Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2017 տարեշրջանի Ա. նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ առաջնորդարանի անձնակազմին:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը եւ յետ ներկայութեան ստուգման հաստատեց օրինականութիւնը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում:
Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց վարչութեան անցնող չորս ամիսներու գործունէութեան ամփոփ զեկուցում մը: Հաւաթեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով Լիբանանի թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան, Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութեան եւ այս առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ հանգանակային ձեռնարկին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող բոլոր միաւորներուն, որոնք դերակատար դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը բարձր գնահատած են լիբանանահայ համայնքին ցուցաբերած զօրակցական մօտեցումը Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ: Ապա ան անդրադարձաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ուսուցչական եւ պաշտօնէութեան կազմերու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի կահաւորումի ու այլ աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն: Ան մանրամասնեց նաեւ դպրոցներու միաւորման հոլովոյթին կապուած կարգ մը աշխատանքներ:
Վարչութեան ատենապետը ամփոփ զեկուցում մը ներկայացուց նաեւ խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան մասին: Ան յայտնեց, որ շահարկման յանձնախումբը թաղականութեանց հետ համախորհուրդ կը կանոնաւորէ թաղականութեանց պատկանող կալուածային ու վարձակալական բոլոր պայմանագիրները, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի սեփականութիւնը եղող կալուածներու վարձակալական բոլոր առկախ հարցերը: Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ միաւորուող վարժարաններու կալուածներու յանձանձման կարելիութիւններուն եւ պատկերացումներուն: Տնտեսական մարզին մէջ ան յայտնեց, որ տնտեսական խորհուրդին հետ համախորհուրդ արդէն իսկ ձեռնարկուած է Ազգային տուրքի եւ սան որդեգրելու ծրագիրի վերաշխուժացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի բոլոր կառոյցներն ու միաւորները եւ անոր յարկին տակ գործող բոլոր հաստատութիւնները հաշուապահական միաձոյլ ու արդիական ծրագիրով մը օժտելու աշխատանքին, որ արդէն ընթացքի մէջ մտած է: Ապա անհրաժեշտ բացատրութիւններ փոխանցեց ուսումնական խորհուրդի, բնակարանային եւ ընկերային յանձնախումբերու գործունէութեանց մասին: Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան բարեզարդման աշխատանքներու հոլովոյթին:
Ազգային վարչութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքային զեկուցումներուն մասին Ազգային երեսփոխանները ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ եւ կատարեցին առաջարկներ: Ապա Ազգային վարչութեան անդամ Ալեքսան Մուրատեան ներկայացուց Ժունիէի Ազգային գերեզմանատան ընդարձակման ու բարեզարդման նախնական նախագիծը, որ իբրեւ կարելիութիւն յառաջիկային յաւելեալ ճարտարագիտական յստակացումներով պիտի ներկայացուի ժողովին եւ հանրութեան` նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուներուն մէջ օգտագործելի տարածքները գրեթէ սպառած են:
Աւարտին երեսփոխանները ներկայացուցին թեմին եւ Ազգային վարչութեան գործունէութեան հետ առնչուած շարք մը առաջարկներ: Ազգային երեսփոխանական ժողովէն բխած ենթայանձնախումբ մը պիտի պատրաստէ թեմի ներքին կանոնագիրի բարեփոխման նախագիծ մը:
Ժողովին հիւրաբար կը մասնակցէր երկար տարիներ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Քանատայէն եկած տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, որ խօսք առնելով շնորհաւորեց Ազգային միացեալ վարժարանի հիմնադրութիւնը` հաստատելով, որ աւելի քան 20 տարիներու երազն է, որ կ՛իրականանայ այսօր: Ան միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց, որ համայնքի բոլոր զաւակները իրենց ուսումը ստանան հայկական կրթօճախներու եւ այսպիսի արդիական շքեղ կառոյցի մը մէջ:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Ազգային վարչութիւնը կը ջանայ լուծումներ գտնել անցնող տասնամեակներու բազմատեսակ հարցերուն եւ խնդիրներուն, որոնք կը կարօտին բոլորին հաւաքական աջակցութեան: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը առաւել յանձնառութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ մեր գործերուն: Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Պէտք է ընդունինք, որ քիչ մը մեր ժողովուրդը սկսած է կորսնցնել իր ազգային աւանդական սովորութիւններէն շատ բան, եւ ժամանակն է, որ սկսինք փնտռել մեր ժողովուրդին զաւակները` տարբեր աշխատանքներով եւ տարբեր ու նոր միջոցներով: Մեր տագնապներուն հիմնական պատճառը կրթութեան բացակայութիւնն է եւ մեր հարցերուն լուծումը պայմանաւորուած է կրթութեամբ: Ուսումնատենչութիւն պէտք է ստեղծել նոր սերունդին կեանքին մէջ, որպէսզի հարցերը վերանան, եւ այս առնչութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանը նոր խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծող լաւագոյն շարժառիթն է»:
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով: