Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդ. Համալսարաններու Արեւելումի Հանդիպում

Սրահին մէջ իւրաքանչիւր սեղանի ետին տեղ գրաւած էր համալսարան մը, որ ցուցադրած էր իրեն վերաբերող գրքոյկներ, թերթիկներ եւ պրակներ: Աշակերտները ուղղուեցան իրենց նախասիրած եւ զիրենք հետաքրքրող համալսարանի սեղանին մօտ, ուր այդ համալսարանի ներկայացուցիչը իրենց փոխանցեց տեղեկութիւններ, տուաւ ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ յայտնեց իրենց ներկայացնելիք թղթածրարին, արձանագրութեան եւ անոր ժամկէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Աշակերտները ծանօթացան նաեւ համալսարաններու ընդունման պայմաններուն, դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամներուն, կրթանպաստներուն, իւրաքանչիւր համալսարանի մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն: Իւրաքանչիւր համալսարանի ներկայացուցիչ աշակերտներուն տրամադրեց նաեւ իր համալսարանի քարոզչական թերթիկը, մասնագիտութիւններու տեւողութիւնը, սակերը եւ զեղչերու պայմանները: