Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 17 փետրուար 2018-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003-ին իր ընտանեկան պարագաները Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին հետ համախորհուրդ, հիմնեցին անոր յիշատակին նուիրուած աշակերտական Ֆոնտ մը, որուն գումարը պիտի տրամադրուէր շարադրական մրցանքի մը` լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն համար աւելցնելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնը ազգային գիտակցութեան, հպարտութեան եւ հաւատքի նոր առիթ մը ընծայեց լիբանանահայ աշակերտութեան: Ան ըսաւ, որ այդ թուականէն ի վեր տարեկան դրութեամբ իրերայաջորդ Ուսումնական խորհուրդներ կը կազմակերպեն Մհեր Ջուլհաճեան շարադրական մրցանքը` համախմբելով լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները:
Իր խօսքի աւարտին Մարալ Մխսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներ Անի Աղպաշեանին, Սօսէ Ճինպաշեանին եւ Ժագ Յակոբեանին, որոնք սիրայօժար սրբագրեցին շարադրութիւնները:
Օրուան բանախօս Պետօ Տեմիրճեան նկատել տուաւ, որ 26 տարիներ առաջ Մհերի նման անձնուրաց երիտասարդներ յաջողեցան ազատագրել Լաչինը եւ Արցախը միացնել Հայաստանին: Միացում, որ տակաւին իրականութիւն է եւ պիտի շարունակէ մնալ շնորհիւ նորօրեայ Մհերներուն: Բանախօսը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն յորդորեց զանոնք ուսանելու եւ ըլլալու լաւագոյնները իրենց ասպարէզին մէջ:
«Եղէ՛ք համեստ, եղէ՛ք արդար: Մի՛ մոռնաք ձեր անցեալը եւ չըլլայ մոռնաք ձեր ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը: Մնացէ՛ք հաւատարիմ մեր հայրենիքին, հաւատքին, դպրոցին եւ մեր արժէքներուն: Բա՛րձր պահեցէք ձեր մշակոյթը: Լա՛ւ իմացէք հայոց լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը: Լա՛ւ հասկցէք հայ վարժարանի դերը եւ առաքելութիւնը», շեշտեց Պետօ Տեմիրճեան` յորդորելով իւրաքանչիւրը այցելելու հերոսական Արցախ, տեսնելու, ապրելու եւ վերանորոգուելու համար, նաեւ մասնակցելու բանակումներու եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն` տեսնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Արցախ: Տեմիրճեան յայտնեց, որ 1993 թուականին Մհեր Ջուլհաճեան Արցախի համար տուաւ գերագոյնը, զոհեց իր կեանքը` աւելցնելով, որ այսօր համեմատաբար աւելի` խաղաղ պայմաններու մէջ մենք իւրաքանչիւրս պիտի տանք այն, ինչ որ կրնանք տալ: Եզրափակելով իր խօսքը` Պետօ Տեմիրճեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հզօրացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանն ու Արցախը, պահելու եւ պահպանելու սփիւռքը, մեր կառոյցները, մեր միութիւնները: «Ձեր դերը շատ մեծ է հոս: Դո՛ւք էք, որ պիտի ղեկավարէք մեր հաւաքական կեանքը: Դո՛ւք, սիրելի՛ աշակերտներ իբրեւ ապագայի առաջնորդներ, պահեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը եւ տոգորուեցէ՛ք հայկական շունչով: Համախմբուեցէ՛ք մեր եկեղեցւոյ, մեր միութիւններուն եւ վարժարաններուն շուրջ: Խոստո՛ւմ տանք իրարու, որ պիտի ըլլանք յանձնառու եւ պիտի զօրակցինք համայն հայութեան շահերը կերտելու աշխատանքին», եզրափակեց Տեմիրճեան:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան յայտնեց, որ Մհեր Ջուլհաճեան հայրենի հողին պաշտպանութեան համար ընծայեց իր կեանքը, իր լաւագոյնը` հարց տալով, թէ մենք ի՞նչ կ՛ընծայենք մեր կեանքին մէջ` պաշտպանելու համար այն բոլոր արժէքները, որոնցմով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը: Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն սոյն հարցադրումը կատարելու իրենց ենթագիտակցութեան մէջ, որպէսզի իսկապէս սոյն պահը ստանայ արժէք եւ իմաստ: Ան շեշտեց, որ հայրենի հողի կողքին, հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը սրբազան աւանդներ եւ ազգային արժէքներ են, որոնք ծնան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ կը սպասեն, որ միեւնոյն խիզախութեամբ պաշտպանուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ:
«Կը մաղթեմ, որ մեր վարժարաններուն եւ կառոյցներուն մէջ հասակ առնող հայ պատանիները, պարմանուհիները եւ երիտասարդները անպայման հասնին այդ խիզախութեան վիճակին: Նուաճեն բարձունքներ` մեր ժողովուդը տանելու համար իր երազներուն եւ իտէալներուն: Այն ատեն է, որ Մհեր Ջուլհաճեաններ եւ ուրիշ հերոս նահատակներ, հայրենի հողի պաշտպանութեան եւ հայկական արժէքներու ի խնդիր իրենց կեանքը զոհող բոլոր նուիրեալները կը ցնծան երկինքէն եւ կ՛անդրադառնան, որ ազգը կ՛ապրի իր ժողովուրդին նուիրումով, հաւատքով, զոհաբերութեամբ եւ տոկունութեամբ», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան, երկրորդութեան եւ երրորդութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ` տրամադրուած Համազգայինի գրատարածին կողմէ:
Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Սիլվի Թաթոյեան (Ազգային միացեալ վարժարան), երկրորդ` Դուին Հերկելեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), երրորդ` Էտուար Թաշճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Ճորճ սրկ. Աբրահամեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երկրորդ` Կալի Աւագեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երրորդ` Շահէ սրկ. Եագուպեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք): Նուէրներ ստացան նաեւ շարադրական մրցանքին մասնակցած բոլոր աշակերտները:
Գեղարուեստական բաժինով, Անասթազիա Մկրտիչեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Ես Մասիսը չտեսայ» բանաստեղծական կտորը, Ռիթա Սալլում դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, Մեղրի Հապիպ ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Կեաւուրի լակոտ» քերթուածը եւ խումբ մը աշակերտներ մեկնաբանեցին «Ղարաբաղ» երգը: