1823-1828 թուականներուն, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Յակոբոս եպս. Լիւստացի, Դիոնիսիոս եպս. Գարթալցի եւ Յակոբոս կամ Գրիգոր վարդապետ կը յարին ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ հաստատուած Աւետարանական համայնքին եւ պաշտօնի կը կոչուին Սայտայի եւ Պէյրութի մէջ։ Լիբանանի եւ յատկապէս Պէյրութի փոքրաթիւ հայ գաղութը երկար դարեր կապուած մնաց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան հոգեւոր եւ վարչական մատակարարութեան։

Վերոյիշեալ դաւանափոխ եկեղեցականներէն Յակոբոս եպս. Լիւստրացին կը մահանայ 29 Հոկտեմբեր 1845-ին, եւ իր կալուածը՝ տունն ու յարակից հողերը Յովհաննէս պատրիարքը կը գնէ եւ մատուռի կը վերածէ ստորնայարկի մասը։ Այս ծախսերուն մեծամասնութիւնը՝ 125000 ղրուշ կը հոգայ Յովսէփ սարկաւագ Այնթապցին։

Հողամասի գնումէն ետք, Պատրիարքին արտօնութեամբ հետեւեալ արձանագրութիւնը կը զետեղուի մատռան մայր դրան ճակատին.

«Օծմամբ սրբեցելով հաստատեցաւ եկեղեցիս յանուն Ս. Նշանի Փրկչին, ի յիշատակ նախահաւատ ժողովրդեան Հայոց, բարեջան տենչանօք Սրբոյ Գահին Երուսաղէմի Տ.Տ. Յովհաննու Սրբազան Պատրիարքի Զմիւռնիացւոյ, ի մատուցումն պաշտաման սրբազան խորհրդոյ, ի փառս Ամենասուրբ երրորդութեան, գնեալ արդեամբ Յովսէփ սարկաւագի Այնթապցւոյ միաբանի Սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղէմի։ Յամի 1851, ի Փետր. 28»։

Յովսէփ Սարկաւագ Այնթապցին վախճանած է 22 Սեպտեմբեր 1866-ին, Այնթապի մէջ։

Օգնական նուիրակ Հնդկաց Յովհաննէս վրդ. Իփէքեանի հրամանով, 1876-ին մանրակրկիտ կերպով կը չափուի Ս. Նշան եկեղեցւոյ ամբողջ տարածութիւնը եւ ժապաւինեալ տոմարի մէջ պաշտօնապէս կը յիշատակուի։ Շնորհիւ այս արձանագրութեան, հետագային տարածքին տիրութիւն հաստատելու Էմիլ Թապէթ ընտանիքի 13-ամեայ դատը ձախողութեան մատնուեցաւ։

Կարճ ժամանակ ետք, այս մատռան տեղ կը կառուցուի փոքրիկ եկեղեցի մը։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացին, Դեկտեմբեր 1916-ին, եկեղեցին թրքական կառավարութեան կողմէ ճամբան ընդլայնելու պատրուակով կը գրաւուի եւ կը քանդուի։

Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Սուրիոյ-Լիբանանի մէջ ունէր երեք կեդրոններ, որոնք Երուսաղիմական վանքեր եւ հոգետուներ են, եւ նախապատերազմեան շրջանէն ի վեր այդ վանքերուն մէջ «տեսուչ» պաշտօնով Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կողմէ նշանակուած եկեղեցականներ կան։ Գլխաւոր այս վայրերն են Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաւոդիկէի «տեսչութիւն»ները, որոնց պատասխանատուութիւնը կը սահմանափակուէր յիշեալ վանական կալուածներու մատակարարութեամբ եւ ուխտաւորներու հոգածութեամբ։

Գաղթականութեան աճումէն ետք, Սահակ կաթողիկոս իր կողմէ նշանակեց փոխանորդներ եւ ազգային մարմիններ։

Սահակ Կաթողիկոս փափկութեամբ կը տեղեկագրէր Երուսաղէմի Ս. Պատրիարք Եղիշէ Դուրեանին իր կողմէ կատարուած նշանակումները։ Երուսաղէմի պատրիարքութեան կողմէ նշանակուած տեսուչ վարդապետները անբաւարար էին աճող գաղթականութեան ազգային բազմապիսի խնդիրներով զբաղելու, ուստի, անհրաժեշտ էր նոր եւ աւելի լայն իրաւասութիւններով սահմանադրական մարմիններ կազմել եւ առաջնորդներ կամ կաթողիկոսական փոխանորդներ նշանակել։

Առաջին հանգրուանին, Երուսաղէմի միաբանութիւնը առաջքը առնելու համար կաթողիկոսի միակողմանի ձեռնարկին, իր տեսուչներուն տիտղոսը պահ մը կը փոխէ Պատրիարքական փոխանորդ տիտղոսին։

11 Մարտ 1924-ին ֆրանսական բարձր գոմիսէրութիւնը կը ճանչնայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը։

Տ. Սահակ Կաթողիկոս 5 Օգոստոս 1924-ի թուակիր նամակին կցուած թեմական վիճակացոյցով մը կը տեղեկացնէ ֆրանսական բարձր գոմիսէր Զօր. Վէյկանին, այլ թեմերու կարգին նաեւ Լիբանանի վարչական կեդրոնացումները, խնդրելով որ բարեհաճի բոլոր իշխանութիւններուն յանձնարարել իր կողմէ նշանակուած հետեւեալ պատասխաանտու եկեղեկացականներուն պարտականու-թիւններուն կատարման դիւրութիւններ ընծայել։

Սահակ Բ. Կաթողիկոսի հրահանգով, 13 Մարտ 1925-ին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ եւ Քէմփի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (տախտակաշէն եկեղեցի, կառուցուած Հոկտեմբեր 1923-ին) զոյգ թաղական խորհուրդներու պատրաստած 188 անձերու ցանկին համաձայն, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ 137 անհատներու մասնակցութեամբ կազմակերպական մարմինի` Ազգային Խորհուրդի ընտրութիւնը։ Կանխօրէն, Կաթողիկոսի համաձայնութեամբ, պատրաստուած էր 21 հոգինոց ցանկ, որուն մէջ ժողովականները պէտք է ընտրէին եօթը անդամներէ բաղկացած մարմին մը, որ չկրցաւ արդիւնաւոր աշխատանք տանիլ։

15 Յուլիս 1925-ին Սահակ Կաթողիկոս պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 25 Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Գաւառական ժողովի ընդհանուր քուէարկութիւնը, Ազգային Սահմանադրութեան 66 եւ 68 յօդուածներու տրամադրութեամբ։ Ս. Նշան վանքի ընտրողներու թիւն էր 539, իսկ Ս. Խաչինը՝ 1136. ընդհանուր՝ 1675։ Ընտրուեցան 21 երեսփոխաններ, որոնցմէ 14-ը Պէյրութի եւ վրանաքաղաքներու չորս շրջաններէն, իսկ երեքը՝ Կաթողիկոսին կողմէ։

18 Յուլիս 1925-ին տեղի ունեցաւ գաւառական առաջին ընտրութիւնը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ անդրանիկ Գաւառական ժողովը, հաստատուեցաւ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Առաջին Գաւառական ժողովը նախագահ կ՛ընտրուի Յակոբ Տէր Մելքոնեան։

Նոր ժամանակներու կանոնագրութեան մը կազմութեան ձգտումներով եւ վերջնականապէս օրինական հիմեր տալու համար ազգային կեանքին, Սահակ Կաթոիկոս 30 Մարտ 1926-ին կը հրատարակէ շրջաբերական մը, որուն մէջ գրուած է.

«Անցեալ տարի բարձր գոմիսէրութեան մեր մատուցած յիշատակագրին վրայ, Ֆրանսայի մեծ հանրապետութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնս ճանչցաւ իբր կաթողիկոս Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան, ու փափաքեցաւ որ մեր Աթոռը Պէյրութի մէջ հաստատեմք… Այս առթիւ, փորձառութեամբ եւ ազգային գործոց հմտութեամբ մի քանի ծանօթ ազգայիններ հրաւիրեցինք, որ Ազգային օրինաց եւ աւանդութեանց պահպանութեան նախանձախնդիր ոգւով չզլանան իրենց գործակցութիւնը։ Բաւական երկար պարապումով պատրաստուեցաւ կազմական ծրագիրը, եթէ ոչ մանրամասնօրէն, գոնէ իր խոշոր գիծերուն մէջ։

Ներկայ տարուան սկիզբը, մեր երկրորդ դիմումին, վսեմաշուք ժեներալ Վէյկանը նոյն բարեացակամութիւնը ցոյց տալով, մանաւանդ մեր ժողովուրդի հպատակ արձանագրուելու խնդիրը վերջնականապէս կարգադրելով, հասած համարեցինք լիապէս կազմակերպուելու պատեհ ժամանակը…

Մեծն Լիբանանու այն տեղերուն ուր եկեղեցի, դպրոց, հովիւ, թաղական խորհուրդներ կան, կրթական, վարչական, որբական ու կարօտներու խնդիրները մեր միջոցաւ ու մակագրութեամբ Ազգային Խորհրդոյ պիտի յանձնուին ի կարգադրութիւն։»

1 Սեպտեմբեր 1926-ին տեղի ունեցաւ Թեմի առաջին Գաւառական ժողովին անդրանիկ նիստը, որուն ատենապետ կ՛ընտրուի Յակոբ Տէր Մելքոնեան։

3 Մարտ 1929-ին Սահակ կաթողիկոս Տ. Եղիշէ արք. կը գրէ.

«Կարծեմ ժամանակն է, Սրբազան Եղբայր, Պէյրութի մէջ, որ մեր դիւրախոցելի կողն է, վերջ տալ երկուութեան, նոր մղում տալու համար կազմակերպուած հանգանակութեան… Կալուածի փոխանցման այս կարգադրութեամբ, Ս. Նշան վանքը եպիսկոպոսարան կ՛ըլլայ, եւ երկսեռ դպրոցները աւելի փայլ եւ անուն կ՛ունենան… Ուծացող ազգայինք կրկնապատկուած սիրով պիտի փարին Ս. եկեղեցիին, եւ այսու՝ արտաքին վտանգին ուժգնութիւնը իր թափը պիտի կորսնցնէ։ Բաւական է որքան բարբանջեցին՝ «Հայ Եկեղեցին ներքին պառակտումով կորսուա՜ծ է…»։

Առ ի պատասխան Տ. Սահակ Կաթողիկոսի նամակին, 26 Մարտ 1929-ին Եղիշէ պատրիարք Սահակ Կաթողիկոսին կը գրէ.

«Տարւոյս Մարտ 26-ի Երեքշաբթի, յետ միջօրէի ժամը 4։30-ին Մեր նախագահութեամբ գումարուած Միաբանական ընդհանուր ժողովս մասնաւոր խորհրդակցութեան առարկայ ըրաւ Ձեր Ս. Օծութեան առաջարկը եւ միաձայնութեամբ որոշեց՝ Սիւրիոյ երուսաղիմապատկան թեմերուն վերաբերեձալ եկեղեցի, վանատուն եւ դպրոց փոխանցել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Որոշուեցաւ նաեւ, որ այդ փոխանցումը սկսի Պէյրութէն, ուր Ձեր Ս. Օծութեան կողմէ կաթողիկոսական փոխանորդ կարգուած է արդէն Գեր. Կ. Եղիշէ Ս. եպս. Կարոյեան։»

14 Ապրիլ 1929-ին Եղիշէ Պատրիարքի հրամանով Երուսաղէմէն Պէյրութ կը ժամանէ Մատթէոս եպս. Գայըգճեան եւ Կարապետ Յ. Նուրեան կատարելու կալուածներու փոխանցումը։ Եղիշէ եպս. Կարոյեանին կը փոխանցուին Ս. Նշան եկեղեցին՝ մէջի անօթներով եւ զգեստներով, փոխանորդարանը՝ մէջի գոյքերով, ազգային վարժարանը, վանքին բակը, նոր գերեզմանատան հողը (Ֆըռն Էլ Շըպէք) զոր Երուսաղէմի վանքը գնած էր 1923-ին։

Երուսաղիմապատկան կալուածներու Կիլիկիոյ Կ

Ուրեմն, Երուսաղէմի միաբանութեան ընդհանուր որոշումով Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ հոգեւոր տեսչութիւններու հետ փոխանցումը կատարուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Այսուհետեւ «տեսուչ» վարդապետներու փոխարէն պաշտօնի կը կոչուին կաթողիկոսական փոխանորդներ եւ ապա առաջնորդներ։

1929-1940 Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանարդ կը նշանակուի Եղիշէ եպս. Կարոյեան։

Զինադադարի տարիներուն, հայերու կողմէ վերագրաւուելով, Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան, բարձր գոմիսէ Ժորժ Փիքոյէն արտօնութիւն ստանալէ ետք, Պէյրութի ազգայիններու նիւթական եւ բարոյական ճիգերով նոր եկեղեցի մը կը կառուցուի իր նախկին հիմերուն վրայ, որ 1937-ին ճարտապետներու թելադրանքով կը քանդուի ու կը ձեռարկուի աւելի ընդարձակ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն։ Տարի մը ետք կ՛աւարտի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շինութիւնը։

Պատասխանատու առաջնորդն էր Տ. Խադ Ծ. վրդ. Աջապահեան, Ճիւնիի հովիւ՝ Տ. Գարեգին Ա. քհնյ. Պողարեան, Զահրէլի հովիւ՝ Տ. Խաչատուր քհնյ. Տ. Ղազարեան, Թրիփոլիի հովիւ՝ Տ. Փառէն Ծ. վրդ. Մելքնեան, Սայտա-Սուրի հովիւ՝ Տ. Արսէն քհնյ. Յովսէփեան։

Եղիշէ Արք. Կարոյեանի Անթիլիաս հաստատուելէն ետք, 1940-ին, Լիբանանի հայոց թեմին Առաջնորդական տեղապահ կը կարգուի Ներսէս վրդ. Յարութիւնեան, որ երկու տարի ետք կը հրաժարի իր ուխտէն։ Ապա 30 Մարտ 1942-ին Թեմի Խառն ժողովին կողմէ կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնին կը կոչուի բանասէր եւ ուսումնասէր Արտաւազդ արքեպս. Սիւրմէյեան։

Ապա երկրորդ անգամ ըլլալով, Կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնով 1 Օգոստոս 1946-ին Խադ արքեպս. Աջապահեան կը ստանձնէ իր պաշտօնը։

25 Դեկտեմբեր 1951-ին, Լիբանանի թեմի Ազգային գաւառական ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ Լիբանանի առաջնորդ կ՛ընտրուի Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի լուսարարապետ եւ Դրան եպիսկոպոս Խորէն եպս. Բարոյեան։ Առաջին անգամ ըլլալով, համաձայն Ազգային սահմանադրութեան թեմը կ՛ընտրէր իր Առաջնորդը, տրուած ըլլալով որ իր նախորդները Կաթողիկոսական փոխանաորդի հանգամանքով կը վարէին թեմական աշխատանքներ։

Խորէն եպս. Բարոյեանի օրով կը կանոնաւորուի Ազգային Առաջնորդարանի ներքին վարչական կազմակերպութիւնը։ Ժողովներն ու խորհուրդները կանոնաւոր կերպով կը գործեն հերթական նիստերով եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ։ 16 Յունիս 1963-ին, ներկայութեամբ բարերար Տէր եւ Տիկին Խորէն Թահանի, տեղի կ՛ունենայ Ս. Նշանի կալուածի հարաւային բակին մէջ, եռայարկ Ազգային Առաջնորդարանի նոր շէնքի հիմնարկէքը։

Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, Հոկտեմբեր 1954-ին, Խորէն եպս. Բարոյեան Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամունի կողմէ կը պարգեւատրուի Մարիներու ազգային կարգի հրամանատարի շքանշանով։

Յաջորդող տարին, Մայիս 1955-ին, Լիբանանի Ազգային գաւառական ժողովը, գնահատելով Նորին սրբազնութեան եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն աշխատանքները եւ իրագործումները, զինք պատուեց Շինարար տիտղոսով։

Խորէն Արք. Բարոյեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռ բարձրանալէն ետք, 14 Յունիս 1963-ին Լիբանանի հայոց թեմի Գաւառական ժողովին կողմէ առաջնորդ կ՛ընտրուի Տաճատ արք. Ուրֆալեան։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net