Համագաղութային մարտահրաւէրները եւ ծրագիրները միասնակամ մօտեցումով եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ քննարկելն ու համապատասխան լուծումներու մասին խորհրդածելը բոլոր ժամանակներէն աւելի դարձած են հրամայական ու այժմէական անհրաժեշտութիւն: Այս մտածողութեան ամրապնդման ու գաղութի հաւաքական կեանքի օրակարգերու քննարկման ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին տակ «Հայ դպրոցին դիմագաւած մարտահրաւէրները եւ առաջադրանքները` ազգային ինքնութեան պահպանման գործընթացին մէջ» խորագիրով համագումարին կազմակերպումը եկաւ դառնալու հարազատ արտայայտութիւնը վերեւ նշուած հաստատումին: Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, համագումարը մասնակիցներու իր ներկայացուցչական լայն տարողութեամբ եւ հրատապ ու ժամանակակից նիւթերու համապարփակ քննարկումով կարեւոր պատգամներու ականջալուր դառնալու եւ նոր գործադաշտերու ստեղծման հաւաքական պատասխանատուութեան համար դարձաւ կարեւոր առիթ: Համագումարին մասնակցութեան հրաւէրին ընդառաջեցին լիբանանահայ յարանուանական եւ միութենական հովանաւորութիւն վայելող բոլոր վարժարանները, բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները, լիբանանահայ կառոյցներու ու լրատուամիջոցներու տնօրէնները եւ պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ կրթական մարզին մէջ հարուստ կենսափորձ ունեցող գործիչներ: Լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդներու եւ պետական ու քաղաքապետական ներկայացուցիչներու կողքին, համագումարին ներկայ էին նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ Ուսումնական խորհուրդը:
Համագումարին ընթացքին հնչած գաղափարները, ներկայացուած տուեալները, կատարուած ախտաճանաչումները եւ վերջապէս անմիջականօրէն աշխատանքային ու գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան շեշտադրումը արդարօրէն հաւաքական պատասխանատուութեան դիմաց կը դնեն գաղութի բոլոր բաղկացուցիչ շերտերը: Աւելի՛ն, համագումարի զեկուցաբերներուն եւ մասնակիցներուն կողմէ գաղութային կեանքին մէջ Ազգային միացեալ վարժարանի արդիական կառոյցի շինութիւնը եւ անոր շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը իբրեւ նուաճում արձանագրելու ու միաժամանակ մեր հաւաքական երթին նոր որակ եւ աշխուժութիւն տալու անոր առաքելութեան շեշտադրումն ու անկէ սպասուած լայն ակնկալութիւնը, դպրոցի պատասխանատուները կը դնեն յաւելեալ պարտաւորութիւններու դիմաց: Հայ դպրոցին նկատմամբ ցուցաբերուելիք համընդհանուր հետաքրքրութիւն ծաւալելու ու արմատացնելու ծիրին մէջ այս խորհրդաժողովը անպայման պիտի ձգէ իր դրոշմը եւ ունենայ իր անշրջանցելի ներդրումը: Կը մնայ արդարօրէն յուսալ եւ ակնկալել, որ գործնականացման ընթացքը դառնայ հետեւողական եւ համակող, ինչպէս նաեւ համահունչ` գաղութի այսօրուան առաջնահերթութիւններուն:
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին համագումարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, ապա համագումարին բացումը կատարեց Վարանդա Եագուպեան, որ նշեց, թէ այս համագումարը իր բնոյթով եզակի նախաձեռնութիւն մըն է, որ առիթ է հաւաքաբար մտածելու եւ քննելու լիբանանահայ վարժարաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Ապա ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ հայ դպրոցին կարեւորութիւնը շեշտած են լիբանանահայութեան տարբեր շերտերուն մաս կազմող անհատներ` տնօրէն, արուեստագէտ, գործատէր, բժիշկ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, շրջանաւարտ, բանուոր, լրագրող, միութենական… Տեսերիզին մէջ բոլոր մասնակիցներն ալ կը շեշտեն, որ հայ դպրոցը լիբանանահայ գաղութի պահպանման գլխաւոր գրաւականն է:
Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան, որ ընդգծեց, թէ սփիւռքի գոյատեւման երաշխիքը հայ դպրոցի երթին անխափան շարունակութիւնն է` յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները: Մարտիրոսեան յայտնեց, որ այս համագումարին նպատակն է համախմբել լիբանանահայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող եւ այդ առաքելութեան իրագործման ի խնդիր ոչ մէկ ճիգ խնայող անհատներ: Արհեստագիտութեան եւ ճարտարարուեստի արագընթաց փոփոխութիւններն ու համաշխարհայնացումը կրթական համակարգը դէմ յանդիման կը դնեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, ինչպէս` կրթական ծրագիրներու ու դասաւանդման մեթոտներու վերանայում եւ այժմէականացում, արժեւորման նոր ձեւերու փնտռտուք, ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրներու վերատեսութիւն եւ արհեստագիտութեան արդիւնաւէտ ու նպատակայարմար օգտագործում: Մարտիրոսեան շեշտեց, որ առկայ հարցերուն լուծումները որոնելու համար պէտք է իմանալ հարցին էութիւնը, հաւաքել փաստացի տեղեկութիւնները, վերլուծել տուեալները եւ փորձել լուծումներ գտնել: Այս առնչութեամբ նշեալ համագումարը լաւագոյն առիթն է միասնաբար մտածելու համագործակցութեան կարելիութիւններուն եւ հարցերու լուծումներուն մասին:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առանջորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ նորակերտ Ազգային միացեալ վարժարանը ակնթարթային խանդավառութեան մը արդիւնքը չէ, այլ լիբանանահայ կեանքէն թելադրուած եզակի աշխատանք մը, որուն նպատակն է նոր կեանքի մը պայմաններուն մէջ, նոր գործիքներով մշակել մեր ածուն, եւ այդպիսով նաեւ վաղուան մեր կեանքին մէջ ապահովել մեր ազգային հաւատալիքներուն եւ հոգեկան պահանջներուն յարատեւութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Հակառակ սփիւռքեան մեր դառն պայմաններուն, մենք տակաւին ունինք մեր ինքնութեան նկատմամբ հաւատարմութեան զգացումն եւ փառք Աստուծոյ, տակաւին կրնանք մեր վաստակով արդիականացնել մեր կրթական փորձառութիւնը` անով մշակելու եւ կազմաւորելու համար մեր զաւակներուն հոգին: Պարզապէս, վաղուան մեր կեանքին համար, պարտինք մեր հաւատքով հայ դպրոցը առաւել եւս զօրացնել եւ անոր որակական բարձրացումին համար գործադրել աւելի մեծ ճիգ»: Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ հայ ծնողքը պէտք է հրաժարի ամէն տեսակի կացութեան համակերպելու իր վիճակէն եւ ըմբռնէ, որ հայ դպրոցը չի խափաներ մեր զաւակներուն զարգացումն ու վերելքը` համոզուելով, որ հայ դպրոցով մենք միաժամանակ արտաքին աշխարհին դէմ դիրք կը բռնենք եւ հայ դպրոցով արտաքին աշխարհը մեր դիմաց կը բանանք:
Կարճ դադարէ մը ետք, առաւօտեան ժամը 10:30-ին համագումարի առաջին զեկուցումը ներկայացուց Րաֆֆի Տէմիրճեան: Զեկուցումին նիւթն էր «Լիբանանահայ դպրոցին ներկայ իրավիճակը եւ մարտահրաւէրները»: Տէմիրճեան յայտնեց, որ լիբանանահայ դպրոցները ներկայիս կը դիմագրաւեն համընդհանուր կրթական համակարգ ստեղծելու, աշակերտութեան թիւի նահանջը կասեցնելու, հայագիտական դասանիւթերու պահերու թիւը վերադասաւորելու, ուսուցիչներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու, արդի դասաւանդման մեթոտները օգտագործելու, նոր դասագիրքեր պատրաստելու, ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցները օգտագործելու եւ այլ մարտահրաւէրներ: Տէմիրճեան ներկայացուց լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան եւ հայագիտական դասանիւթերու դասապահերու թուային պատկերները: «Պէտք է հաւատանք, որ տակաւին ունինք այն բաւարար մարդուժը, որով կրնանք դիմակալել մարտահրաւէրները: Պէտք է փոխենք պատկերը, բայց ատիկա պէտք չէ իրականանայ զիրար թերագնահատելով, արժեզրկելով, նսեմացնելով: Պէտք է փոխենք փոխադարձ յարգանքով եւ փորձառութիւնները օգտագործելով», հաստատեց Տէմիրճեան:
Բ. զեկուցումի նիւթն էր «Հայ ծնողքին մասնակցութիւնը եւ ցուցաբերելիք յանձնառութիւնը հայ դպրոցի առաքելութեան յաջողութեան մէջ», որ ներկայացուց Լուիզա Ազէզեան: Ան անդրադարձաւ դպրոցի ընտրութեան որոշումի ենթակայական պատճառներուն եւ գիտական մօտեցումներուն, հայ մանուկին ու պատանիին մտային եւ հոգեկան կազմաւորման վրայ օտար դպրոց յաճախելու հետեւանքներուն, ծնողք-դպրոց յարաբերութիւններու կարեւորութեան: Ազէզեան շեշտեց, որ հայ դպրոցի յաջողութեան մէջ ծնողքը ունի մեծ յանձնառութիւն եւ պատասխանատուութիւն, այլ դիտակէտէ` հայ դպրոցը պէտք է լրացնէ կրթական-արդիական ժամանակակից պահանջները, որպէսզի համապատասխան վստահութիւն ներշնչէ միջավայրին մէջ:
Դադարէ մը ետք, կէսօրուան ժամը 12:30-ին սկսաւ երրորդ նիստը, որ կը կրէր «Օտար միջավայրի մէջ գտնուող հայերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ներգրաւելու գործօնը» խորագիրը: Զեկուցաբերն էր Սեւակ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ ոչ հայկական վարժարան յաճախող կամ օտար միջավայրի մէջ մեծցող հայ փոքրիկներու իրավիճակին կամ երեւոյթին բացատրութիւն տալու կամ լուծումներ գտնելով զիրենք դարձեալ դէպի հայկական միջավայր առաջնորդելու համար նախ եւ առաջ պէտք է կատարել մասնագիտական ուսումնասիրութիւն, ինչ որ ոչ մէկ ատեն կատարած ենք: Յակոբեան ըսաւ, որ մեր միջավայրէն հեռացած հայերուն պէտք չէ տալ պիտակումներ, այլ` պէտք է գտնել եզրեր ու հայ դպրոցը վերածել հրապուրիչ կառոյցի մը, որպէսզի անոնք համախմբուին մեր միջավայրին մէջ: «Ես շատ ուրախ եմ , որ Ազգային միացեալ վարժարանը այսօր դարձած է իրականութիւն, թէկուզ քիչ մը ուշացած: Ազգային միացեալ վարժարանը իր ամէն մակարդակի հսկայութեամբ լիբանանահայութեան վերջին 20-ամեայ պատմութեան մէջ նորութիւն մըն է եւ մեծ նուաճում», ըսաւ Յակոբեան:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, ճաշի դադարին յաջորդեց Դ. զեկուցումը` նիւթ ունենալով «Հայ դպրոցին արդիականացումն ու ազգային արժէքներու գիտակցութեան ամրապնդումը»: Զեկուցումը ներկայացուց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան, որ անդրադարձաւ արդիականացման երեւոյթին եւ ներկայացուց տարբերակ մը` լիբանանահայ վարժարանի արդիականացման, երեք ուղղութիւններով` դպրոցի համակարգի արդիականացում (ֆիզիքական կառոյց, տեսլական, նպատակներ ու միջոցներ, կանոնադրութիւն, լիազօրութիւններ, կրթական օղակներ եւ պաշտօններ, եւ այլն), ուսուցչակազմի արդիականացում (մասնագիտացում, վերապատրաստութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ այլն), եւ կրթական ծրագիրի արդիականացում (աշակերտակեդրոն մօտեցում, դասաւանդման արդի, ոչ կրաւորական միջոցներ, արհեստագիտութեան օգտագործում): Դոկտ. Աւետանեան պարզաբանեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զուգորդել եւ մէկտեղել արդիականացումն ու ազգային արժէքներու ամրապնդումը: «Հայ դպրոցին արդիականացումը, խորքային ու լիիրաւ արդիականացումը ո՛չ միայն չի խաթարեր ազգային արժէքներու ամրապնդումը, այլեւ կը նպաստէ՛ այդ գործընթացին, սփիւռքեան այս գաղութին խոստանալով նոր շունչ եւ մարդուժի նոր ու ապագայակերտ որակ», եզրափակեց ան:
Համագումարի վերջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ անդրադարձաւ «Հայ դպրոցը դարբնոց մեր ազգային հաւաքական կեանքին նպաստող մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան մէջ» նիւթին: Դոկտ. Իւրնէշլեան յայտնեց, թէ գաղութի մարդուժի պատրաստութեան գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը կրէ հայ դպրոցը, որ պէտք է համապատասխան համակարգով մշակէ ծրագիրներ եւ գործնականացման միջոցներ: Ան ըսաւ, որ մարդուժի պատրաստութեան հիմքը կազմաւորումն է առաջնորդող սերունդի, որ պէտք է ունենայ ազգային ինքնութեան պահպանման ծառայող առաջնորդի տիպարը, յատկանիշները, դաստիարակութիւնը եւ ղեկավարելու արժէքները: Այս ծիրին մէջ, զեկուցաբերը հաստատեց, որ մեր դպրոցները արդիականացումի, մասնագիտացումի եւ ամբողջական համակարգի վերանայման կարիքը ունին:
Իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք, մասնակիցները յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ ներկայացուցին առաջարկները (Սեմինարի զեկուցումներն ու քննարկումները հետագային պիտի հրատարակուին մամուլին մէջ):
Աւարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, համագումարի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց համագումարի կազմակերպիչներուն, զեկուցաբերներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն: Հաւաթեան նշեց, որ Համագումարի քննարկումներուն մէջ տիրական էին անկեղծութիւնը, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, մէկզմէկու կարծիքները յարգելու դրական եւ կառուցողական մօտեցումը եւ նշեալ համագումարը մեկնակէտ ունենալու մօտեցումը` այստեղէն նոր թափով շարունակելու համար աշխատանքը: Հաւաթեան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը իր երթիքին տակ համախմբեց յարանուանական, կուսակցական, միութենական պատկանելիութիւններու վարժարանները, եւ յոյս յայտնեց, որ հարցերու լուծումները միեւնոյն ոգիով կը շարունակուին, որովհետեւ նշեալ համագումարին ներկայութեան պատկերը եւ մասնակցութիւնը հիմնական ապացոյցն է հաստատելու, որ գոյութիւն ունին տագնապներ, որոնք սակայն անլուծելի չեն, եւ որոնց յաղթահարումը կարելի է իրականացնել հաւաքական ջանքերով: