Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, իր բազմատեսակ ծառայութիւններուն մէջ ընթացք կու տայ նոր ծրագրի մը՝ տարեցներու շորիկի անվճար սպասարկութիւն:
Հայորդիներու մտահոգութենէն մեկնած, Բաժանմունքս, բարգաւաճման ծրագիրներու, նիւթականի, դեղորայքի, հիւանդանոցային եւ տարրալուծարաններէ ներս տարբեր քննութիւններու օժանդակութիւն յատկացնելու կողքին, կը ձեռնարկէ նաեւ տարեցներու շորիկի ապահովում եւ անվճար սպասարկութիւն, բոլոր անոնց, որոնք նիւթական դժուարին պայմաններու պատճառով, այս անմիջական կարիքը ապահովելու կարողութիւնը չունին:
Արդ, Առաջնորդարանի առաքելութեան վստահութիւն ցուցաբերող յարգելի բարերարներէն մէկուն ճամբով, կարելի եղաւ 2000 շորիկ ապահովել: Այսպէս, Հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին, շորիկներու բաշխումը տեղի ունեցաւ բաժանմունք ներկայացող տարեցներու շորիկի դիմում ներկայացնող անհատներուն:
Լիայոյս ենք, որ այս սպասարկութեամբ, ե՛ւս աջակից ըլլանք մեր հայորդիներուն անմիջական կարիքներուն: