Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի սրահէն ներս, ներկայութեամբ` վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ մեծ թիւով ներկաներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մանր ու ամչկոտ քայլերով բեմ բարձրացան մանկամսուրի փոքրիկները, որոնք իրենց յատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուցին «Հու հա» պարը` խանդավառելով ներկաներն ու յատկապէս իրենց ծնողները:

«Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի այս տարուան հանդէսը նուիրուած էր հայրենի մեծանուն գրագէտ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Մանկապարտէզի փոքրիկները Թումանեանի «Սուտասանը» հեքիաթը ներկայացուցին երգախառն ու պարային թատրոնի մը ընդմէջէն: Առաջին հերթին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկաներուն ծանօթացուցին Թումանեանը` պատմելով անոր կեանքը: Ապա «Հեքիաթային աշխարհ» պարը` դարձեալ Ծաղիկ դասարանին կողմէ: Կարգը հասած էր «Սուտասանը» ներկայացումին: Մանկապարտէզի աշակերտները վերածուած էին փոքրիկ դերասաններու, որոնք իրենց ոճով կենդանացուցին հեքիաթին բոլոր տիպարները` բեմը դարձնելով Թումանեանի աշխարհ: Թատրոնին իւրաքանչիւր տեսարանին կ՛ընկերանար պար մը: Այսպէս, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին շարք մը պարեր` «Սեւան պալեթ», «Հայաստան», «Սոխ ու սխտոր» եւ «Եարխուշտա»: Զգալի էր շաբաթներու վրայ տարուած ճիգն ու աշխատանքը` մանուկներուն  ինքնավստահ քայլերուն եւ շարժումներուն մէջ: Անոնք իրենց աշխուժ ու ճկուն շարժումներով խանդավառեցին ներկաները, որոնք իրենց բուռն ծափահարութեամբ կ՛արտայայտէին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը:

Թատերական պատկերներուն աւարտէն ետք ժողովրդական երգաշար մը ներկայացուցին աւարտական դասարանի փոքրիկները` խմբավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Շրջանաւարտները իրենց ելոյթը շարունակեցին չափական նուագով: Մինչ Ծաղիկի աշակերտները կը պատրաստուէին վկայականաց բաշխման, Բողբոջի եւ Կոկոնի աշակերտները մեկնաբանեցին «Հայաստանի բալիկն ենք» երգը:

 

Գեղարուեստական բաժնի աւարտին քոլեճի տնօրէն խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սրբուկ Ճէնանեանը, որ նախ անդրադարձաւ հանդէսի թեմային` վեր առնելով յատկապէս Թումանեանի ներդրումը մանկական գրականութեան մէջ: Ապա ան խօսեցաւ անցնող տարեշրջանին մանկապարտէզէն ներս իրագործուած ծրագիրներուն` բարեզարդման եւ ուսուցիչներու վերակաւորման յատուկ դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ ծնողները ներառող ձեռնարկներուն մասին: Ճէնանեան խօսքը ուղղելով մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն` մէջբերեց Թումանեանը. «Իսկ ով սէր ունի մեզ պէս ուսումի` դպրոցի ճամբան միշտ կարճ է, սիրուն ձմեռ թէ գարուն»: «Ձեր կեանքի ճամբան ալ ըլլայ միշտ սիրուն, սիրելի՛ փոքրիկներ», եզրակացուց ան` բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն եւ շնորհաւորելով անոնց ծնողները:

Ու վերջապէս հասաւ սպասուած պահը` ե՛ւ աշակերտներուն ե՛ւ ծնողներուն համար: Մանկապարտէզի շրջանաւարտները իրենց գեղեցիկ զգեստներով բարձրացան բեմ` ստանալու իրենց դպրոցական կեանքի առաջին վկայականները: Բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկպոսի ներկայացուցիչ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանը, որ յանձնեց փոքրիկներուն վկայականները: Ծաղիկ դասարանի երկու բաժանմունքներէն վկայական ստացան. Ապաճեան Նայ, Գույումճեան Նարօտ, Թորոսեան Իզապէլլա, Խալիլ Ռիթա, Յակոբեան Սիրուն, Օգճեան Լիւսի, Գոճակէօզեան Յարութ, Խաչատուրեան Քրիսթօ, Կիրակոսեան Հրանդ, Սարգիս Աբրահամ, Գրիգորեան Ալիք, Կերեքմեզեան Կասիա, Մագասճեան Սինթիա, Պէրպէրեան Գալին, Փամպուքեան Էլլա, Ֆրենկիւլեան Արին, Ապաճեան Քրիսթ, Կեպենեան Հրաչ, Մոմճեան Գէորգ, Շահպազեան Ճոնի, Պարսումեան Մայք:

Հուսկ, իր խօսքը արտասանեց Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանը, որ նախ գնահատեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին տարած աշխատանքը, որուն շնորհիւ փունջ մը ծաղիկներ վաղը պիտի դառնան պտղատու ծառեր: Ան շնորհաւորեց վկայական ստացող փոքրիկները, անոնց ծնողներն ու հարազատները, ապա աղօթքով փակեց հանդէսը: