Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանը հիմնուած է 1930-ին։ Նախնական շրջանին վարժարանը գործեց Հայկ Պերթլիզեանի սեփական շէնքի երեք-չորս սենեակներուն մէջ, ապա վարժարանը փոխադրուեցաւ եկեղեցի, որուն ատեանը, վերնատունը եւ գաւիթը օգտագործուեցան իբրեւ դասարաններ։ Երբ աճեցաւ աշակերտութեան թիւը, բակին մէջ շինեցին փայտաշէն երեք-չորս դասարաններ, որոնք հետագային քանդուեցան։
1945-1970 տարիներուն, թաղական խորհուրդները պարբերաբար ընդարձակեցին դպրոցին շէնքը, հեզտհետէ գնելով դպրոցին կողքին գտնուող բնակարանները։ Այս ձեւով դպրոցը ունեցաւ երկու շէնք։
1948-ին կազմուեցաւ վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, գլխաւոր նպատակ ունենալով նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ վարժարանին։
1972-ին, դպրոցին կառոյցը ամբողջովին փոխարինուեցաւ ճարտապարետական չափանիշերով օժտուած ու օրուան պահանջները գոհացնող նոր կառոյցով։
ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ
1930-1932 Յարութիւն Բարեջանեան
1932-1933 Գարեգին Ինճէեան
1933-1937 Պարգեւ Տէր Յովհաննէսեան
1937-1939 Կարապետ Յարութիւնեան
1939-1940 Հայր Զարեհ Վրդ․ Փայասլեան
1940-1942 Շաւարշ Մակարեան
1942-1966 Սեդրակ Զաւէն
1966-1979 Յակոբ Ժամկոչեան
1979-1997 Մանուկ Գարալէքեան
1998-էն մինչեւ այսօր Յովիկ Պերթիզլեան
Վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներն են՝ Րաֆֆի Պալապանեան, Մարալ Մահսերէճեան, Նորիկ Մուրատեան, Յակոբ Լօշխաճեան, Սեւակ Քէշիշեան, Ալեքսան Խաչատուրեան, Ռաֆֆի Գարակէօզեան, Զարեհ Թորոսեան եւ Ժան Գալուստեան։