Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլէԵ- Միհրան Գարակէօզեան նախակրթարանը բնականոն շարունակութիւնն է Ս. Նշան վարժարանին, որ հիմնուեցաւ 1902-ին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Ժամանակի ընթացքին, երբ կարիքները բազմացան, անհրաժեշտ նկատուեցաւ ընդարձակել վարժարանը եւ նոր բաժիններ հաստատել։ 1950-ական թուականներու սկիզբը Ս. Նշան վարժարանը արդէն իսկ նկատուեցաւ ամբողջական նախակրթարան, իսկ 1953-54 տարեշրջանին Ս. Նշան դարձաւ ամբողջական միջնակարգ վարժարան։
Ս. Նշանի շրջանաւարտներէն Սուրէն Խանամիրեանի նուիրատուութեամբ, 12 Մայիս 1963-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ 11 Հոկտեմբեր 1964-ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճին՝ բարերարին անուամբ։
Աշակերտութեան թիւի աճը պարտաւորեցուց, որ քոլեճի պատասխանատուները անմիջապէս լծուին դպրոցական շէնքի ընդարձակման աշխատանքին։ 1975-ին, արդէն իսկ աւարտեցաւ դպրոցի չորս յարկանի նոր բաժինը՝ յարմարաւէտ պայմաններով։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, մեծապէս վնասուցաւ Խանամիրեան քոլեճը ու անկարելի դարձաւ շարունակել դասաւանդութիւնները՝ պատերազմի այդ գօտիին մէջ։ Շուրջ 8 տարի կեցութիւն հաստատելէ ետք զանազան հաստատութիւններու մէջ, 1983-ին, քոլէճը փոխադրուեցաւ Ֆանար, ուր կը գործէր Միհրան Գարակէօզեան նախակրթարանը։ Քոլէճը Լիբանանի մէջ հաստատուած ամէնէն հին ու առաջին հայկական վարժարանն է։
2001-2002 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւի նուազումի եւ պիւտճէական սեղմումի պատճառով, Ազգային Գաւառական ժողովի որոշումով փակուեցաւ քոլեճի երկրորդական բաժինը։
ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ
1942-1957 Վարդան Գէորգեան, Եդուարդ Տարօնեան
1958-1960 Մինաս Թէօլէօլեան
1960-1963 Յակոբ Իսկէնտէրեան
1963-1980 Եդուարդ Էլոյեան
1980-2000 Յակոբ Բագրատունի
2000-2008 Ճորճիկ Ռաստկէլէնեան
2008-էն Նելլի Վէքիլեան
Քոլեճի խնամակալութեան անդամներն են՝ Անդրանիկ Մսըրլեան, Նելլի Աղասարգիսեան, Միրէյ Խանամիրեան, Ժագլին Օհանեան, Սոնիա Սարգիսեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Ռիթա Սալխանեան։