Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Առաջին Հունձքը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Ոգիով Լիցքաւորուած

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի երկրորդական դասարաններու ամավերջի հանդէսը:

Շրջանաւարտներու սրահ մուտքով մեկնարկը տրուեցաւ յայտագիրին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր խմբային արտասանութիւն` «Ցեղին փառքը», նազ պար` Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս իմն դուն իս», կատարողութեամբ` Բարտի Գալայճեանի եւ Մեղեդի Սանճեանի, մեներգ` «Հայաստան», մեկնաբանութեամբ` Նաթալի Տեկիրմէնճեանի, խմբերգ` «Իմ անուշ հայրենիք» կիթառի ընկերակցութեամբ` Գարոլին-Լէա Կարապետեանի, Սեպուհ Քեհիայեանի, իսկ տհոլի ընկերակցութեամբ` Քրիսթէլ Արթինեանի:

Այնուհետեւ հայերէն լեզուով ուղերձը կարդաց Գէորգ Եագուպեան: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց ստացած վկայականը նկատեց յաղթանակի դափնեպսակ, իսկ իրենք` առաջին հունձք` Ազգային միացեալ վարժարանի. առաջին յաղթանակ, առաջին ջահակիր:

«Ո՞ր հայ երիտասարդը պիտի ուզէր բաժնուիլ այն հողէն, այն օճախէն, որ անքակտելիօրէն զայն պիտի կապէր իր հայրենիքին, իր իտէալին, իր երազին կամ` այն ենթահողէն, այն դարբնոցէն, զոր պատրաստած էր զինք ամրանալու` կեանքի պայքարին դէմ եւ այդ պայքարը կենսաւորելու մեր առօրեային մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բաժանումը կը յուզէ, սակայն նոր տեսիլքի դուռ կը բանայ: Ըստ անոր Միացեալ վարժարանի մէջ սորվեցան կեանքը ապրիլ արժէքի՛ սկզբունքին վրայ եւ իբրեւ այդպիսին` իրենց կեանքը ստեղծագործ դարձնել: Սորվեցան կեանքին նայիլ պատասխանատուութեան զգացումով, ո՛չ հանդիսատեսի դերով, ցանելով` ո՛չ միայն ամբարելով, ճառագայթելով` ո՛չ միայն ստուերներու տակ ապրելով: Հայ դպրոցը իրենց սորվեցուց միասնութեան` «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաւոր կարգախօսէն մեկնած:

Ան անդրադարձաւ օտարամոլութեան եւ հայ վարժարանին իսկական արժէքը անգիտանալու վտանգաւոր ախտին` նշելով, որ հա՛յ կոչուելու հպարտ զգացումէն, ապրումէն, ինքնութեան ճանաչումէն ու հաստատումէն: «Այս եզակի զգացումը, մենք այս տարի ամէ՛ն օր ապրեցանք, ամէ՛ն վայրկեան, որովհետեւ ո՛չ միայն Ազգային միացեալ վարժարանի «Առաջին Հունձք» կոչուելու բախտաւորութիւնը ունեցանք, այլ նաեւ մկրտուեցանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի հունձք`  մարմնաւորուելով Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթանակներով», հաստատեց Գէորգ Եագուպեան:

Շարունակելով իր  խօսքը` Եագուպեան երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն խորհուրդին եւ ուսուցչակազմին իրենց համբերատար ոգիին, անսակարկ ծառայութեան,  փոխանցած խրատներուն, ցուցմունքներուն եւ փորձառութիւններուն համար, նաեւ ծնողներուն` անսահման զոհողութեան եւ յուսատու խրատներուն համար, որոնց շնորհիւ ստացան բարձրագոյն ուսում եւ կարելիութիւնը պիտի ունենան հասնելու բարձր դիրքերու:

Արաբերէն լեզուով իր արտասանած ուղերձին մէջ Սեպուհ Քեհիայեան նկատել տուաւ, որ դպրոցական յարկին տակ յաջող եւ ձախող օրեր ունեցան, սակայն միշտ վառ պահեցին իրենց յոյսը եւ շարունակեցին ուղին: Իր խօսքը ուղղելով ընկերներուն` ըսաւ, որ լաւ յիշատակներ ունեցած են միասին եւ այժմ կը բաժնուին, որպէսզի  իւրաքանչիւրը կերտէ իր ապագան այն յոյսով, որ կեանքի մէջ կրկին կը հանդիպին իրար: «Մենք հպարտ ենք, որ Լիբանանի զաւակներն են, սակայն աւելի հպարտ ենք հայ ազգին զաւակները ըլլալնուս համար: Ազգ մը, որ մերժեց յանձնուիլ իր ճակատագիրին, պայքարեցաւ եւ մինչեւ օրս կը պայքարի` պահանջելով իր իրաւունքները», եզրափակեց Սեպուհ Քեհիայեան:

Անգլերէն լեզուով ուղերձը կարդաց Սինթիա Սնըքճեան: «Այսօր մենք կը ստանանք մեր վկայականները, որ մեր ճամբորդութեան առաջին հանգրուանն է, նաեւ մեր դպրոցական կեանքի արկածախնդրութեան աւարտը: Մի՛ լսէք ուրիշներու խօսքերը: Դուք ձեր անհատական դերակատարութիւնը ունեցէք եւ ձեր գիտութիւնը թող ըլլայ ձեր ուժը, իսկ ձեր կամքը` ձեր առաջնորդը: Մենք կը պատկանինք հայ ազգին եւ մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունինք անոր ջահը վերցնելու եւ աւարտելու մեր նախնիներուն սկսած աշխատանքը: Մենք պէտք է փաստենք, որ գոյութիւն ունինք: Մեր գոյութիւնը մեր մշակոյթով է, մեր լեզուով եւ մեր ինքնութեամբ եւ ոչ ոք կրնայ զայն խլել մեզմէ»:

 

Տնօրէն խորհուրդի խօսքը արտասանեց վարժարանի կրթական համակարգող Գրիգոր Էքմէքճեան: Առաջին հերթին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց վարժարանի կրթական ֆոնտերուն, բարեսիրական միութիւններուն եւ հայրենակցական միութիւններուն անցնող տարեշրջանի ընթացքին իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար:

Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց սրբազան հօր, որ բծախնդրօրէն հսկեց վարժարանի զանազան աշխատանքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէն խորհուրդի իր գործընկերներուն, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, որոնք ամբողջ տարուան մը ընթացքին ոչ մէկ ճիգ խնայեցին անդրանիկ տարեշրջանը իր բնական ընթացքին մէջ պահելու եւ հեզասահօրէն հասցնելու իր յաջող աւարտին:

Էքմէքճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ  ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներու կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը երկար տարիներ վստահեցան ազգային վարժարաններուն` քաջ գիտակցելով, թէ հայ վարժարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ, այլ այն ճամբան է, ուր հայ աշակերտը կը կազմաւորուի, ինքնութիւն ու նկարագիր կը կերտէ` դառնալով տիպար քաղաքացի ու քրիստոնեայ հայ մարդը:

Իր խօսքը ուղղելով  շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Որեւէ շրջանակի մէջ ալ գտնուիք քաջ գիտակցեցէք, թէ դուք պիտի դառնաք դեսպանները մեր ազգին: Ձեր օրինակով ու աշխատանքով ցոյց պիտի տաք բոլորին, թէ ո՛վ է հայ մարդը: Պիտի մարմնացնէք ձեր մէջ հայուն արժէքը ամէն տեղ` բարձր պահելով մեր ժողովուրդին անունն ու պատիւը: Մէկ բանի եւս պէտք է գիտակցիք, թէ դուք ձեր ասպարէզներուն մէջ պիտի նուաճէք բարձունքներ, սակայն այդ բոլոր բարձունքներէն ետք պիտի վերադառնաք տուն, դէպի ձեր ազգը եւ` ծառայելով անոր, զայն պիտի հասցնէք դէպի նոր յաղթանակներ»:

Վկայական ստացան հետեւեալ շրջանաւարտները. տնտեսագիտական բաժինէն` Նարեկ Արսլանեան, Գարոլին-Լէա Կարապետեան, Ռիթա Յակոբեան, Բարտի Գալայճեան, Ռիթա Գաբրիէլեան, Սինթիա Սնըքճեան, Սինթիա Դաւիթեան, Գէորգ Եագուպեան: Գիտական բաժինէն` Քրիսթէլ Արթինեան, Սեպուհ Քեհիայեան, Մեղեդի Սանճեան, Սեւան Զաքարեան: Արուեստից Գ. դասարանէն` Նաթալի Տեկիրմէնճեան, Սինթիա Մալաքեան, Մարալ Նորընծայեան, Սեւան Չէքմէեան:

 

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ անդրադարձաւ վեց վարժարաններէ այս դպրոցին մէջ համախմբուելու փորձառութեան, որ հարկաւոր էր, որպէսզի ընտելանայինք այս միջավայրին, իրարու եւ այնուհետեւ լծուէինք աշխատանքի: Ան նկատել տուաւ, թէ տարին փակեցին ո՛չ միայն իբրեւ ընտանիքի անդամներ, այլ նաեւ արդիւնքով: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ փորձառական շրջանը երբ կը հասնի իր աւարտին, պարտինք հաւաքաբար յիշել, թէ այս վարժարանը կառուցուեցաւ, որպէսզի վերակազմակերպէ հայ դպրոցը, եւ անոր արդիւնքով վերակազմակերպենք եւ վերաշխուժացնենք մեր համայնական կեանքը: Ըստ անոր, առանց հայ դպրոցի վաստակին, ոչ միայն անորոշ է մեր հաւաքական կեանքը, այլեւ դիւրաբեկ է, հոն է, որ հայ սերունդներ կը թրծուին հայկական եւ հայաբոյր արժէքներով: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ  յառաջիկայ հանգրուանը իսկական աշխատանքի, դէպի վերելք, դէպի բարձունք առաջնորդող աշխատանքի հանգրուան պիտի ըլլայ անկասկած: «Մէկ տարուան փորձառական շրջանը դիւրին չեղաւ, բայց եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի: Եղաւ դէպի ապագայ մեզ տանող մեր քայլերուն համար պատրաստութեան անհրաժեշտ շրջան եւ բոլորիս համար հանդիսացաւ համոզումի այն առիթը, թէ հայ դպրոցը մեր բոլորին հաւատքովն ու գուրգուրանքով անկասկած առաւել եւս կ՛ամրացնէ մեր ժողովուրդին կամքը` մեր անմահական արժէքներով», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ազգային միացեալ վարժարանի առաջին հունձքին` յիշեցնելով անոնց, որ կեանքը լեցուն է անակնկալներով, բայց կան բարձունքներ, զորս պէտք է նուաճուին` վստահեցնելով, որ ազգային վարժարաններէն իրենց քաղած գիտութեամբը անպայմանօրէն պիտի յաջողին նուաճել այդ բարձունքները, եթէ աշխատելու եռանդ եւ հաւատք ունին իրենց մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ կեանքի ճամբան հեզասահ ըլլայ իրենց դիմաց եւ օր մը զիրենք անպայման կրկին առաջնորդէ դէպի ազգային վարժարան, դէպի մեր ժողովուրդն ու հայ կեանքը, որպէսզի իրենց քաղածով եւ ամբարածով իրենք եւս իրենց դրոշմը զետեղեն հայ վարժարանի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր համայնական կեանքի ընդարձակ ոլորտներէն ներս: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ ծնողները, գնահատեց հայկական վարժարանի հանդէպ անոնց ունեցած նախանձախնդրութիւնը` յիշեցնելով, որ հայ դպրոցը մեր հաւաքական ամրութեան համար կը յարատեւէ եւ կը գործէ այն թափով, որուն համար մենք հաւաքաբար ձեռք-ձեռքի տուած մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք անոր: Ան նկատել տուաւ, որ հայ դպրոցի ճամբան դիւրին չէ եղած եւ պիտի չըլլայ, սակայն Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին գիտակցութեամբ, մեր բարերարներուն եւ բարեկամներուն աջակցութեամբ անպայմանօրէն պիտի շարունակէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ նուիրական այն առաքելութիւնը, որուն համար յանձն կ՛առնենք զոհողութիւններ եւ նեղութիւններ պարբերաբար, որպէսզի մեր կեանքը սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայօրէն շարունակէ իր ընթացքը` համաձայն մեզ կանխող սերունդներու տեսիլքներուն եւ սպասումներուն: