Ազգային երեսփոխանական յաջորդական ժողովներու որոշումով, Պուրճ Համուտի մէջ ձեռնարկուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի կառուցման գործին, որպէսզի տասնամեակներու ընթացքին ազգային մեր վարժարաններով կերտուած կրթական փորձառութիւնը տեղադրուի 21-րդ դարու կարիքներուն պատշաճ պայմաններու մէջ:
Ազգային Միացեալ Վարժարանի հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, 24 մայիս 2009-ին։
Ազգային Միացեալ վարժարանը բնական շարունակութիւնն է լիբանանահայ կեանքէն ներս անցնող տասնամեակներուն զարգացած կրթական ոգիին ու փորձառութեան: Վերոյիշեալ հասկացողութեամբ, 2017-2018 տարեշրջանին, նորակառոյց վարժարանի երդիքին տակ մէկտեղուեցաւ մեր համայնական կեանքէն ներս երախտաշտ գործունէութիւն ունեցած Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Ռուբինեան վարժարանները։
Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին, ժողովրդային պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին:
Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2017-ին, մեծ շուքով եւ հանդիսութեամբ հնչեց Ազգային Միացեալ վարժարանի յոյս եւ լոյս ներշնչող անդրանիկ զանգը:
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կրթական Տնօրէնն է Գրիգոր Էքմէքճեան, Վարչական Տնօրէնն է Նելլի Վէքիլեան:
2024-ին նշանակուած Վարժարանի նորընտիր խնամակալութեան կազմի անդամներն են՝ Յակոբ Թէրզեան, Հրայր Խաչատուրեան, Յարութ Եսայեան, Մարալ Մխճեան եւ Վրէժ Ճինպաշեան: