Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք

Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ էին Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ, բարերարներ, առաջնորդարանի ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնող հայորդիներ:

Հաւաքը սկսաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ:

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան Ազգային վարչութեան անունով  ողջունեց առաջնորդարանի բարեկամներն ու բարերարները, ապա իր խօսքին մէջ ըսաւ,  թէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը վերջին 60-70 տարիներուն իր տեղն ու դերը ունեցած է լիբանանահայութեան պատմութեան, պայքարին, Հայ դատի պաշտպանութեան եւ ազգի արժանապատուութեան պահպանման գործին մէջ: Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ կազմաւորուած սերունդները պատիւ բերած են հայ ազգին, իսկ այսօր եկած է ժամանակը, որ նոր սերունդները նոյն պատրաստուածութեամբ, նոյն կարողականութեամբ եւ արդի ժամանակներուն պատշաճող պայմաններու մէջ ստանան նոր ուսում, նոր կրթութիւն  եւ հայութեան ապագան երաշխաւորող նոր տուեալներով օժտեն հայ հասարակութիւնը: Յ. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ տարուած հսկայ աշխատանքը գաղութի ապագային համար կը կատարուի, հետեւաբար համայն  հայութեան եւ նաեւ հայրենիքին համար:

Ան իր խօսքին աւարտին խորին յարգանք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն ժողովականներուն, որոնք անցնող 20-25 տարիներուն իրենց մտածումներով հիմը դրած են նման արդիական դպրոցի ծրագիրի մշակման եւ իրականացման, շինարարական յանձնախումբերուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատած են կառոյցի համալրման համար: Յ. Հաւաթեան ըսաւ նաեւ, թէ հանդիպումներու շարքը նախատեսուած է իրականացնել ընթացիկ ամսուան մէջ, որ ազգայինները, պատասխանատուները, ժողովուրդի տարբեր խաւերու ներկայացուցիչները իրազեկ դառնան տարուած աշխատանքին եւ մասնակցութիւն բերեն աշխատանքի համալրման, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ այս կառոյցը հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին համար է:

Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Նախանձախնդիր ենք, որ այս կառոյցը անպայման իր նոր կարելիութիւններուն կողքին անձնակազմի եւ կրթական պատասխանատուներու իմաստով պիտի համալրուի նոր եւ մասնագէտ, արդի մանկավարժական բոլոր սկզբունքները իւրացուցած անհատներով, որոնց համար նախանձախնդիր է մեր ազգային առաջնորդարանի կառոյցը»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ շինարարական յանձնախումբին մաս կազմած Վահան Գասարճեան: Ան ըսաւ. «Յամառօրէն կառչած մնացինք այս դժուարին աշխատանքին եւ ամէն ճիգ ի գործ դրինք, որ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի, ու կառուցման աշխատանքները սկսին: Բնական է, որ ամէն նոր ծրագիրի իրականացման ճամբան լեցուն կ՛ըլլայ խոչընդոտներով եւ գործը դժուարացնող խրթին պարագաներով, բայց մենք ձեռք-ձեռքի տալով յաղթահարեցինք ամէն դժուարութիւն ու մէջտեղ բերինք այս հսկայ ու հայութեան համար չափազանց անհրաժեշտ կառոյցը: Հիացած եմ այս կառոյցով եւ հպարտ եմ, որ ես ալ մասնակցութիւնս բերած եմ անոր կառուցման` շինարարական յանձնախումբին մաս կազմելով:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին, հոգեւոր առաջնորդներուն, հայ քաղաքական գործիչներուն, ապա ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ հայութեան քաղաքականութիւնը կը թեքի դէպի ուսում, որ առաջնահերթութիւն է: Աշխարհը հետզհետէ անկայուն կը դառնայ, կ՛աղքատանայ եւ եկամուտի զգալի նուազում կ՛արձանագրուի: Իսկ մենք այս բոլորին ականատես ըլլալով պէտք է առաջ երթանք ուսումնառութեամբ: Ուսումն է մեր ապագան: Մեր սերունդները պէտք է բարձրորակ ուսում եւ կրթութիւն ստանան, որպէսզի զարգանանք»:  Վ. Սապունճեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են վարժարանի կառուցման աշխատանքներու յաջողութեան, եւ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին պիտի օգնեն եւ ներդրում ունենան կառոյցի համալրման մէջ:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան- Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, որ դպրոցը ապագայ հայ սերունդները կերտելու միակ եւ լաւագոյն կռուանն է: Մենք պիտի աշխատինք մանկավարժական նոր տեսութիւններ օգտագործելով հայ աշակերտներու նկարագիրը կազմաւորել, որպէսզի վաղուան սերունդը անպայման ունենայ ստեղծագործ միտք, քննական մտածողութիւն, եւ ստեղծագործելու հրաշալի կարողութիւն եւ հմտութիւն: Իր խօսքի աւարտին Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` իրենց  գործակցութեան եւ ներդրումին համար:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը օրհնաբանական աղօթք կատարեց: Ապա իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը բացառիկ իրագործում մըն է հայ հաւաքականութեան համար: Անիկա կը վերաբերի վաղուան կեանքին, հայ սերունդներու նկարագիրի կազմաւորման գործին: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ազգային առաջնորդարանը տնտեսական ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ քաջութիւնը ունեցած է դիմելու նման լուրջ աշխատանքի, որպէսզի հայութեան նկարագիրը պահպանուի եւ գալիք ժամանակներուն անիկա կերտուի մատղաշ սերունդին մէջ, որպէսզի հայ ազգը իրաւունք ունենայ ըլլալու պատնէշին վրայ:

«Մեր դպրոցները ունեցած են անհատ բարեկամներ, բարերարներ, բայց մեր դպրոցները ոտքի կանգնած եւ պահուած են մեր ժողովուրդին ընդհանուր մասնակցութեամբ: Կասկած չունինք, որ ամէն մարդ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ներդրում պիտի ունենայ դպրոցի մը կերտման աշխատանքին մէջ, որպէսզի հայ հաւաքական կեանքը ուղղուած մնայ դէպի ազգային իտէալները եւ դարաւոր երազները», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը, ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն եզրափակեց. «Վա՛րձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք փոթորիկներ դիմագրաւելով առիթ ընծայեցին, որ կրթական այս հսկայ համալիրը իրականութիւն դառնայ: Դպրոցը կարիք ունի բարերարներու, բարեկամներու, կարիքը ունի դպրոցի առաքելութեան հաւատացողներու. շնորհակալ եմ, որ կը միանաք այդ խումբին»:

Յայտնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու հանդիպումները պարբերաբար պիտի շարունակուին այս ամսուան ընթացքին, եւ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ: