ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր Ատանա թաղամասին բնակիչները, իրենց ծննդավայրի Աբգարեան Վարժարանի յիշատակը յաւերժացնելու համար, 1931-ի աշնան, Առաջնորդարանի կողմէ լիազօրուած երկու ազգայիններով՝ Յակոբ Տիգրանեան եւ Երուանդ Թաւուգճեան, 40 աշակերտներով հիմը դրին Ազգային Աբգարեան վարժարանին։
23 Յուլիս 1933-ին ընտրուած հոգաբարձութիւնը թաղը օժտելու համար դպրոց-եկեղեցիով մը դիմեց Ժոզէֆ Թրատի, որմէ անվճար ստացաւ 700 մեթր հող: Համապատասխան հողատարածքը ապահովելէ ետք, անմիջապէս ձեռնարկուեցաւ սհանգանակութեան: Շէնքի շինութեան համար յարուցուեցան կարգ մը օրինական արգելքներ, սակայն գործի գլուխ եղողներուն աննկուն կամքին եւ ժողովուրդին անվերապահ օժանդակութեան շնորհիւ, շէնքը սկսաւ բարձրանալ: Անծածկ դասարաններ փոխադրուեցան 130 աշակերտներ եւ 7 ուսուցիչներ:
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Մինչեւ 1982-83 տարեշրջան վարժարանը գործած է իբրեւ բարձրագոյն նախակրթարան, որմէ ետք հիմը դրուած է վարժարանի Երկրորդականի բաժանմունքին, մինչեւ 11-րդ դասարան: Վարժարանը իր առաջին հունձքը տուած է 1987-88 կրթական տարեշրջանին:
1990-1991 տարեշրջանին Ազգ. Նուպարեան, ապա 1991-1992-ին Ազգ. Էհրամճեան վարժարանը կցուած են Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին:
1992-1993 տարեշրջանէն վարժարանը գործած է երեք բաժանմունքներով՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան և միջնակարգ:
2000-2001 տարեշրջանին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ազգային դպրոցներու միացման որոշման լոյսին տակ, Ազգ. Աբգարեան Վարժարանը սկսած է գործել երկու բաժանմունքներով՝ մանկապարտէզ-նախակրթարան:
ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ
1931-1932 Մարիամ Ալեքսանեան
1932-1934 Պաղտասար Գասապեան
1934-1936 Եղիա Տոլպաքեան
1936-1937 Թադէոս Ֆիլեան
1937-1946 Յակոբ Տէր Անդրէասեան
1946-1950 Նազարէթ Ղարիպեան /Արմէն Ղարիպ/
Շաւարշ Մակարեան /շատ կարճ ժամանակ/
1951-1953 Անդրանիկ Ծառուկեան
1953-1965 Կարապետ Գանթարճեան
1965-1989 Գրիգոր Նգրուրեան
1989-2014 Գեղանի Էթիեմեզեան:
ՔԱՅԼԵՐԳ
Բիւր ողջոյն քեզ լոյսի օրրան,
Ո՜վ պաշտելի մեր վարժարան։
Տոհմիկ լեզուի բառով շէնշող,
Դուն կրթական վսեմ կոթող։
Օտարութեան այս ափերուն,
Վառ յոյսերն ես մեր սրտերուն։
Դէպի կատարն Արարատի,
Որ խորհուրդն է հայ երազին։
Քո անխափան ջահով անմար,
Դարբնէ դու շիշտ մտքեր պայծառ,
Որ սերմերէն առաքինի,
Ծակին յաւէտ ծիլեր բարի։
Վեհ անսասան, փառքի օրրան,
Կեցցէ Աբգարեան վարժարան։
Վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներն են՝ Վարդան Ազնաւորեան, Րաֆֆի Միքայէլեան, Զեփիւռ Չերքէզեան, Բիւզանդ Արզումանեան, Հրայր Ֆերմաեան եւ Գէորգ Ազատեան։