Ծնած է 1958-ին Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացաւ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով` 1976-ին ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ: 1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձաւ անոր տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման՝ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ: 1980-ին ձեռնադրուեցաւ աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ շարունակեց դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայեց Յունաստանի թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղաւ հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ: 1993-ին ստացաւ Ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնեցաւ Քանատայի թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 2002-ին վերադարձաւ Մայրավանք եւ մէկ տարուան համար ստանձնեց «Թռչնոց Բոյն»-ի տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ ծառայեց հովուական պաշտօնով` հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնեց Անթիլիասի դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս: 2011-ին նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ:
Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ։
Ուրբաթ, 13 Մարտ 2020-ին, նշանակուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ: Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ։ Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նորընտիր առաջնորդին շնորհեց արքութեան տիտղոս:
Ծնած է 10 մայիս 1962-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Աւազանի անունն է Մանուկ: Նախակրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ: 1973–1974 կրթական տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: 21 յունիս 1981-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ անդամակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: 1981-1985 դպրեվանքին մէջ վարած է հսկիչի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ: 1985-1986 եղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գաւազանակիրը: 1986-1991 աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Վանքուվըրի (Քանատա) մէջ եւ իբրեւ հովիւ ծառայած է տեղւոյն համայնքին: 1991-1997 իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ: 1997-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչի պաշտօնը: 12 մայիս 2002-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ: 31 հոկտեմբեր 2010-ին ստացած է արքութեան տիտղոս: 9 մայիս 2011-ին ստացած է դոկտորական վկայական Պրիթիշ Քոլոմպիայի համալսարանի Վանքուվըրի Աստուածաբանական դպրոցէն: 2013-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոսի պաշտօնը: 2014-2015 եղած է Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ: 31 օգոստոս 2018-ին ընտրուած է Լիբանանի հայոց առաջնորդ: Հեղինակ է հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու:
Ծնած է 1958-ին Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացաւ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով` 1976-ին ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ: 1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձաւ անոր տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման՝ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ: 1980-ին ձեռնադրուեցաւ աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ շարունակեց դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայեց Յունաստանի թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղաւ հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ: 1993-ին ստացաւ Ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնեցաւ Քանատայի թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 2002-ին վերադարձաւ Մայրավանք եւ մէկ տարուան համար ստանձնեց «Թռչնոց Բոյն»-ի տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ ծառայեց հովուական պաշտօնով` հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնեց Անթիլիասի դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս: 2011-ին նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ:
Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ։
Ծնած է 1962-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Նախակրթական ուսումը ստացած է Ազգային Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ապա միջնակարգը՝ Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարաններուն մէջ։
1978-ին մուտք գործեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Դպրեվանք եւ 1981-ին ձեռնադրուեցաւ աբեղայ։ 1984-ին ստացաւ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւնը։ Դպրեվանքին մէջ վարեց հսկիչի եւ մատակարարապետի պաշտօնները։ Ազգային Չաթալպաշեան վարժարանին մէջ դասաւանդեց կրօնական եւ հայագիտական նիւթեր։ Ունի հայերէնէ արաբերէն թարգմանուած գիրքեր։
1985-էն 1995 վարեց հիւսիսային Յունաստանի հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, իսկ 1995-էն 2013 Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը։
Ծնած է 1947-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Հոկտեմբեր 1961-ին ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Անթիլիաս։ Մայիս 1965-ին ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ՝ ձեռամբ Գարեգին Եպս. Սարգիսեանի (ապա` Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ապա Ամենայն Հայոց)։ Մայիս 1968-ին, ձեռնադրուեցաւ աբեղայ՝ ձեռամբ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի (նախկին Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց) եւ Ապրիլ 1970-ին ստացաւ Վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին։ Հոկտեմբեր 1978-ին, տակաւին ուսանող Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտրուեցեաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ եւ Մայիս 1979-ին՝ Առաջնորդ։ Մայիս 1980-ին ստացաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան, եւ յաջորդ օրն իսկ ձեռնադրուեցաւ Եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին։ Յունուար 1985-ին ստացաւ Արքութեան տիտղոս։ 1968-էն 1978 անընդմիջաբար իր բարձրագոյն ուսումը շարունակեց Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի “Near East School of Theology”, Ամերիկեան Համալսարանի “American University of Beirut”, Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին “Ecumenical Institute of Bossey”, Օքսֆորտի համալսարանի “Oxford University” արեւելագիտութեան բաժնին եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարանին “Fordham University” մէջ, եւ կը ստանայ ակադեմական հետեւեալ վկայականները.- Պսակաւոր Արուեստից “B.A.”, Մագիստրոս Աստուածաբանութեան “M.Div”, Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան “S.T.M.” եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան “Ph.D.”։

1968-էն 1975, մինչեւ Ամերիկա ուսման մեկնիլը, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս վարեց հետեւեալ պաշտօնները.- Փոխ-Տեսուչ Մարտիկեան վարժարանի, Դպրեվանքի Տեսչի Օգնական ու ապա՝ փոխտեսուչ, աստուածաբանական նիւթերու դասախօս Դպրեվանքէն ներս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար։ 1972-էն 1975 դասաւանդեց նաեւ Հայկազեան համալսարանէն ներս եւ յաճախակի առիթներով յատուկ դասախօսութիւններ տուաւ Պէյրութի Համալսարանի (BUC) եւ Ամերիկեան համալսարանի (AUB) մէջ։
Եկեղեցական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց միջ-եկեղեցական շարժումը “Ecumenical Movement”։ Աբեղայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, հանգրուանային զարգացումով ան իր հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային եկեղեցական այս մեծ շարժումին՝ թէ՛ տեղական, թէ՛ Միջին Արեւելեան եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։

1974-ին իր կարեւոր դերը ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կառոյցին վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ կը դառնայ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ։ 1977-ին նշանակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վիեննայի PRO-ORIENTE Կաթոլիկ էքիւմէնիք կազմակերպութեան մօտ, եւ ապա կ’ընտրուի նոյն կազմակերպութեան պատուոյ անդամ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-Քաղկեդոնական եւ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու (Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches), Ուղղափառ-Աւետարանչական (Orthodox-Evangelical) եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Բարեկարգեալ (Oriental Orthodox-Reformed) եկեղեցական ընտանիքներու աստուածաբանական տիալոկին միջազգային մակարդակի վրայ՝ որպէս հիմնադիր ու մնայուն անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբերուն։ Կարեւոր դեր ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան (Oriental Orthodox–Roman Catholic Theological Dialogue) նախաձեռնութեան մէջ։ Դարձաւ մնայուն անդամ նաեւ շրջանային ու միջազգային շարք մը աստուածաբանական ու էքիւմէնիք յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու։

Էքիւմէնիք ծառայութեան մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)։ 1970-էն սկսեալ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն։ Դարձաւ անդամ Խորհուրդի երիտասարդական բաժանմունքին եւ ապա «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովին ու անոր գործադիր վարչութեան։ 1983-ին Ե. Հ. Խորհուրդի Վանքուվըրի համաժողովին կ’ընտրուի Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ. իսկ 1991-ին Քէմպերայի (Աւստրալիա) համաժողովին ընտրուեցաւ Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց Ատենապետ՝ եօթ տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։ Վեհափառը առաջին Ուղղափառն է եւ ամէնէն երիտասարդը Ե. Հ. Խորհուրդի պատմութեան մէջ, որ ընտրուեցաւ միջազգային սոյն մեծ կազմակերպութեան բարձրագոյն պաշտօնին։ Իսկ 1998-ին Հարարէի (Զիմպապուէյ) մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 8-րդ համաժողովին Վեհափառ Հայրապետը վերընտրուեցաւ որպէս Ատենապետ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ ան հանդիսացաւ առաջին վերընտրուած Ատենապետը։

Կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ միջ-կրօնական մարզէն ներս։ Մասնակցեցաւ միջազգային բազմաթիւ համագումարներու։ Նաեւ հրաւիրուեցաւ որպէս գլխաւոր դասախօս։ Այս շրջագծէն ներս յատուկ աշխատանք տարաւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալման։ Վեհափառը միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող համագումարներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպեց նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ 1994-ին պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ World Religions Museum Foundation-ի, իսկ 2006-ին՝ World Religions for Peace միջազգային կազմակերպութեան։ Ան նաեւ կարեւոր ներդրում կատարեց իբրեւ գլխաւոր դասախօս եւ նախագահ՝ G8-ի Միջ-կրօնական համագումարներուն: Հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ թէ պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կ’արծարծէ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն ու Արցախի հարցերը։
1978-ին ընտրուեցաւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ եւ Լիբանանահայ կեանքի ամէնէն փոթորկոտ շրջանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ձեռնհասութեամբ վարեց Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը։
Կաթողիկոս ընտրուեցաւ 28 Յունիս 1995-ին։ Օծումը տեղի ունեցաւ 1 Յուլիս 1995-ին, մասնակցութեամբ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական բոլոր Աթոռներու Գահակալներուն։
Արամ Վեհափառը արժանացաւ միջազգային պատուոյ տիտղոսներու ու շքանշաններու՝ պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու եւ համալսարաններու կողմէ։ Բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ միջազգային պետական, քաղաքական ու կրօնական դէմքերու հետ։ Իսկ Կաթողիկոսական Գահ բարձրանալէն ի վեր Արամ Ա. Կաթողիկոս լծուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման աշխատանքին։ Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել Կաթողիկոսարանէն ներս նոր բաժանմունքներու հաստատումը, որոնք ազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ ընդարձակեցին Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան նախկին բաժանմունքին կողքին աւելցաւ Կրօնագիտական Ուսմանց յատուկ լսարանը. միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ բաժանմունքի մը հիմնումով, նոր հունաւորում ստացաւ եկեղեցական խորհուրդներու, տարբեր եկեղեցիներու եւ տարբեր կրօններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Ս. Աթոռին յարաբերութիւնը եւ հանդիպումներու ու համագումարներու կազմակերպումը։ Յիշեալ Բաժանմունքներու շարքին ներկայ ժամանակներու անհրաժեշտութիւնը նկատուող Յարաբերութեանց ու Լրատուական Բաժանմունքի հաստատումը պատկերը կը հանդիսանայ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան, օրը օրին տեղեակ պահելով մամուլը Կաթողիկոսութեան ազգային-եկեղեցական, միջազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական լայնածիր գործունէութեան մասին, տարբեր լեզուներով։ Երիտասարդական Բաժանմունքը եւս Վեհափառ Հայրապետին ջանքերով հաստատուած նոր Բաժանմունքներէն է, որուն նպատակն է մեր գաղութներու երիտասարդութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ օտար եկեղեցիներու եւ կրօններու երիտասարդութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններ ստեղծել։ Թանգարանի եւ Մատենադարանի կարգաւորումն ու ազգային ու միջազգային մշակութային կեանքէն ներս անոնց ներկայութիւնը եւս, նոր թափ ստացաւ անցնող տարիներու ընթացքին։ Կÿարժէ յատուկ կերպով անդրադառնալ Կաթողիկոսութեան Արխիւատան հաստատումին, որ արդիական չափանիշերով պատրաստուած յատուկ սարքերով օժտուեցաւ, Մայրավանքէն ներս կառուցուած իր նոր կեդրոնին մէջ։ Այս բոլորին կողքին վերջերս Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ Կրթական-Հայագիտական ծրագիրներու յատուկ գրասենեակը։ Անհրաժեշտ է նաեւ յիշել որ Քահանայից Յատուկ Դասընթացքը Վեհափառ Հայրապետը Դպրեվանքէն փոխադրեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ զայն վերածեց առանձին բաժանմունքի։
Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ շինարարական լայնածիր գործունէութեան, որ թափ ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին տարիէն սկսեալ։ Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի արտաքին ու ներքին շինարարական աշխատանքները նոր երեւոյթ մը տուին երկու հաստատութիւններուն։ Այս գծով հարկ է յիշել՝ միաբանական շէնքը, Եպիսկոպոսներու յատուկ բաժինը, գրախանութին բաժանմունքը, հիւրանոցը, Արխիւատունը, Քահանայից յատուկ բաժինը, եւյլն.։ Տակաւին ընկերային ծառայութեան տրուած կարեւորութեան ծիրէն ներս, ժողովրդային նոր բնակարաններու կառուցումը Ֆանարի շրջանին մէջ, յատկապէս նոր սերունդին համար աւելի քան քաջալերանք եղաւ, երբ նախապատուութիւն տրուեցաւ ընտանեկան նոր բոյն կազմելու փափաք ունեցող զոյգերուն։ Կաթողիկոսարանի ներքին կեանքին ու գործունէութեան վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման նպաստող ազդակներ եղան ազգային-եկեղեցական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական, մշակութային, կրթական ու ընկերային ծառայութեանց բնագաւառներէն ներս կազմակերպուած հանդիպումները, համագումարները, երկար ժամանակի վրայ գործադրուելիք հետեւողական ընթացք ունեցող ծրագիրները ու այլ հեռանկարներ։ Այս բոլորին առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, եւ հրաւիրեց թեմակալ առաջնորդներն ու թեմական իշխանութիւնները Անթիլիաս, Կաթողիկոսարան-Թեմ յարաբերութիւնները դնելով աւելի յստակ ուղեգիծի վրայ, երկուստեք արդիւնաւորելով անոնց գործունէութիւնը։
Աւազանի անունով Մկրտիչ։ Ծնած է 30 Դեկտեմբեր 1919-ին, Հալէպ։ 1933-ին ծնողքին հետ փոխադրուեցաւ Գրըքխան։ 1935-ին ընդունուեցաւ Անթիլիասի դպրեվանքը եւ 1940-ին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Խադ սրբազանին։ 1942-ին աւարտեց ընծայարանի դասընթացքը եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արք. Կարոյեանի ձեռամբ, վերակոչուելով Տէր Տաճատ աբեղայ։
Վանական իր կեանքի ընթացքին հետզհետէ կոչուեցաւ մատենադարանապետի, մատակարարի, Մեսրոպեան նախակրթարանի տեսուչի եւ «Հասկ»-ի վարչական գործերու վարիչի պաշտօններուն։ 19 Դպրեվանքին եւ հայկական վարժարաններուն մէջ դասաւանդեց սուրբ գրոց եւ ազգային պատմութիւն։
1947-ին ընտրուեցաւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ։ 14 Հոկտեմբեր 1951-ին ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացաւ ձեռամբ Զարեհ եպիսկոպոսին (ապա՝ Կաթողիկոս), Հալէպի Սբ. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ։ 21 Հոկտեմբեր 1956-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին։ 1961 Փետրուարին ստացաւ արքութեան աստիճան։
1963-ին ընտրուեցաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ։ Այնուհետեւ, ամբողջ 15 տարի անխոնջ ներկայութիւն դարձաւ լիբանանահայութեան կեանքին, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ծառայութեան մարզերէն ներս։ Քաղաքացիական պատերազմի ճգնաժամային օրերուն միշտ մնաց իր ժողովուրդի լայն խաւին հետ հայահոծ թաղերէն ներս։ Մասնակցեցաւ հոգեւորականներու մակարդակին վրայ կատարուած տագնապի լուծման միջլիբանանեան բոլոր ժողովներուն ու ճիգերուն, միշտ նախանձախնդիր մնալով հայութեան իրաւունքներուն եւ ապահովութեան նկատմամբ։
Հոգելոյս սրբազանին օծման եւ թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ 9 Սեպտեմբեր 1978-ին։ Սբ. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք։ Պատարագեց Վարդան եպս. Տէմիրճեան, իսկ օծումը կատարեց Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, նախագահութեամբ Խորէն Ա. վեհափառին։
Աւազանի անուն՝ Մեսրոպ։ Ծնած է 24 Նոյեմբեր 1914-ին, Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս, Խարբերդցի հօրմէ եւ Բալուցի մօրմէ։ Իր ծնունդէն վեց ամիս ետք ծնողքը փոխադրուեցաւ Ս. Մակարայ վանքի կալուածներու յունաբնակ Ատալիա գիւղը։
1927-ին վերահաստատուեցան Նիկոսիա, ուր յաճախեց Մելիքեան ազգային վարժարան։
13 Հոկտեմբեր 1931-ին Թեմի Առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Սարաճեանի թելադրութեամբ, Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Կիպրոս այցելութեան աւարտին իրեն հետ Անթիլիաս բերաւ պատանի Մեսրոպը, իբրեւ դպրեվանքի ուսանող։
Իր ուսանողութեան շրջանին սերտ մտերմութեամբ կապուեցաւ Երանաշնորհ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին։
Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, 19 Մայիս 1935-ին ձեռնադրուեցաւ Աւագ Սարկաւագ։ 1937-ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ ձեռամբ Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Պետրոս Արք. Սարաճեանին։ Իր ձեռնադրութեամբ Մեսրոպ Սարկաւագ վերակոչուեցաւ Տ. Խորէն Աբեղայ, իբրեւ յարգանք Մայր Աթոռ. Ս. Էջմիածինի Խորէն Ա. Մուրատբէգեան Կաթողիկոսին։
Կաթողիկոսարանին մէջ տարիներ վարեց բազմաթիւ պաշտօններ՝ դիւանապետ, գաւազանակիր, Դպրեվանուց Փոխտեսուչ, Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ եւ անդամ Տնօրէն Ժողովոյ։
Դեկտեմբեր 1941-ին Բերիոյ Թեմի Խառն Ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ Հիւսիսային Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդ, զոր վարեց 2 Փետրուար 1942-էն 16 Հոկտեմբեր 1947։
1 Օգոստոս 1946-ին կը նշանակուի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Լիբանանի Թեմին։ 1951-ին կը հրաժարի Պէյրութի իր պաշտօնէն եւ կը հաստատուի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք (21 Յունիս 1952) երկրորդ անգամ ըլլալով կ’ընտրուի Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ սոյն պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 23 Հոկտեմբեր 1955։
Ծնած է 1889-ին։ 1902-1908 ուսումը ստացաւ Պոլսոյ Արամեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ 1909-1915 ուսուցչական պաշտօններ վարեց Պոլսոյ մէջ։ 1918-ին ձեռնադրուեցաւ վարդապետ, իսկ 1925-1940 նշանակուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ։ 1929-ին ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս։
1942-1946 նշանակուեցաւ Լիբանանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։
1946-1951՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսական Նուիրակ Եւրոպայի, Փարիզի մէջ։ Վախճանեցաւ 27 Սեպտեմբեր 1951-ին, Փարիզ։
Աւազանի անուն՝ Դաւիթ։ Ծնած է 1913-ին, Մոկք, Վան։
1933-1936 ուսում ստացաւ Կիլիկեան դպրեվանքին մէջ։ 16 Մայիս 1937-ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ, իսկ 1938-ին՝ վարդապետ։
1940-1942 նշանակուեցաւ Լիբանանի առաջնորդական տեղապահ։ Մարտ 1942-ին հրաժարեցաւ իր ուխտէն։
Ծնած է 1873-ին, Ատանա։ 1884-1891 կրթութիւնը ստացաւ Սիսի Ժառանգաւորաց վարժարանէն։ 1898-ին ձեռնադրուեցաւ Վարդապետ, իսկ 1911-ին՝ Եպիսկոպոս։ 1915-1917-ին հաստատուեցաւ Հալէպ-Երուսաղէմ։ 1917-1920՝ Սիս, 1920-1921՝ Առաջնորդ Ատանայի։ 1921-1928՝ Կիպրոս։ 1929-1940 նշանակուեցաւ Լիբանանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։
Սահակ Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Հոկտեմբեր 1940-ին հաստատուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք՝ Կաթողիկոսական Տեղապահի պաշտօնով, զոր վարեց մինչեւ իր վախճանումը՝ 6 Մարտ 1943-ին։
Հեղինակն է «Ի յիշատակ Մամըլթէյնի բուժարանին տասնհինգամեայ տարեդարձին եւ Ազունիէյի նոր շէնքին կառուցման» գիրքին, որ լոյս տեսաւս 1939-ին։
1925-1928, Եփրեմ Վարդապետ Տոհմունի, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net