Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Տնօրէնը Կ՛արժանանայ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակին

Գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան արժանացաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակին` հայապահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար:

«Մայրենիի պաշտպան» մրցանակը, որ հաստատուած է 2010-ին, տարեկան կը շնորհուի անհատներու եւ հաստատութիւններու: Աւագեան կրթական իր երեսնամեայ վաստակին եւ հայ մամուլին մէջ քառորդ դարու ծառայութեան համար արժանացաւ անհատներու բաժինի երկրորդ մրցանակին:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին, սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ, Երեւան: Քոլեճին ներկայացուցիչը ստանձնեց համապատասխան մրցանակն ու յուշամետալը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ