտասարդ ուսանողներու փաղանգով: Ապա սրբազան հայրը պարտաւորութիւն դրաւ շրջանաւարտներու ուսերուն, որ իրենց ստացած գիտելիքները ապագային պէտք է գործադրեն մեր համայնական կեանքէն ներս: «Կը սպասենք բոլորդ եւ կը յուսանք, որ յառաջիկայ կեանքի պայմաններուն մէջ չշեղիք ձեր ճանապարհէն, այլ անկասկած մնաք մեր ժողովուրդի հարազատ զաւակները` բանիւ եւ գործով»: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ հայ դպրոցի դիմագրաւած մեծագոյն տագնապին, որ հայ դպրոցին հանդէպ մեր ժողովուրդի զաւակներուն գիտակցութեան փոփոխութեան խնդիրն է. «Օրըստօրէ օտարամոլութիւնը սկսած է բոյն դնել մեր կեանքէն ներս: Վերջին տասնամեակին լիբանանահայութեան մեծագոյն իրագործումներէն մին այս վարժարանի կառուցումն էր. այս հսկայ կառոյցը այսօր պէտք է հայ աշակերտութեամբ յորդէր, բայց, ինչպէս գիտէք ցաւօք այդպէս չէ պատկերը…», եւ աւելցուց. «Այդ ցանկալի պատկերին հասնելու բաղձանքով` կը մաղթեմ, որ մեր ժողովուրդը սթափի, մասնաւորապէս զգաստութեան հրաւիրենք գիտակցութիւնը, որովհետեւ հայ դպրոցը մեր կեանքը պաշտպանող վահան է. այդ վահանն է, որ այս յարկէն ներս կը պահէ այն բոլոր արժէքները, որոնցմով մեր կեանքին յարատեւութիւնը կ՛ապահովուի: Առանց այդ բոլորին` վստահաբար ձեռնունայն կը մնանք մենք աշխարհի մը դիմաց, որ յարափոփոխ է եւ օտարոտի: Իսկ այս բոլորով կը մնանք կանգուն ու ամուր»:

Վերջապէս, ան  գնահատեց հայ կրթութեան սրբազան գործին իրենց ներդրումը բերող հայ դաստիարակն ու ուսուցիչը,  նուիրատուները, մէկ խօսքով` բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան ու անկէ կ՛ակնկալեն փայլուն արդիւնքներ:

Վերջապէս,  խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` սրբազան հայրը  ըսաւ. «Աստուած  պահէ ձեզ, բարի՛ երթ ու բարի՛ աշխատանք` յառաջիկայ ձեր կեանքէն ներս»:

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով. Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, 25 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ թեմի կեանքէն ներս հաստատուած տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, հաւաքուած ենք Սրբոց Հռիփսիմեանց յիշատակին առիթով, որ մեզ Հայոց պատմութեան հետ շաղկապող պահ է, աւելցնելով, որ ըստ պատմութեան, 301 թուականին քրիստոնէական հաւատքին համար Հայաստանի հողին վրայ առաջին անգամ նահատակուեցան Հռիփսիմեանց կոյսերը, որոնք Հռոմէն խոյս տուած էին իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ անցեալին հայոց աշխարհին մէջ քրիստոնէական կրօնին համար քաջաբար մարտնչողներ եւ նահատակներ ունեցած ենք եւ զիրենք կը յիշենք, որպէսզի իրենց օրինակով մեր կեանքին խրախոյս բերենք, նաեւ մեր հաւատքին զօրութիւն շնորհենք: «Սուրբերը հաւատքի ախոյեաններ են: Անոնք ներկայ են մեզի հետ այս աշխարհէն ներս, բայց նաեւ Աստուծոյ մօտ են` մեզի համար բարեխօս, յաւերժօրէն կենդանի», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ անոնք միայն յիշատակ չեն, այլ պէտք է ապրին եւ արտայայտութիւն գտնեն շնորհիւ անոնց, որոնք այս աշխարհի պայմաններուն մէջ կը փորձեն երբեմն հոսանքն ի վեր թիավարելով` հաւատք պահել, քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ, զոհել եւ զոհաբերել, որպէսզի կեանքէն ներս պաշտպանուի եւ յարատեւէ այն, ինչ որ Աստուծոյ շնորհքն է` պարգեւը, մեր կեանքին համար ձրիօրէն մեզի ընծայուած, որպէսզի մենք մեզ անցաւոր այս աշխարհի պայմաններէն կարողանանք ուղղել դէպի յաւիտենականը:

Շարունակելով իր քարոզը` Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց խորանին վրայ ունինք սրբոց մասունքէն նշխար մը, որպէսզի այդ նշխարով մենք եւս սրբութիւն բերենք մեր կեանքին եւ յիշենք մասնաւորաբար ներկայ նիւթապաշտ ժամանակներու մէջ, թէ արդարեւ մեզի հետ ունինք մեր սուրբերը` իբրեւ բարեխօս Աստուծոյ մօտ, ինչպէս նաեւ` մեզի համար կեանքի օրինակ, որպէսզի իրենց նայելով խրախուսուինք եւ խրախոյս բերենք մեր կեանքին, ինչպէս նաեւ իրենց սրբութեան օրինակով սրբութիւն պահենք եւ պաշտպանենք մեր առօրեայէն ներս, մեր տուներուն մէջ, մեր համայնական կեանքի պայմաններէն ներս:

Յայտնենք, որ 26, 27, 28 եւ 29 մայիս երեկոյեան ժամը 6:30-ին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն` հետեւեալ նիւթերով.  երեքշաբթի, 26 մայիսին, խորհրդածութեան նիւթ` «Քրիստոնեայ հաւատացեալը», որ ներկայացուց Յակոբ Ա. քհնյ. Պզտիկեան, չորեքշաբթի, 27 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Աստուծոյ խօսքը մեր ամէնօրեայ հացը պէտք է ըլլայ», որ ներկայացուց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, հինգշաբթի, 28 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Միշտ աղօթել առանց վհատելու», որ ներկայացուց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան,  ուրբաթ, 29 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնը առիթ վերանորոգման», որ ներկայացուց Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Իսկ երկուշաբթի, 1 յունիսին, նախագահութեամբ Սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք Հռիփսիմեանց մասունքով:

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն
Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս հաստատուած սովորութեան համաձայն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան դիմաց տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն․-

Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Աղօթքի շաբթուան բացում, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Քրիստոնեայ Հաւատացեալը»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ. Տ. Յակոբ Ա․ Քհնյ. Պզտիկեան

Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Աստուծոյ խօսքը մեր ամենօրեայ հացը պէտք է ըլլայ»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Ղեւոնդ Քհն․ Լօշխաճեան

Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Միշտ աղօթել առանց վհատելու»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Միքայէլ Քհն․ Տէմիրճեան

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին

Խոհրդածութեան նիւթ՝ «Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնը առիթ վերանորոգման»

Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Արժ․ Տ․ Սուրէն Քհն. Արսլանեան

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին

ՍՈՒՐԲ եւ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԳ եւ Հռիփսիմեանց Մասունքով ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս քահանայից դասուն

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց։