Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակներու ներկայացուցիչներուն հետ: Մասնակցող խմբակներն էին` Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը (Կեդրոն), Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութիւնը եւ «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքը:
Հանդիպման սկիզբը Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Սրբազան Հօր այս հրաւէրին համար եւ ներկայացուց հոգեւոր խմբակներու գործունէութիւնը:
Այս առիթով Նարեկ Արքեպիսկոպոս հաստատեց, որ հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջութիւնն է` համախմբուած Քրիստոսի անունով եւ Աստուծոյ առաքելութիւնը ապրելու ու տարածելու կոչումով: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց գործող հոգեւոր խմբակներուն կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ` շեշտելով, որ գործակցութեամբ եւ միացեալ ճիգերով մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը կ՛ամրապնդուի եւ ազգանուէր աշխատանքները առաւել եւս կ՛արդիւնաւորուին:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը հոգեւոր խմբակներու խորհրդատու նշանակած է` անհրաժեշտ համակարգումները կատարելու համար: Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ հոգեւոր խմբակներու աղօթավայրերը` մօտէն ծանօթանալու իւրաքանչիւր խմբակի գործունէութեան:
Սրբազան Հայրը լսեց հոգեւոր խմբակներու ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները` հաստատելով, որ յառաջիկային նմանօրինակ հանդիպումներ տարբեր առիթներով եւս պիտի կրկնուին:
Ներկաները որոշեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ կանոնաւոր յաճախականութեամբ հաւաքական աղօթքի պահեր ունենալ եկեղեցիներուն մէջ եւ 2020-ի ամառը միօրեայ համագումար կազմակերպել` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարուան» նիւթին շուրջ:
Հանդիպումը փակուեցաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: