Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայիսեան Յաղթանակի Ձեռնարկներ

Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնը նշող ու անոր յաղթանակները փառաբանող աշակերտական ձեռնարկներ տեղի ունեցան 27 մայիսէն 7 յունիսի միջեւ: Վարժարանի իւրաքանչիւր բաժանում յատուկ ձեռնարկ մը պատրաստեց` նշելու համար 28 մայիսի պանծալի յաղթանակը:

Քոլեճի մանկապարտէզի փոքրիկները դասարան առ դասարան պատրաստեցին խմբային ձեռային աշխատանքներ` կազմելով եռագոյն դրօշակը ու ծանօթանալով անոր գոյներուն: Ապա անոնք այդ դրօշակներով տողանցեցին բակին մէջ:

Ա.-էն Գ. դասարաններու  փոքրիկ աշակերտները զինուորական տարազով ու եռագոյնը բարձր բռնած` նախ տողանցեցին բակին մէջ, ապա սրահէն ներս սահիկներու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին անկախութեան դէպքերը եւ հայրենասիրական երգերով, արտասանութիւններով ու շուրջպարով նշեցին պատմական տօնը:

Դ.-էն Զ. դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան սրահը, ուր  կենդանի պատկերի մը ընդմէջէն ներկայացուցին Արամ Մանուկեանի անձը պանծացնող եւ Հայաստանի Ա. անկախութիւնը փառաբանող խօսքեր, ասմունքներ, խմբերգներ եւ տոհմիկ պարեր:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները ունեցան դասախօսական հանդիպում մը`  «Օ Թի. վի.» պատկերասփիւռի հայերէն լուրերու բաժանմունքի խմբագիր Արմէն Ապտալեանին հետ: Բացման խօսքը կատարեց ԺԱ. դասարանէն Յովիկ Ճեհիզեանը, որ ըսաւ, թէ 28 մայիսը հայ ժողովուրդի վերածնունդի  եւ պետականութեան վերականգնումի տօնն է: Ան դիտել տուաւ, որթէեւ 1918-ի անկախութեան կեանքը կարճ եղաւ, սակայն անոր հիմերուն վրայ է, որ վերակառուցուեցաւ այսօրուան անկախ Հայաստանը:

Ժ. դասարանէն Ռուբէն Մարտիրոսեանը ասմունքեց Զարեհ Խրախունիի «Չըլլայ որ» բանաստեղծութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ Ա. անկախութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը, որմէ ետք խօսքը տրուեցաւ օրուան բանախօսին: Ապտալեան խօսքը սկսաւ` ըսելով, որ 28 մայիսի անկախութիւնը հրաշք էր, նկատի առած, որ անիկա ծնունդ կ՛առնէր Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք միայն, երբ հայ ժողովուրդին  եւ երկրին վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէր, բայցեւայնպէս այդ ժողովուրդը, որովհետեւ ունէր մարտունակ ոգի, կրցաւ դէմ դնել բոլոր մարտահրաւէրներուն: Ապտալեան նշեց, որ հրաշք է, որովհետեւ հարիւրաւոր տարիներ անկախութիւնը կորսնցուցած եւ առանց պետականութեան ու բանակի ապրած ժողովուրդ մը կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ ետ մղել թշնամին, մինչ պատմութեան մեծագոյն կայսրութիւններն ու անոնց ժողովուրդները ժամանակի ընթացքին գոյութիւն ունենալէ դադրած են… «2500 տարի իր մարտունակութիւնը չէ կորսնցուցած հայ ժողովուրդը եւ չէ տառապած միշտ ջարդուած ըլլալու բարդոյթէն. եւ այդ ռազմունակութեան ոգին է, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ` հասնելով Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսա», աւելցուց ան: Ապտալեան շեշտեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ ատեն պէտք է կասկածի տակ առնէ իր մարտունակ ոգին: «Հայկական վարժարան յաճախելն ալ պատերազմելու մէկ երեւոյթ է եւ անկախութեան պատերազմ: Իւրաքանչիւրդ մէկական զինուոր էք, որուն պարտականութիւնն է իրականացնել անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի երազը», եզրափակեց ան:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտական ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: