Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը` «Երազանքներու Քաղաքը»

Հինգշաբթի 11 յունիս 2026-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` «Երազանքներու քաղաքը» խորագիրով: Հանդէսը ներկաները փոխադրեց երազանքներու եւ մանկական անմեղութեան աշխարհ մը. արդարեւ, բեմը վերածուած էր իսկական քաղաքի` գեղեցիկ ձեւաւորումով: «Գիշերուան թագուհի»-ին առաջնորդութեամբ, աշակերտները

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2025-2026 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յունիսի երեկոյեան Ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին: Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք շրջանաւարտ դասարանի աշակերտուհիները հայկական գեղեցիկ նազպարով

Continue reading

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Արարատի Հաւատարիմ Սերունդ»-ի Իր Իններորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 12 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի

Continue reading

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով. Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, 25 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ թեմի կեանքէն

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն

Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս հաստատուած սովորութեան համաձայն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան դիմաց տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն․- Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին Աղօթքի շաբթուան բացում,

Continue reading

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան

Continue reading

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 ապրիլին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը միւռոնով օծեց արուեստագէտ հանգուցեալ Գրիգոր Զոհրապ Քէշիշեանի վրձինին պատկանող երկու սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին արուեստագէտին քրոջ աղջկան`

Continue reading

Ամենահաստատունն Ու Տեւողը Աստուծոյ Հաւատքով Կառուցուածն Է

  «Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ‚ որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան‚ որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի: Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ‚ նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա‚ ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար»: Ա. Պետրոսի 1:5-6 Զատկական տօնի բարեբաստիկ առիթով, Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. Նամակէն վերցուած այս մտածումներով

Continue reading