Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 10 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին նուիրուած ընթրիքի երեկոյ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմին:
Օրուան հանդիսավար, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Աքասիա Փոլատեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն ընթրիքը վստահաբար բաւարար չէ շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելու իւրաքանչիւր ուսուցիչի անսակարկ ծառայութեան, վաստակին ու նուիրումին:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեդա Մանկասարեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ Ուսուցչաց տօնը առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու ուսուցիչին, մանաւանդ հայ ուսուցիչին կրթական առաքելութիւնը եւ անզուգական դերը սփիւռքահայութեան գոյատեւման հոլովոյթին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած հայը` երբեմն նոյնիսկ թրքախօս, անսալով իր արեան կանչին գիտակցեցաւ, որ իր գոյութեան հիմնական խարիսխներն են հայ դպրոցը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին` գիտակցելով միաժամանակ, որ հայրենիքէն հեռու մայրենի լեզուն եւ հաւատքը միայն կրնան փոխարինել հայրենի հողը: «Հայ դպրոցը, շնորհիւ քեզի` հա՛յ ուսուցիչ, որ անկիւնաքարն ես հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին, տուաւ իր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային ինքնութիւնը եւ պատրաստեց նուիրեալ ու յանձնառու հայը եւ մարդը: Հայ ուսուցիչը հաւատաց, որ հայեցի դաստիարակութիւնը նոր սերունդին կը փոխանցուի միայն մայրենի լեզուով: Ան հաւատաց, որ իսկական ուսուցիչը գիտութիւն լեցնողը չէ, այլ` գիտութեան լոյսին սէրը հրահրողը աշակերտին հոգիին մէջ», հաստատեց Ս. Մանկասարեան` նկատել տալով, որ այս բոլորին կողքին հայ աշակերտը գերազանցեց ո՛չ միայն լիբանանեան, այլ նաեւ միջազգային լաւագոյն համալսարաններու մէջ:
Անդրադառնալով Ազգային Միացեալ վարժարանին` Մանկասարեան հաստատեց, որ անոր կառուցումով կ՛իրականանայ երազը այն ազգայիններուն, որոնք ուժգնօրէն հաւատացին լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան եւ հայ դպրոցի էական եւ կողմնորոշիչ դերին` յառաջիկայ տասնամեակներուն եւ ինչու չէ հարիւրամեակին մեր հայեցի դիմագիծի պահպանման աշխատանքին մէջ:
«Սիրելի՛ ուսուցիչ, թող որ յարատեւ լուսաւորես, որովհետեւ անձնուիրութեանդ ազդեցութիւնը կը մնայ յաւիտեան», եզրափակեց Ս. Մանկասարեան:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ցուցադրուեցաւ Ազգային վարժարաններու մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներէն Կայէլ Գրիգորեան քանոնի վրայ նուագեց երաժշտական ստեղծագործութիւններու փունջ մը, Արի Տագէսեան (կիթառ) եւ Աւօ Տագէսեան (ջութակ) նուագեցին երաժշտական 4 յօրինումներ, իսկ տհոլահարներու խումբը ներկայացուց երաժշտական կտոր մը:
Այնուհետեւ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան խանդավառեց մթնոլորտը` մեկնաբանելով էսթրատային եւ աշուղական երգերու փունջ մը, իսկ Արի Վարդանեան, Մինաս Ադամեան եւ Յակոբ Փամպուքեան եռեակը մեկնաբանեց հայկական սիրային երգերու փունջ մը:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով ըսաւ, որ հայ ուսուցիչը հայ իրականութեան մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ մեր ուսուցիչները մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեզի համար կը մնան մեր ուսուցիչները, որոնց նկատմամբ միշտ կը տածենք մեծ յարգանք: Ան նկատել տուաւ, որ ուսուցիչներու խնամքին տակ դրուած է ամբողջ սերունդ մը, եւ անոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ բոլոր ժամանակներուն ալ ստանձնած են սերունդներու կերտման պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնը, որուն համար արժանի են ամէն յարգանքի:
Ապա Հաւաթեան ընդգծեց նաեւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ անցնող ամիսներուն, ինչպէս նաեւ մօտիկ ժամանակաշրջանին ուսուցիչներուն նկատմամբ ունեցած պարտաւորութեանց իրագործումը` շեշտը դնելով ժամկէտներու ամբողջական յարգումին վրայ:
Ան յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանին համար կրթական նոր փուլ մը կը բացուի լիբանանահայ գաղութին կեանքին մէջ, որ մեզ կը դնէ պատասխանատուութեան ամէնէն բարձր աստիճանին դիմաց` աւելցնելով, որ այս փուլը զուտ կրթական շրջադարձ մը չէ, որ տեղի կ՛ունենայ լիբանանահայ կեանքին մէջ, այլ` լիբանանահայ գաղութի վերաշխուժացման նոր կարելիութեան մը դիմաց կը գտնուինք բոլորս: «Մեր կրթական ազգանուէր գործը նոր կառոյցի մէջ կը փորձենք շարունակել եւ աւելի արդիական ու ներկայ դարու համահունչ պայմաններու մէջ մեր առաքելութիւնը իրագործել եւ հրաւիրել բոլորը հայկական արդիական կրթական հաստատութիւն», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծուող այս նոր կրթական ցանցի յաջողութեան համար ամէն միջոց ի գործ պիտի դրուի եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց հայ ուսուցիչներու տօնը:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ուսուցիչները իրենց յանձնուած պարտականութիւնը վերածեցին նուիրումի եւ զոհողութեան ասպարէզի, հետեւաբար Աստուած ալ կը պարգեւատրէ զիրենք` իրենց կեանքը հարստացնելով անմահական բարիքներով: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ դժուարութիւններով լեցուն մեր աշխարհին մէջ մենք տակաւին վստահութեամբ կը նայինք կեանքին, որովհետեւ մեզի հետ ունինք հայ դպրոցը, հայ ուսուցիչին նուիրումին օրինակը եւ այն վաստակը, որ հայ ուսուցիչը հայ դպրոցին ընդմէջէն հաստատեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ: Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ մեր վարժարանները ըլլան աւելի զօրեղ եւ դառնան հաւատքի միջնաբերդեր: «Ձեր եւ ձեզ կանխող սերունդներու նուիրումի օրինակը նոր կեանք առնէ նոր սերունդի աշխատանքներու ընդմէջէն եւ ձեր վաստակը նոր ջրտուք կատարէ մեր իրականութեան մէջ, որպէսզի կարենանք մեր կեանքը ամրացնել եւ վստահութեամբ նայիլ այն աշխարհին, որուն մէջ կ՛ապրինք եւ կը գոյատեւենք», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ, որ այս հանգրուանին կը փորձենք նորոգել մեր միջոցներն ու կարելիութիւնները, որպէսզի հայ կրթութեան սրբազան առաքելութիւնը յարատեւէ մեր կեանքին մէջ: Կը փորձենք հայ վարժարանին միջոցները նորոգել, որպէսզի նոր ժամանակներու պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը ըլլայ նոյնքան ազդու` որքան էր երէկ, եւ կը փորձենք հայ ինքնութեան սրբազան աշխատանքը վստահիլ նոր սերունդին, որպէսզի նոր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նոր սերունդին ճիգով մեր կեանքը նորոգուի եւ մենք ամրանանք գալիք կեանքին ի խնդիր:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ներկայ ուսուցիչներուն նուիրումին օրինակը նաեւ օրինակ դառնայ յաջորդ սերունդներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն բաժնուեցան յուշանուէրներ տրամադրուած Ուսումնական խորհուրդին կողմէ: