Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 16 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք ներկաներուն կողմէ բեմ բարձրացան, ապա քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք անոնք հանդէս եկան խմբային արտասանութեամբ մը: Հանդէսին եւ ասմունքին կարգախօսն  էր` «Մենք ենք մեր սարերը, մենք ենք Արցախի տէրը»:

Հայ աշակերտի վայել կեցուածքով իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ապրումով ասմունքեց իրեն բաժին ճշդուած տողերը: Անգամ մը եւս հայրենի հողէն հեռու, օտար ափերու վրայ արձագանգեցին հայ մեծանուն բանաստեղծներուն  հայրենասիրական ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ կային` հայրենիքի հանդէպ սէր, պահանջատիրութիւն, անարդարութեան դէմ պոռթկում, թշնամիին հանդէպ անզիջողութիւն եւ պայքարը շարունակելու վճռակամութիւն: Խմբային արտասանութեան յաջորդեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները `շրջանաւարտներ Սարին Նալպանտեանի, Ալին Ճուլֆայեանի եւ Սելին Փօլատեանի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ հայ պատանիներ հպարտ էին իրենց հայութեամբ եւ ուրախ` հայ դպրոց յաճախելուն համար: Անոնք թէեւ պիտի մեկնէին հայ վարժարանէն, բայց կը խոստանային, որ ո՛ւր ալ գտնուին, բարձր պիտի պահեն իրենց վարժարանին եւ հայութեան անունը:

Ուղերձներուն յաջորդեց տնօրէնութեան խօսքը: Բեմ բարձրացաւ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանը, որ ողջունեց բոլոր ներկաները եւ անդրադարձաւ անցնող կրթական տարեշրջանի հիմնախնդիրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար վարժարանին ձեռք բերած արդիւնքներուն: Ան ըսաւ. «2020-2021 տարեշրջանը կարելի է որակել  իւրայատուկ եւ եզակի: Իւրայատուկ էր ան ամէն իմաստով` կրթական, առողջապահական, նիւթական եւ շինարարական: 2019-2020 տարեշրջանի վատ պայմաններուն եւ անբնական աւարտին պատճառած ազդեցութենէն դուրս չեկած` վրայ հասաւ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը,  որ իր աւերիչ ալիքին մէջ նաեւ անմասն չպահեց մեր վարժարանը: Վերամուտը կը մօտենար: Ամէն գնով պէտք էր վերակառուցել վարժարանիս բոլոր դասարաններն ու գրասենեակները, որպէսզի կարելի ըլլար ստեղծել ամենաապահով եւ սակայն քորոնայի ստեղծած համաճարակի պատճառով տակաւին անյստակ մնացած վերամուտը»: Էքմէքճեան շեշտեց` ըսելով, որ ի տես այդ իրավիճակին` վարժարանի խնամակալութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ IOCC կազմակերպութիւնը մեծ ճիգեր ի գործ դրին վարժարանին նորոգութեան համար, իսկ Ուսումնական խորհուրդի` կրթական տարեշրջանը առցանց դասաւանդութեամբ սկսելու հեռատես որոշումը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ այդ խառնաշփոթ իրավիճակէն դուրս գալու համար: Ան աւելցնելով` ըսաւ. «Առցանց դասաւանդութեան արդիւնքները լաւապէս եւ արդարօրէն արժեւորելու նպատակով, ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու առաջարկով ու Ուսումնական խորհուրդին վաւերացումով, իւրաքանչիւր եռամիսի կիսուն ու ապա աւարտին, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերու աշակերտները դպրոց ներկայացան եւ կատարեցին իրենց գրաւոր ստուգումներն ու քննութիւնները: Կրթական աշխատանքներուն զուգահեռ, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմն ու պաշտօնէութիւնը ճիգ չխնայեցին հասնելու համար մեր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն: Արդարեւ, երկար բանակցութիւններէ ետք տնօրէնութիւնը սկսաւ գործակցիլ Anera կազմակերպութեան հետ, որ մեր բոլոր աշակերտներուն տրամադրեց վերմակներ, անձեռոցներ, հականեխիչ հեղուկներ եւ ապա 308 ընտանիքներու նուիրելով ելեկտրական սարքեր` tabletներ, հասանելի դարձուց առցանց դասաւանդութիւնը: Այդ կազմակերպութեան կողքին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւս, իր կարգին, վարժարանին նուիրեց 45 սարքեր եւ 5 համակարգիչներ:

Գրիգոր Էքմէքճեան եզրափակելով իր խօսքը` յայտնեց. «Իրօք, Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը` շնորհիւ վարժարանիս խնամակալութեան ցուցաբերած անզուգական աջակցութեան ու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի հայրական առաջնորդութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ուղղութիւններով տէրը դարձան ստեղծուած իրավիճակին ու յաջողեցան մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական կարգերու բոլոր աշակերտները պահել կրթական առողջ մթնոլորտի մէջ»: Կրթական տնօրէնը խօսքի աւարտին շրջանաւարտներուն դառնալով` աւելցուց հետեւեալը. «Այսօր կը պատրաստուիք մեկնելու դէպի կեանք. ձեր ուսուցիչները անցնող տարիներու ընթացքին ձեզի յանձնեցին այն բոլոր զէնքերը, որ դուք պէտք պիտի ունենաք դիմագրաւելու ամէն տեսակի խոչընդոտ: Գացէ՛ք ուրեմն, հայավայել կամքով ընդունեցէ՛ք ամէն տեսակի մարտահրաւէր, ձեր մասնագիտութիւններով ծառայեցէք մեր զոյգ հայրենիքներուն: Մի՛ մոռնաք, որ դուք միացեալական էք եւ հպա՛րտ»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ վկայականաց բաշխում: Բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեան եւ խնամակալութեան ատենապետ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ օրհնութեամբ աւարտական դասարանի վկայական ստացան ԺԲ. տնտեսագիտական բաժանմունքէն` Արապսէիսեան Քրիստիան, Թահմիզեան Քեւըն, Ճուլֆայեան Ալին, Յովհաննէսեան Յովիկ, Նալպանտեան Սարին, իսկ BT3 վարչագիտական բաժանմունքէն` Աւետիքեան Խաչիկ, Գալայճեան Բալիկ, Գժտըրեան Ռիթա, Կոճիկեան Աննա-Մարիա, Մահիկեան Բալիկ, Մանուկեան Խաչիկ, Յակոբեան Աննա-Թերեզա, Յակոբեան Քրիստափոր, Տեկիրմէնճեան Գոհար եւ Փօլատեան Սելին:

Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան յղեց իր պատգամը: Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Իսկապէս քանի մը  ամիսներ առաջ կարելի չէր պատկերացնել, որ այս յարկէն ներս առիթ պիտի ունենայինք դարձեալ հաւաքուելու, յատկապէս` ստեղծուած համաճարակին եւ 4 օգոստոսի ահաւոր  աւերէն  ետք: Բայց, փա՛ռք Աստուծոյ, ահաւասիկ այսօր ուրախ-զուարթ պայմաններով  հաւաքուած ենք նշելու համար հայ դպրոցին յաղթանակը: Մեր ուշադրութիւնը հետեւաբար կ՛ուղղուի դէպի այս տարուան հունձքը: Կեանքի պայմաններուն պատճառով համարեա 2 կրթական տարեշրջան հարկադրաբար հեռու մնացին հայ դպրոցէն, բայց իրենք կը վկայեն, որ հայ դպրոցը արդիական պայմաններու օգտագործումով հասաւ ամէն հայ տուն, որպէսզի իրենց կրթական կեանքը շարունակուի ըստ կարելւոյն բնական ձեւով եւ ահաւասիկ այսօր իրենք հայ դպրոցի ջամբած գիտութեամբ կը հասնին իրենց երազի առաջին հանգրուանին, կը նուաճեն իրենց հետապնդած երազին առաջին բարձունքը` ստանալով հայ դպրոցի կարեւոր այս վկայականը, որ իրենց դիմաց պիտի բանայ բազմաթիւ դռներ, որպէսզի յառաջիկային  նուաճեն յաւելեալ բարձունքներ, գագաթներ»: Սրբազան Հայրը շրջանաւարտներուն մաղթեց հետեւեալը. «Մեր մաղթանքն է, որ բաժնուելով հայ դպրոցէն` չանջատուիք անկէ, այլ մնաք անոր մօտ, որպէսզի ապագային ձեր ներդրումով առաւել եւս ճոխացնէք եւ արդիականացնէք հայ դպրոցին վաստակը, որպէսզի հայ դպրոցը իր կենարար առաքելութեամբ շարունակէ ազգային շունչով ու նկարագիրով սերունդներ դաստիարակել` ի խնդիր մէկ եւ միացեալ հայութեան»: Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց հայ դպրոցին դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ` «Հայ դպրոցը անկասկած սփիւռքեան այս պայմաններուն մէջ մեր կարեւորագոյն յենարանն է, մեր ամրութեան երաշխիքը: Առանց հայ դպրոցի` մեր կեանքը ազգային հասկացողութեամբ անապատի պիտի վերածուի: Ե. դարուն միայն այբուբենի գիւտ տեղի չունեցաւ, այլ մեր ժողովուրդը վճռեց հայօրէն ապրիլ, այդ իսկ պատճառով մեծով պզտիկով ամէն մարդ դիմեց դէպի իմացական լոյսին, որով իր կեանքը վարեց ու տոկաց ամէն տագնապներու: Ահաւասիկ ան իր կեանքը կը շարունակէ հայօրէն ու հպարտօրէն կանգնելով քաղաքակիրթ բոլոր ժողովուրդներուն կողքին: Հետեւաբար կը մաղթենք, որ յառաջիկայ օրերը ըլլան աւելի բարենպաստ` մեզի եւ հայ դպրոցին համար: Կը հաւատանք, որ  մեր դիմաց պիտի բացուին բնականոն պայմաններ, խանդավառութիւն ու ոգեւորութիւն պիտի տիրէ մեր մէջ, եւ այդ ոգեւորութիւնը տարածուի հայ դպրոցին, մեր զաւակներուն ճամբով: Հետեւաբար կը շնորհաւորենք շրջանաւարտները եւ գալիք բոլոր հունձքերը, զորս հայ վարժարանը պիտի կերտէ, որպէսզի հայ աշխարհի ջրտուքը ընդմիշտ շարունակուի»:

Սրբազան Հօր պատգամէն ետք շրջանաւարտները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները: