Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային քուէարկութիւն, ընտրելու համար թեմի Ազգային նոր երեսփոխանները:
Յայտնենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը Լիբանանի հայոց թեմի օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, բաղկացեալ` 42 երեսփոխաններէ, որոնցմէ 36-ը աշխարհական, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, իսկ 6 հոգեւորական երեսփոխաններ (ընդհանուր համեմատութեան մէկ եօթներորդը) կ՛ընտրուին թեմի հոգեւորականաց համագումարին կողմէ:
Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն ծանօթանալու համար, նաեւ գաղութի եւ ազգի պահպանման աշխատանքներուն մէջ Ազգային երեսփոխանական ժողովի կարեւորութեան եւ յառաջիկայ փուլին անոր դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու միտումով, «Ազդակ»-ի թղթակիցը զրոյցներ ունեցաւ եկեղեցիներու թաղականութեանց ատենապետներուն եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի թեկնածուներուն հետ:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թեկնածուներէն` ընթացաւարտ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ այս ընտրութիւնները ազգին մէջ այն տպաւորութիւնը ձգած են, որ ազգային իմաստով ոչինչ կը ներկայացնեն, եւ մեր ժողովուրդը այն մթնոլորտին մէջ է, թէ «ֆոլքլորիք» բան մըն է, որ կը կատարուի: Ան ըսաւ, որ խորքին մէջ այդպէս չէ, եւ ինք կը հաւատայ, թէ ասիկա ազգային մեր ինքնութիւնը պահելու միակ ժողովրդավար միջոցն է, եւ պէտք է մարդիկ ա՛յն տրամադրութեան մէջ ըլլան, որ իրենց նուազագոյն պարտականութիւնը սեպեն 4 տարին անգամ մը իրենց ներկայացուցիչները ընտրելու, որոնք ազգային բոլոր հարցերը պիտի քննեն` ծխային ամէնէն փոքր հարցէն մինչեւ ազգային բարձրագոյն մակարդակի խնդիրները: Ան նշեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ժողովը ունի մեծ մարտահրաւէրներ, որոնք կը կարօտին հաւաքական, կազմակերպուած, հետեւողական եւ բծախնդիր ծրագրաւորումի ու աշխատանքի:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան նկատել տուաւ, որ գաղութին բոլոր հարցերը` դրական կամ ժխտական, ի վերջոյ կու գան Ազգային երեսփոխանական ժողով` գտնելու համապատասխան լուծումներ: Ան ըսաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ հարցերը քիչ մը բարդացած են շրջանային ու տեղական կացութիւններու պատճառով, որոնց վրայ կ՛աւելնայ երկրին տնտեսական անբարենպաստ կացութիւնը: Սիսլեան ըսաւ. «Կը յուսանք, որ այս դժուար ու անորոշ կացութիւնը երկար չի տեւեր. մինչ այդ, իբրեւ մարմիններ ու պատասխանատու աշխատանքներու կոչուած անձեր, մեր կարողականութիւնները առաւելագոյնս պիտի օգտագործենք, որպէսզի այս դժուարութիւնները շրջանցելով, մեր ազգի զաւակներուն օգտակար դառնանք եւ բոլոր հարցերուն արդար լուծումներ գտնենք»:
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլէմճեան ըսաւ, որ տարեց ազգայիններուն մօտ ե՛ւ ջանասիրութիւն, ե՛ւ հետաքրքրութիւն կայ Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն գծով: Սակայն, երիտասարդութեան հետաքրքրութեան ու մասնակցութեան հարցը սկսած է մարտահրաւէրի վերածուիլ: Յառաջիկային, այս գծով պէտք է դիմել գործնական քայլերու, որպէսզի Ազգային սահմանադրութեան ոգին փոխանցուի մեր երիտասարդութեան, եւ նոր սերունդը պարտքի եւ իրաւունքի հասկացողութեամբ աւելի շօշափելի մասնակցութիւն բերէ ընտրական աշխատանքներուն ու առնչակից դառնայ մեր հաւաքականութիւնը յուզող հարցերուն եւ տագնապներուն:
Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թեկնածուներէն Պետիկ Սապունճեանի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը հիմնական դերակատարութիւն ունի մեր ազգի պահպանութեան ճիգին մէջ: Ան շեշտեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովին պարտաւորութիւնը մեծ է ազգին նկատմամբ, հետեւաբար անհրաժեշտ է օրուան պահանջներուն հետ քայլ պահելով, յաւելեալ թափով զարկ տալ ազգապահպանութեան գործին:
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան յայտնեց, որ ընտրութիւնները կը կատարուին հեզասահօրէն, առանց խոչընդոտներու ու առարկութիւններու, եւ շրջանի ծխայինները, ընդառաջելով Ազգային առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան կոչին, գիտակցօրէն կը ներկայանան եկեղեցի եւ կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնը:
Ֆանարի Ս. մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան ըսաւ, թէ խաղաղ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ քուէարկութիւնը, եւ քուէարկութեան այս առիթը Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ մեր ծխայիններուն վստահութիւնը վերանորոգելու շարժառիթ հանդիսացաւ:
Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան յայտնեց, որ ընտրական մթնոլորտը սկսած է առաւօտեան ժամը 9:00-էն բնականոն ձեւով, եւ այնճարցիներ ու մուսալեռցիներ ներկայանալով եկեղեցի իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարած են` վստահ ըլլալով, որ քուէարկութեան մասնակցելով, ազգային ընդհանրական եւ հաւաքական շահերը կ՛ամրացնեն եւ իրենց նպաստը կ՛ընծայեն հայ Եկեղեցւոյ բարօրութեան ու պայծառութեան գործին: Ան շեշտեց, որ այս ընտրութիւնները նոր աւիւն, նոր շունչ եւ նոր ոգի պիտի ներարկեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի աշխատանքներուն մէջ, եւ Երեսփոխանական ժողովէն անդին, նաեւ Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու գործունէութեան մէջ ստեղծեն նոր թափ, որպէսզի նոր իրագործումներով ծառայեն լիբանանահայութեան:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախկին անդամ եւ թեկնածու Վաչէ Նաճարեան նկատել տուաւ, որ սոյն գործընթացը, ուր համայնքը կ՛ընտրէ իր ներկայացուցիչները, որպէսզի կազմակերպէ մեր հաւաքականութեան համայնական կեանքն ու աշխատանքները, ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը հաստատէ, որ իբրեւ եկեղեցի ու համայնք, մեր ժողովուրդը տէրն է իր կեանքին: Անդրադառնալով ներկայ դժուարութիւններուն, Նաճարեան ըսաւ, որ եթէ համայնքը ինքզինք չկազմակերպէ, ուրիշ կազմակերպողներ չկան: Այլընտրանք չունի մեր ժողովուրդը: Հետեւաբար, կարելի չէ պատահականութեան ձգել մեր ազգի զաւակները, որոնք բազմաբնոյթ տեսակի օժանդակութիւններու եւ նեցուկի կարիքը ունին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարչութեան, եկեղեցիներու թաղականութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ընտրութիւններու յաջողութեան: