Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան համար, Կիրակի, Հոկտեմբեր 23, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 5։00, Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն։
Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն։
Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ, առանց սեռի խսրութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն։
Երեսփոխաններու թեկնածուութեան դիմումնագրերը կ՛ընդունուին Առաջնորդարանի Դիւանատան մէջ, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10-էն, մինչեւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8։30-էն մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 3։00։
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որպէսի միահամուր մասնակցութեամբ, լաւագոյնս կատարեն իրենց պարտականութիւնը։
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել Ազգային Առաջնորդարանի Դիիւանատուն, հեռաձայնի 01-258-300 թիւով ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի