ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեան Մայիս 1961-ին Պուրճ Համուտի մէջ Ազգային երկրորդական վարժարան մը ունենալու խնդրագիր մը ներկայացուց Լիբանանի Թեմի Գաւառական Ժողովին ։
Հոկտեմբեր 1962-ին Լիբանանի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կոչ ուղղեց հայ ճարտարապետ-երկրաչափներուն մասնակցելու քոլէճի կառուցման նախագիծի պատրաստութեան մրցումին։
22 Յունիս 1963-ին տեղի ունեցաւ Քոլեճին հիմնարկէքը։ Շինարարական աշխատանքները ընթացք առին Գէորգ Գարաճրճեանի ճարտարապետութեամբ։
25 Հոկտեմբեր 1964-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին։
1966-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին նիւթական յատկացումով քոլեճին գրադարանը կահաւորուեցաւ եւ գիրքերու հաւաքածոյով մը օժտուեցաւ։
20 Յունիս 1968-ին քոլեճը կու տայ իր առաջին հունձքը՝ 12 շրջանաւարտ։
16 Փետրուար 1982-ին կազմուեցաւ քոլեճի Շրջանաւարտից Միութիւնը, իսկ Հոկտեմբերին քոլեճը օժտուեցաւ Արուեստից բաժինով։
13 Մայիս 1992-ին տեղի ունեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» գրադարանի բացում։
Հոկտեմբեր 1993-ին քոլեճը օժտուեցաւ Բ. Պաքալորէայի բաժինով։
1 Մարտ 2002-ին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Հանրային Առաջին Գրադարանի հանդիսաւոր բացումը։
5 Մայիս 2007-ին տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» համակարգիչի վերանորոգուած կեդրոնի բացումը։ Տարին կը յատկանշուի 45-ամեակի շինարարական իրագործումներով (պասքեթպոլի վերանորոգուած դաշտի բացում՝ 21 Փետրուար, արդիական խոհանոցի բացում՝ 4 Դեկտեմբեր) եւ հանդիսաւոր ձեռնարկներով։
6 Մարտ 2014-ին «Ոսկեայ հանդիպում յիսնամեակի»։ Քոլեճը կը պարգեւատրէ իր նախկին ու ներկայ վաստակաշատ կրթական մշակները։
24 Հոկտ. 2014-ին քոլեճին յիսնամեայ երթը ներկայացնող «Յուշամատեան»ի շնորհահանդէս։
ՔԱՅԼԵՐԳ
Խօսք՝ Լեւոն Նահապետեանի
Երաժշտ.՝ Եդուարդ Սադոյեանի
Մեր քաջարի պապերուն կուռ հաւատքովը հայկեան,
Լուսածարաւ պայմաններ, կու գանք քեզի անվարան,
Հաղորդուելու խորանիդ լոյսովն անմար Մեսրոպեան,
Դուն հայկական կրթարան, Լեւոն Սոֆիա Յակոբեան։
Հրապոյրին դէմ օտար, գոյատեւման վեհ կռուան,
Վաղուան համար մեր պայծառ, բարի, յուռթի սերմնարան,
Լուսաւոր մարդը դարբնող, բազմավաստակ ձուլարան,
Յարկիդ ներքեւ ջերմաշունչ, կը բարձրանանք յաղթական։
Մեր պատանի մտքերուն իմացական թեւ կու տան
Շիրակացի, Կոմիտաս, Սարդարապատ, Վարուժան։
Երկնասլաց, խորասոյզ աղօթքներէն նարեկեան,
Սասնայ Դաւթի հրայրքէն, մեր հոգւոյն մէջ կայծեր կան։
Կ՛ուխտենք պահել աւանդըդ իբրեւ վսեմ տեսլական,
Ու ծառայել արդարին, գեղին, վեհին, մարդկութեան,
Մեր դարաւոր գանձերուն ըլլալ արթուն պահապան,
Դէպի Մասիս մեր թերթին, դրօշակիր մարտական։
ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ
1964-1977 Կարօ Պետրոսեան
1978-1986 Լեւոն Նահապետեան
1987-2000 Կարօ Յովհաննէսեան
2001-2005 Յակոբ Բագրատունի
2006-էն մինչեւ այսօր Վիգէն Աւագեան
Քոլեճի խնամակալութեան անդամներն են՝ Լեւոն Չննոզեան, Ժան Արթուն, Յարութ Գրիօղլեան, Կիրակոս Յակոբեան, Տիգրան Գալուստեան, Փաուլօ Գազէզեան եւ Եղիկ Մղտեսեան։