Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ ներս տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնին եւ Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, անձնակազմին, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն: Ներկայ էին նաեւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչները:
Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան բացման խօսքով ներկայացուց հաւաքին նպատակը եւ օրուան զեկուցաբերները: Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի կրթական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ վարչական այլ աշխատանքներուն` հաստատելով, որ նորակառոյց վարժարանը պիտի ձգտի արդիական մեթոտներու օգտագործումով ժամանակակից ուսում ջամբել նորահաս սերունդներուն եւ միաժամանակ անոնց մէջ դարբնել ազգային պատկանելիութեան ամուր գիտակցութիւն: Ան աւելցուց, որ վարժարանի կրթական ծրագիրը պիտի հիմնուի աշակերտակեդրոն կրթական ըմբռնողութեան եւ մեթոտներու վրայ: Այս իմաստով աշակերտը, յատկապէ՛ս նախակրթարանի բաժինի պարագային, դպրոցին մէջ արդէն գրեթէ սորված պիտի ըլլայ իր դասանիւթերը եւ կարելիութիւն պիտի ունենայ տնային իր պարտականութիւնները առաւելագոյն չափով կատարելու առանձին` առանց ծնողական օժանդակութեան: Ժամանակակից մեթոտներու օգտագործումով, նոր վարժարանը պիտի ձգտի աշակերտութեան մօտ ստեղծել այն մթնոլորտը, որ անոնք սիրայօժար եւ հաճոյքով նաեւ տան մէջ կարենան իրենց սերտողութեան ժամանակ յատկացնել:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ Ազգային միացեալ վարժարանի գաղափարի ստեղծման, ինչպէս նաեւ շինարարական աշխատանքներու հոլովոյթին` հաստատելով, որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հազուագիւտ է այսպիսի նիւթական մեծ ներդրումով կրթական արդիական համալիրի մը կառուցումը: Ան աւելցուց, որ Ազգային առաջնորդարանը անցնող 20 տարիներուն ազգային բոլոր վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութիւնը պահելու գործին մէջ թափած է հսկայական ճիգ, կատարած է մեծ ներդրում եւ այս համալիրին կառուցումով կը հաւատայ որ նորահաս սերունդներու տրամադրութեան տակ ուսումնական արդի կարելիութիւններով օժտուած գեղեցիկ կառոյց մը կը դնէ` քաջ գիտակցելով, որ մեր ծնողները համապատասխան գիտակցութեամբ պիտի արժեւորեն աշխատանքը եւ իրենց զաւակները առաջնորդեն հայ դպրոց:
Անդրադառնալով կրթաթոշակներուն` Հաւաթեան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն վարժարանն է եւ անոր հիմնական առաքելութիւնը ներկայ ժամանակներուն համահունչ մթնոլորտ ստեղծելու ու համապատասխան մարդուժ պատրաստելու առաքելութեան մէջ կը կայանայ: Կրթաթոշակներու պարագային, մեկնելով իւրաքանչիւր ընտանիքի ընկերային-տնտեսական կարելիութիւններէն եւ համապատասխան քննարկումներու հիման վրայ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի ֆոնտերու ճամբով 10-էն մինչեւ 90 առ հարիւր զեղչ կատարելու, որպէսզի ոչ մէկ աշակերտ հայկական դպրոցէ ու հայեցի կրթութենէ զրկուի` աւելցնելով, որ ծնողք-կրթական պատասխանատուներ փոխադարձ հասկացողութեան գործօնի ամրակայումով կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել բոլոր մարտահրաւէրները եւ նուաճել յաջողութիւններ: Վերջապէս, ան հաստատեց, որ հայկական տարբեր շրջաններէ աշակերտութեան փոխադրութիւնը պիտի ապահովուի ձրի եւ փոխադրութեան ծախսերը պիտի հոգայ Ազգային Միացեալ վարժարանը:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ հաստատեց, որ մեր հաւաքական կեանքը ժամանակի հոլովոյթին հետ կարիքը ունի մնայուն վերանորոգման, վերաթարմացման եւ արդի պայմաններու պատշաճեցման: Անցնող աւելի քան 50 տարիներուն մեր վարժարանները եւ անոնց մէջ ծառայած երախտաւորները շնորհակալ աշխատանք տարին եւ պատրաստեցին պատկառելի սերունդ: Այսօ՛ր, Ազգային առաջնորդարանը այս նոր կառոյցին ստեղծումով կը փորձէ նոյն առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորել եւ մեր ազգի զաւակները պահել հայկական մաքուր ու գեղեցիկ միջավայրի մէջ: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ անվերապահօրէն իրենց զաւակները վստահին հայ դպրոցին, ինչպէս նաեւ այդ մթնոլորտը դարձնեն համակող իրենց անմիջական միջավայրին մէջ: Վերջապէս, սրբազան հայրը գնահատեց Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք նորահաս սերունդներու պատրաստութեան գործին մէջ կատարած են շնորհակալ աշխատանք:
Հանդիպումի աւարտին առիթ տրուեցաւ ծնողներուն ուղղելու իրենց հարցումները ու ստանալու համապարփակ բացատրութիններ եւ լուսաբանութիւններ: