Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 2024 տարուան նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան բացուած յայտարարեց ժողովը, որմէ ետք ընթացք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի «Հայր մեր» եւ «Զգործս» աղօթքներով: Ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, որ նշեց, թէ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող առօրեայ դժուարութիւններուն, Ազգային վարչութիւնը ձեռք-ձեռքի տալով, կրցած է դիմագրաւել զանոնք եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հսկել Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան: Ան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր խորհուրդի ու յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, որոնց մանրամասնութիւնները ներկայացուած էին տեղեկագիրին մէջ: Արսլանեան կոչ ուղղեց ազգային երեսփոխաններուն` իրենց աջակցութեամբ, ներկայութեամբ եւ փորձառութեամբ սատար հանդիսանալու աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ ժողովը ներկայացուած զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի միամեայ աշխատանքները: Ժողովականները լայն անդրադարձ կատարեցին ազգային վարժարաններու պարզած իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ: Ժողովականները գնահատեցին Ազգային վարչութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու աշխատանքը: Կատարուեցան առաջարկներ` ընկերային բաժանմունքի, «Աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի, քահանայ հայրերու պատուեգինի, ազգային տուրքի սակացոյցի, եւ այլ նիւթերու շուրջ, եւ որդեգրուեցան շարք մը որոշումներ` առաւել եւս բարելաւելու համար տարուած աշխատանքները:
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով: