Արդարեւ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերն ու ցուցանակները ծածկուած էին Ե. դարուն տեղի ունեցած հայ գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդած թարգմանական մեծ աշխատանքին առնչուող տեղեկութիւններով եւ նկարներով: Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահեր յատկացուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն տարած աշխատանքին: Իսկ ուրբաթ, 12 հոկտեմբերին գեղարուեստական երկու ձեռնարկներով աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին եւ յարգանքի տուրքը մատուցեցին ոսկեդարու հսկաներուն յիշատակին:
Նախակրթարանի ձեռնարկ
Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան «Սիրան Մանուկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Զ. կարգէն Մարք Չագրեանը կատարեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց հակիրճ պատմականը եւ տօնին կարեւորութիւնն ու արժէքը հայ ժողովուրդին համար:
Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները սահիկներու ցուցադրութեան մը ընկերակցեցան` տեղեկութիւններ տալով հայ գիրերու գիւտին եւ առաջին թարգմանիչներուն մասին: Ապա Զ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, որ կը ներկայացնէր թարգմանիչին առօրեան:
Յաջորդաբար Դ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին խմբային երկու արտասանութիւններ` «Մեր լեզուն» եւ «Մեսրոպ Մաշտոցին»: Իսկ Դ. եւ Ե. կարգերու աշակերտները գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ մը ներկայացուցին «Պատգամ որդուս» երգը:
Օրուան պատգամը յղեց վարժարանի հայերէնի դասատուներէն Սեւան Մկրեանը, որ ըսաւ, թէ Մեսրոպ Մաշտոց այբուբենը հայ ժողովուրդին իբրեւ նուէր պարգեւած է, «եւ ինչպէս որ կը գուրգուրաք ու կը պահպանէք ձեր ստացած բոլոր նուէրները, նոյն ձեւով պէտք է գուրգուրաք այբուբենին եւ անոր ճամբով` հայերէնին», աւելցուց ան: Իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ գիրերու գիւտին կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ անոր միջոցով է, որ հաստատուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութիւնը: Ս. Մկրեանը դիտել տուաւ, որ դարերու ընթացքին մեծ թիւով ազգեր գոյութիւն ունենալէ դադրած են, որովհետեւ չեն ունեցած իրենց ուրոյն լեզուն եւ գիրը: Ան յիշեցուց նաեւ, որ միայն Թարգմանչացը չէ, որ կը տօնուի, այլեւ այդ տօնը հայ դպրութեան եւ դպրոցի հիմնադրութեան օրն է:
Միջնակարգ – երկրորդականի ձեռնարկ
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց կարգին, պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԺԲ. կարգէն Սելլա Իսկենտերեանը: Ան ըսաւ, որ 405-ին Մեսրոպ Մաշտոց գիրերու գիւտը կ՛իրագործէր ապահովելու համար հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու պատմական արժէքներու գրաւոր փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն: Ս. Իսկենտերեանը ներկայացուց գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդող թարգմանչական շարժումին հակիրճ պատմականը: «1613 տարեկան մեր այբուբենը այսօր կարիքը ունի զինք գործածողներու եւ իրմով հպարտացողներու: Մենք` հայ դպրոցի աշակերտներս, պարտինք ըլլալ հայոց ոսկեդարեան գիւտի զինուորները, սորվինք ու փոխանցենք զայն յաջորդ սերունդներուն` ապահովելու համար հայոց լեզուի գոյատեւումը», եզրակացուց ան:
Է. դասարանէն Վարագ Տէր Ղազարեանը, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանը եւ Սերգօ Աւագեանը ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Քու լեզուդ» քերթուածը. ապա ներկաները հետեւեցան սահիկներու ցուցադրութեան մը, որ պատրաստուած էր Թ. դասարանին կողմէ: «Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու» երգը ներկայացուցին Միրիամ Խաչերեանը, Սէրլի Միթիլեանը եւ Մանէ Թորոյեանը:
Յայտագրի վերջին բաժինով ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` մերօրեայ դասարանի մը մէջ, ուր աշակերտները կը փորձեն թարգմանական աշխատանք մը կատարել:
Աշակերտները սրահէն դուրս եկան` ուխտելով տէրը դառնալ իրենց կտակուած աւանդին` արժանաւոր ժառանգորդները դառնալով թարգմանչաց սերունդին: