Ազգային միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանին «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ:
Մանկապարտէզի Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն այս տարուան ներկայացման առանցքը կը կազմէր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Անոնք հետաքրքրական ձեւով հանդէս եկան «Կար ու չկար…» խորագիրը կրող թատերական կարճ ելոյթներով եւ սրահը լեցուցած հիւրերուն ու ծնողներուն հրամցուցին Թումանեանի` «Բարեկենդանը», «Ծիտը», «Քաջ Նազարը», «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» եւ «Անբան Հուռին» հեքիաթներէն հատուածներ:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ:
Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտները միասնաբար բացման պարը կատարեցին` սրահէն բեմ բարձրանալով «Հայաստան ջան» երգին խանդավառ երաժշտութեան տակ:
Իրար յաջորդեցին` «Տի էյնշընթ պլեսինկ» խմբային արտասանութիւնը (Ծաղիկ 1), «Ճոր-ճոր ճօճանակ» խմբերգը (Ծաղիկ 1), «Իմ տիկնիկն ես» (Ծիլ), «Ծիտիկին երգը» (Ծաղիկ 2), «Նաքիլի ահլա զահրա» երգը (Ծաղիկ 2), «Նասամ ալայնա ալ հաուա» արաբական պարը (Ծաղիկ 1), «Սասնայ եարխուշտայ» (Կոկոն 1), «Արեւիկ» ուրախ պար (Բողբոջ 2) եւ «Հա նինօ» պարը (Կոկոն 2):
Երգերն ու պարերը համեմուած էին թատերական հատուածներով: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները եզրափակեցին հանդէսը` ըսելով, թէ իրենք ուրախ են, որ կը մեծնան Թումանեանի ոգիով, որուն «հեքիաթներն իմաստուն կը շրջին տունէ տուն ու մեզի կը բերեն երջանիկ մանկութիւն»:
«Հայ-հայ» փակման պարը կատարեցին Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները:
Այնուհետեւ, ձեռամբ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, կատարուեցաւ 33 աշակերտներու վկայականներու բաշխումը:
Ան շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, փառք եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը ամենայն յաջողութեամբ եւ հպարտութեամբ հասած է իր աւարտին:
«Այսօր Ազգային միացեալ վարժարանը դարձաւ նաեւ եկեղեցի, դարձաւ նաեւ հայրենիք, որովհետեւ այս անմեղ հրեշտակները եկան եւ ուրախացուցին մեզ, եկան եւ ցոյց տուին, որ մեր հայ աշակերտները ոչ միայն ազգային շունչով, իրենց ուսման մակարդակով, այլ իրենց տեսիլքով հայ աշակերտներ են, որովհետեւ ոչ միայն կը ստանան հայեցի կրթութիւն, այլ կը վայելեն այս գեղեցիկ փոքր եկեղեցւոյ ընտանեկան մթնոլորտը», ըսաւ ան:
Ան, ի տես աշակերտներուն ունեցած անմեղ եւ հարազատ զգացումներուն, դրուատեց անոնց իրար հանդէպ ունեցած վերաբերումը, հոգատարութիւնը եւ գուրգուրանքը:
Մեծ ուրախութեամբ գնահատեց աշակերտներուն ժպիտը, համարձակութիւնը, կազմակերպուածութիւնը եւ միասնակամութիւնը: Ան ըսաւ. «Պատի՛ւ առաջին հերթին մեր սիրելի տնօրէն խորհուրդին, վարձքը կատար եւ պատի՛ւ մեր ուսուցիչներուն եւ հազա՛ր պատիւ եւ երախտագիտութիւն մեր սիրելի ծնողներուն, որոնք հաւատքը ունին հայ դպրոցի առաքելութեան, հայ դպրոցի պատրաստակամութեան եւ միշտ անոր կողքին են»:
Հայր սուրբը եզրափակեց` իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն. «Սիրելի՛ ծնողներ, վստահ եղէք, ո՛ւր որ երթաք, ազգային վարժարանի բոյրը տարբեր է, ոչ թէ որովհետեւ մերն է, այլ որովհետեւ այսօր կը վայելէք արդիւնքը: Ո՛ւր որ երթաք, հայ ուսուցիչը յատուկ է, հայ աշակերտը երանելի է: Հայ դպրոցը եւ եկեղեցին հայրենիք են: Պահեցէք հայրենիքը, պայծառացուցէք, միշտ եղէք հայ դպրոցի կողքին: Կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի աշակերտներուն մանկապարտէզի վկայականը, թող այս վկայականը իրենց համար ըլլայ միշտ սկիզբ` ծաղկելու հայ դպրոցով, հայ առաքելութեամբ, հայ տեսիլքով, հայ եկեղեցիով եւ հայ շունչով»:
Վկայականներ ստացան հետեւեալ աշակերտները. Ծաղիկ 1` Աշճեան Մարիսելլա, Գազանճեան Էվանճելին, Գարտանաքեան Ճենի, Եաղճեան Մարիա, Թութճեան Ալեքսանտրա, Իշխանեան Մելինա, Իշխանեան Ճիաննա, Մաճառեան Կասիա, Պեքարեան Սարին, Սեֆէրեան Թիա, Տալտալեան Անահիտ , Տուտաքլեան Մեղրի, Գասապեան Սթիւըն, Գոյունեան Յովիկ, Եագուպեան Կրէկ, Տողրամաճեան Հրաչ, իսկ Ծաղիկ 2` Անտեքեան Աննա-Մարիա, Զոպույեան Էլիզապէթ, Թիւթիւնճեան Քաթրին, Ղազար Աննա-Մարիա, Մուշլեան Մարիպէլ, Նագաշեան Նաթալի, Նալպանտեան Մարալ, Սարաֆեան Փիա, Տէր Սահակեան Սէլին, Տէր Սահակեան Սէրլի, Գէորգեան Քեւըն, Հատտատ Էլիա, Չափատարեան Սերժ, Տէր Սահակեան Ճէյսըն, Տոմպուրեան Նարեկ, Քիւլէքճեան Մարք եւ Քորքիս Էլի: