Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի նոր Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար ժողովրդային քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ:
Առ այդ, հաճեցէք նկատի ունենալ.
ա.- Ընտրութեան կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը ամբողջացուցած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այն բոլոր զաւակները (առանց սեռի խտրութեան), որոնք վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական ու համայնքային իրաւունքներէն:
բ.- Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այն բոլոր զաւակները (առանց սեռի խտրութեան), որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած քաղաքացիական ու համայնքային իրաւունքներէ:
գ.- Երեսփոխաններու թեկնածութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին առաջնորդարանի դիւանատան մէջ, երկուշաբթի, 18 յունիսէն մինչեւ ուրբաթ, 29 յունիս 2018, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:
Թեկնածութեան արձանագրութեան համար հարկ է ճշդել ենթակային ծխական շրջանը եւ դիմումնագիրին հետ ներկայացնել.
ա.- Ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ
բ.- Մկրտութեան հաստատագիր
գ.- 2017 տարուան Ազգային տուրքի ստացական
դ.- Քրէական անպարտութիւնը հաստատող փաստաթուղթ (Սըժըլ Ատլի)
Յաւելեալ լուսաբանութեանց համար հաճեցէք կապ հաստատել Ազգային առաջնորդարանիս դիւանատան հետ` 01-258300 հեռաձայնի թիւով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ