Նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ծանօթանալու համար հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակին: Այս պարագաները առհասարակ աննկատ կը մնան մեր հաւաքականութեան համար, եւ պատահականօրէն յանձնուելով բուժարաններու հոգատարութեան` անոնց հանդէպ մեր հաւաքականութեան ունեցած պատասխանատուութեան խնդիրը կը մնայ բոլորովին անորոշ:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան յայտնեց, որ այսօրուան տագնապալի պայմաններուն մէջ, ընկերային ծառայութիւնը դարձած է առաջնորդարանի գործունէութեան հիմնական առանցքներէն մէկը: Րաֆֆի Սիսլեան ըսաւ, որ առաջնորդարանը պատրաստ է նաեւ ստանձնելու հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայրենակիցներուն հոգատարութեան խնդիրները հետապնդելու պատասխանատուութիւնը եւ նաեւ անոնց ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու պարտականութիւնը, պայմանով որ համայնքին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան բաժանմունքները մասնակից ըլլան ընդհանուր ճիգին:
Իր կարգին, Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախարարի պաշտօնակատար տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակով զբաղելու աշխատանքը բարդ ու բազմերես է եւ կ՛ընդգրկէ կացութեան համաձայն մասնագիտական արժեւորում, բուժման տարբերակներու ճշդում, բուժարաններու եւ համապատասխան կեդրոններու մէջ ենթակաները տեղաւորելու խնդիր, վերոնշեալ հաստատութիւններուն հետ հետեւողական կապ պահելու եւ նիւթական յատկացումներ կատարելու անհրաժեշտութիւն ու ընտանեկան պարագաներուն հոգեբանական զօրակցութիւն մատուցելու կարիք, ինչ որ կ՛ենթադրէ հաւաքական կամք եւ մասնակցութիւն:
Ապա, մասնակիցները քննելով հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներուն վիճակուած կացութիւնը, համաձայն գտնուեցան, որ առաջին փուլին, իւրաքանչիւր կառոյց տարեկան երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրելով մասնակցութիւն բերէ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տարուելիք աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի տրամադրութեան տակ դնելու այս աշխատանքին համար կառոյցներուն ունեցած կարելիութիւնները:
Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներու, Երեսփոխանական գրասենեակի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, «Գարակէօզեան» հաստատութեան, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի եւ Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու պատասխանատուները: