Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 4

 

Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքի Նուիրատուութիւնը

 

Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիք 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեցին Ազգային առաջնորդարանին` «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին ճամբով 500 հայ կարիքաւոր ընտանիքի յատկացուելու համար (իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 հազար լիբանանեան ոսկի), արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն» հրաւէրին եւ ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի «կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն» դիմումին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ազնիւ բարերարներուն եւ կը մաղթենք, որ այլ հայորդիներ եւս հետեւին անոնց բարի օրինակին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ