Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի Պաշտօնէութեան Աղօթական Պահ

 

Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը փետրուար ամիսը սկսաւ աղօթական պահով:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այս առիթով հետեւեալը ըսաւ պաշտօնէութեան. «Աղօթքը քրիստոնեային սրտբաց խօսակցական կապն է Աստուծոյ հետ: Իբրեւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած հոգեւոր-ազգային միաւոր, ճի՛շդ նկատեցինք հաստատել ամէն ամսուան առաջին երկուշաբթին հաւաքական աղօթքով սկսելու աւանդութիւնը, որպէսզի միասնաբար խօսինք Աստուծոյ հետ` մեր նո՛յն առաքելութեան առողջ հունաւորման խնդրանքը բարձրաձայնելով: Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը պարզապէս աշխատանքային անձնակազմ մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ ամէնօրեայ շփումի մէջ եղող սիրոյ եւ նուիրումի ընտանիք մը, մեր մեծ ընտանիքին` լիբանանահայութեան բարօրութեան իր գործուն մասնակցութիւնը բերող: Իրարու հետ ըլլալու եւ միասին գործելու ու ծառայելու համար նախապայման է միասին աղօթելը»:

Ապա, Սրբազան Հայրը հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց աղօթքին մասին, որմէ ետք պաշտօնէութիւնը նորոգեալ հաւատքով անցաւ իր ծառայական աշխատանքին: