Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց նիստ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին:
Աղօթքէն ետք, կաթողիկոսական փոխանորդը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է, «Նկատի ունենալով երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապը, անհրաժեշտ է, որ առաջնահերթութիւն տրուի ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միտող աշխատանքներուն: Սպասելի է, որ այս ծիրին մէջ կատարուող աշխատանքները առաւել ծաւալ ու շեշտաւորում ստանան յառաջիկայ շրջանին: Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի կրթական մարզին` մէկ կողմէն հետեւելով կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ցուցմունքներուն, եւ միւս կողմէ, անհրաժեշտ քայլերու դիմելով, մեր աշակերտները մեր դպրոցներուն կապուած պահելու համար: Վերջապէս, անհրաժեշտ է, որ կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցին իր ծառայութեամբ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ դառնայ մնայուն ներկայութիւն»: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը գնահատանքը կը յայտնէ կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան ու բոլոր մարմիններուն` իրենց կատարած աշխատանքներուն համար:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին, առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան 2018-2020 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրները: Յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականները նաեւ կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:
ա.- Կրօնական ժողով` Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Հէճինեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, Առաքել քհնյ. Տմտմեան եւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:
բ.- Ազգային վարչութիւն` Րաֆֆի Սիսլեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Յակոբ Լուսարարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Նազօ Անտէքեան, Արամ Գալենճեան, Շաղիկ Կոկոնեան եւ Ժաք Տէմիրճեան:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբ` Ալեքսան Մուրատեան, Սիւզի Սեմէրճեան եւ Սագօ Սիմիթեան:
Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը արդէն իսկ ներկայացուցած է ընտրելի միաբաններու եռանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Մակար եպս. Աշգարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Շահէ եպս. Փանոսեանէ:
Այնուհետեւ, Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրեցին Շահէ եպս. Փանոսեանը:
Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ հաւաքական ճիգով պիտի յաղթահարուին լիբանանահայութեան դժուարութիւնները` վստահեցնելով, որ գաղութը բոլորին աշխատանքներով պիտի մնայ կանգուն, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի սահմաններէն անդին եւս ունի համահայկական առաքելութիւն: Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային երեսփոխաններուն` վստահութեան համար, խոստանալով, որ յառաջիկային իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ հաւաքականութեան: