Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը:

Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս իրենց միտքերն ու հոգիները լեցուցին Մեսրոպի շունչով ու ոգիով, հայոց այբուբենը եւ պատմութիւնը միշտ բարձր պահելով` երգեցին ու արտասանեցին հայերէն:

Խանդավառութեամբ անոնք երգեցին «Մեր լեզուն»,  արտասանեցին «Գիրքը», «Հայ լեզուն տունն է հայուն», «Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Հայերէն» ստեղծագործութիւնները, ապա հանդէս եկան հայ գիրերու գիւտին նուիրուած իրենց իսկ պատրաստած ներկայացումով: Յատկանշական էր աշակերտներուն ցուցաբերած ոգին ու հաւատքը հայ գիրերու ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր աշակերտներուն հանդէպ:

Ձեռնարկի աւարտին օրուան պատգամը տուաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպի գիւտին կարեւորութիւնն ու անդրադարձը: Քահանայ հայրը թելադրեց գօտեպնդուիլ Մեսրոպի հաւատքով` պահպանելով հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութիւնն ու արժէքները:

Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Տօնակատարութիւն

Իսկ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներով սկսաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը:

Ապա բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Գազանճեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ տօնէ իր սեփական գիրերուն տարեդարձը: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ իր գրիչները սուրբ հռչակէ: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ դպրութեան աստուած ունենայ: Հայը ունի՛ այս բոլորը եւ պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր ունեցած հարստութեան` հայ լեզուին, հայ մշակոյթին, հայ հողին ու Հայաստանին»:

Բացման խօսքէն ետք Է. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մեսրոպաբոյր»-ը: Ապա ԺԱ. դասարանէն Արազ Էլէյճեան ներկայացուց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց»-ը, որմէ ետք «Ով հայոց տառեր» մեներգով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Նաթալի Տեկիրմենճեանը:

Ը. կարգէն Հերմիկ Աբրահամեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Միայն մէկ գիր»-ը, իսկ Ժ. դասարանէն Սէրլի Գալայճեանը` Պարոյր Սեւակէն «Եւ այր մի Մաշտոց անուն» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Մեր այբուբենը»: Այնուհետեւ ԺԱ. դասարանէն Դրօ Միրզայեանը ներկայացուց մենախօսութիւն մը` «Հայերէն առաջին լրագիրս»:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Թարգմանչաց սերունդին վաստակը եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին անմահ գործը, որմէ ծնաւ հայ ժողովուրդի հարազատ ոգին` իր իմացականութեամբ, զգայնութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ հայակերտման եւ հայապահպանման դարբնոց: Շահէ եպս.  Փանոսեան ըսաւ. «Դպրոցին մէջ պէտք է պայքարիք հայ լեզուին տիրանալու համար, պէտք է սիրէք հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը եւ ձեր սորվածով նոր կենդանութիւն պարգեւէք գիրքերուն մէջ պահուած մեր մշակութային նուիրական արժէքներուն, որպէսզի անոնցմով մեր ժողովուրդին դիմաց բանաք դէպի բարձունքներ տանող ճանապարհներ»:

Իր խօսքի աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մեր ժողովուրդին մղած պայքարը Թարգմանչաց յիշատակով պէտք է նոր ուժականութիւն ստանայ մեր դպրոցներէն ու համայնական աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի օտարացումի, յուսալքումի եւ նահանջի մատնուած մեր ժողովուրդը դարձեալ սթափի եւ իր կեանքը առաջնորդէ դէպի նոր ոսկեդար: