Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 ԼՈ

 

«Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամբողջութեամբ վերանորոգուած մանկամսուրի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 29 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի,  նախագահութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիկեանի, ներկայութեամբ երեսփոխաններ` տէր եւ տիկին Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքս Մաթոսեանի, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքս Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ` Ազգային իշխանութեան պատուարժան նախագահին, ատենապետներու, անդամներու, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի, շրջանի կոմիտէի  ներկայացուցիչներու, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, մանկամսուրի բարերարներ տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Օսի Քէսմէեաններու եւ շուրջ 100 բարեկամ- բարերարներու:

Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը մանկամսուրին, որ կոչուեցաւ Օսի Քէսմէեանի անունով:

Բացման հանդիսութեան յաջորդեց մտերմիկ ընթրիք մը` քոլեճի սրահին մէջ: Ընթրիքի ընթացքին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ հանգանակուեցաւ 38.150 ամերիկեան տոլար   եւ 232.400.000 լ.ո.:

Տէր եւ տիկին Ռոստոմ Պոյաճեան, որոնք Միացեալ Նահանգներէն յատկապէս այս ձեռնարկին համար եկած էին, գնահատելով քոլեճիս կրթական յաջողութիւնները եւ գիտակցելով մեր ծնողներուն դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն` 10.000 տոլար նուիրեցին քոլեճին: Այս աշխատանքի յաջողութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցան քոլեճիս խնամակալութիւնը եւ տիկնանց յանձնախումբը: