Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 9. Երջօ Սամուէլեան 90.000 Ամ. Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

 

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը` շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու:

Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրուումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն` մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ազգային առաջնորդարանի մնայուն բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ բոլոր ժամանակներուն նեցուկ կանգնած է` մասնակցելով կարիքաւոր ընտանիքներու աջակցութեան ճիգերուն եւ առաջնորդարանի ծառայութիւններու ծաւալման նախաձեռնութիւններուն:

Վստահ ենք, որ բարերարին ներդրումը նիւթականի կողքին նաեւ բարոյապէս պիտի նպաստէ, որ ազգայիններուն եւ կառոյցներուն զօրակցութեան ճիգերը բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար վերականգնինք եւ շրջանցենք ընկերային-տնտեսական տագնապները: