Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի աշակերտները ուզեցին իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնել իրենց հայրերուն` յատուկ հանդէս մը նուիրելով անոնց կիրակի, 23 յունիսին:
Գեղարուեստական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներու, տնօրէն խորհուրդին, ուսուցիչներու, մեծ թիւով ծնողներու եւ բարեկամներու, որոնք դիմաւորուեցան օրուան թեմայով գեղեցկօրէն զարդարուած բեմով մը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսք արտասանեցին Զ. դասարանէն երեք աշակերտներ, որոնք ըսին, որ հայրը տան մղիչ ուժն է, ան է, որ կը սորվեցնէ` ինչպէ՛ս անվախ կանգնիլ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց: Անոնք դիտել տուին նաեւ, որ հայրը կը սորվեցնէ գտնել կեանքի յաջողութեան բանալին: «Հայրը իր մէջ կը խտացնէ մեր նահապետներուն, հողին ու հայրենիքին ոգին», եզրակացուցին անոնք:
Հանդէսը կ՛ընդգրկէր երգեր («Երեւան», «Հայաստան», «Այբուբեն», «Կաքաւիկ», «Պատգամ որդուս»…), ասմունքի բաժիններ` Յ. Շիրազէն, Ս. Կապուտիկեանէն, Դանիէլ Վարուժանէն եւ Յ. Թումանեանէն, կենդանի պատկեր ու խանդավառ պարեր, որոնք մերթ յուզեցին ու մերթ ուրախացուցին յատկապէս ներկայ հայրերը: Նախակրթարանի աշակերտները երեք լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, արաբերէն) յատուկ խօսքեր ուղղեցին իրենց հայրերուն` շնորհաւորելով անոնց տօնը, առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
Ձեռնարկի աւարտին տնօրէն խորհուրդի խօսքը արտասանեց Անի Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ այս ձեռնարկին նպատակն էր մէկտեղուիլ իբրեւ ընտանիք` հայրերու օրուան առթիւ գնահատել հայրերը, ինչպէս որ մայրերու օրուան առթիւ գնահատուեցան մայրերը: «Այս բեմին վրայ դուք տեսաք ձեր զաւակները, որոնք երգեցին, պարեցին ու գեղեցիկ խօսքեր ուղղեցին ձեզի: Անոնք պարի ու երգի մասնագէտներ չեն, սակայն ամբողջ տարին երգել ու պարել սորվեցան մնացեալ դասերուն նման եւ այսօր եկան ձեզի հրամցնելու իրենց սորվածը», ըսաւ Ա. Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ անցնող տարեշրջանին աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի աշակերտները յաւելեալ համարձակութեամբ արտայայտուին երեք լեզուներով: Իր խօսքին մէջ Բագրատունի թուեց անցնող տարեշրջանին կատարուած իրագործումները վարժարանէն ներս` կրթական, կարգապահական եւ յարաբերական մարզերու մէջ: «Տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, տիկնանց յանձնախումբ եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնները ճիգ չխնայեցին ձեր զաւակներուն կրթութեան իրաւունքը ապահովելու համար: Ձեզմէ սպասուածը պարզապէս արդար ըլլալն է քոլեճիս հանդէպ` պահելով անոր նկատմամբ ձեր հաւատքը, վստահութիւնն ու սէրը», ընդգծեց Ա. Բագրատունի, որ իր խօսքը աւարտեց նախ շնորհաւորելով քոլեճիս տիկնանց յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքը, ապա ան շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, քոլեճին խնամակալութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը եւ ուսուցիչները:
Ձեռնարկի աւարտին, հայրերը իրենց զաւակներէն ստացան յատուկ նուէր մը` նուիրուած ազնիւ բարերարի մը կողմէ: