Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը յատուկ հանդիպումով մը երախտագիտութիւն յայտնեց ու պատուեց խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, որոնք տարիներ շարունակ կամաւոր աշխատանք կատարած ու սատարած են վարժարանի վերելքին:
Արդարեւ, չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ, ԺԲ. դասարանի աշակերտներ, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի ներկայ եւ նախկին անդամներ ներկայ էին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու այն տիկիններուն ու պարոններուն, որոնք նուիրումով ու մեծ սիրով իրենց ժամանակը տրամադրած են իրենց սիրելի դպրոցին:
Առաջին հերթին խօսք առաւ ԺԲ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքուած են երախտագիտութեան զգացումներ փոխանցելու սիրայօժար աշխատած անհատներու, որոնց գործը երբեք ալ դիւրին չէ եղած: Ան դիտել տուաւ, որ տիկնանց յանձնախումբը ջանացած է միշտ կազմակերպել ձեռնարկներ ու ծրագիրներ, որոնք պէտք է թէ՛ գոհացնեն աշակերտներն ու անոնց ծնողները, թէ՛ նիւթական ապահովեն վարժարանին: Աւագեան յիշեցուց, որ տնօրէնութիւնը ընթացիկ տարեշրջանը յայտարարած է «Նուիրումի տարի», եւ այս հանդիպումին ներկայ խնամակալներն ու տիկինները կը մարմնաւորեն նուիրումի գաղափարը:
Վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի իր կարգին բացատրեց հանդիպմամն նպատակը եւ նուիրումի ու կամաւոր աշխատանքի կարեւորութիւնն ու անոր իբրեւ արդիւնք` հոգեկան այն մեծ գոհացումը, որ կը զգայ աշխատողը: Բագրատունի աւելցուց, որ վարժարանի խնամակալութեան անդամներուն մեծ մասը միշտ ալ եղած են անոր շրջանաւարտները, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրած են նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնելու իրենց սիրելի դպրոցին: Իսկ տիկնանց յանձնախումբի «մամա»-ները ժրաջան մեղուներու ու մրջիւններու նման ամբողջ տարին կ՛աշխատին իրենց զաւակները ապահով ձեռքերու մէջ պահող այս յարկին համար:
Ա. Բագրատունի ըսաւ, որ խնամակալներ եւ տիկնանց յանձնախումբի կարգ մը անդամներ պիտի չկարենան շարունակել իրենց աշխատանքը, եւ այս առիթով տնօրէնութիւնը յարմար նկատած է շնորհակալութիւն յայտնել անոնց ու պատուել մէկական յուշանուէրով: Ապա անոնք հրաւիրուեցան ստանալու իրենց յուշանուէրները:
Հանդիպումին խօսք առին նաեւ նախկին եւ նոր խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի ատենապետները: Հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ