Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. 6,529,000 Լ.Ո. Եւ 110 Տոլար` Արցախին

Շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը ապրեցաւ հոգեպարար եւ նոյն ատեն յուզիչ ժամեր:

Արդարեւ, մեր սիրելի ծնողներն ու աշակերտները` ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին, ինքնաշարժներով դպրոց ներկայացան եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին Արցախի զինուորին օգնելու:

Անոնք իրենց ինքնաշարժները զարդարած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով: Աշակերտները վստահութեամբ յայտարարեցին, որ անպայման պիտի յաղթե՛նք:

Յուզիչ էր մանաւանդ փոքրիկ տղու մը վարմունքը` ան ստիպած էր ծնողքը, որ իբրեւ նուէր գնեն զինուորական մոյկ մը, որպէսզի ղրկուի Արցախ եւ հայ զինուորի մը ոտքը պաշտպանէ…

Աստուած լսէ մեր անմեղ փոքրիկներուն բերնէն հնչած յաղթելու մաղթանքները եւ փրկէ մեր սիրելի հայրենակիցներն ու Արցախը անարգ թշնամիին ոճիրներէն:

Յուսանք մեր յաջորդ հանդիպումը նուիրուած ըլլայ մեր քաջարի զինուորներուն յաղթանակին:

Այս նուիրահաւաքէն գոյացաւ 6.529.000 լ.ո. եւ 110$: