Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ եօթը քահանաներէ, որոնք կ’ընտրուին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ, երկու տարուան համար։

Կրօնական Ժողովը՝

  • Կը պահպանէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դաւանանքը եւ կանոնները, հետամուտ կ’ըլլայ կրօնական ծէսերուն, խորհուրդներուն եւ եկեղեցական արարողութիւններուն կանոնաւոր եւ պատշաճ կատարման։
  • Զարկ կու տայ Թեմի ծխականներու կրօնաբարոյական ու ազգային դաստիարակութեան։ Կը նշանակէ կրօնադաստիարակչական խորհուրդ մը Թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան դպրաց դասերու եւ ընդհանրապէս երիտասարդներու կրօնական դաստիարակութեան համար։
  • Ուսումնական խորհուրդին հետ գործակցաբար կը հսկէ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան կրօնական դաստիարակութեան։
  • Հետամուտ կ’ըլլայ քահանայութեան թեկնածուներու կրօնական, ազգային եւ բարոյական պատրաստութեան։
  • Կը հրատարակէ կրօնագիտական յատուկ դասագիրքեր կիրակնօրեայ վարժարաններուն համար։
  • Կը կազմակերպէ եկեղեցական համագումարներ եւ բազմաբնոյթ հաւաքներ։

Կրօնական Ժողովի անդամներն են՝ Տ․ Սարգիս Աւ. Քհնյ․ Սարգիսեան (ատենապետ),  Տ․ Նարեկ Աւ. Քհնյ․ Հեճինեան,  Տ. Մկրտիչ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեան, Տ. Սիմէոն Քհնյ. Կարապետեան եւ Տ. Առաքել Քհնյ. Տմտըմեան:

Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2023-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Կրօնական Ժողովի ընտրութիւն:

Կրօնական Ժողովի անդամներն են՝ Տ․ Սարգիս Աւ. Քհնյ․ Սարգիսեան (ատենապետ),  Տ․ Նարեկ Աւ. Քհնյ․ Հեճինեան,  Տ. Շնորհք Քհնյ. Տէր Արթինեան, Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան եւ Տ. Առաքել Քհնյ. Տմտըմեան:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net